Համայնավար գաղափարախօսութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ

ԳԱՅՈՒՇ ՉԱԼԸՔՄԱՆ ԿԱՎՐԻԼՈՖ

Մօտա­­ւո­րա­­­­պէս մէկ դա­­­րու հե­­­ռաւո­­­րու­­­թեամբ եր­­­կու անուններ՝ Ռի­­­կաս եւ Փա­­­րամազ նոյն նպա­­­տակի հա­­­մար նման կո­­­չերով հան­­­դէս եկան։ Երկուքն ալ խնդիր ու­­­նէին բռնա­­­տիրու­­­թեան հետ։ Անջա­­­տողա­­­կան­­­ներ չէին, երկրի ժո­­­ղովուրդնե­­­րը տա­­­րան­­­ջա­­­­­­­տելու փո­­­խարէն կը ձգտէին տար­­­բեր ազ­­­գութիւննե­­­րը դա­­­սակար­­­գա­­­­­­­յին գի­­­տակ­­­ցութեան մը մէջ մէկ­­­տե­­­­­­­ղելու։ Տա­­­կաւին հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վար անո­­­ւանու­­­մը հան­­­րա­­­­­­­ծանօթ չէր դար­­­ձած, երբ Ռի­­­կաս Ֆրան­­­սա­­­­­­­կան մեծ յեղ­­­րա­­­­­­­փոխու­­­թե­­­­­­­նէ ազ­­­դո­­­­­­­ւելով հա­­­ւասա­­­րութեան եւ բա­­­րեկա­­­մու­­­թեան հիմ­­­քե­­­­­­­րու վրայ Օս­­­մա­­­­­­­նեան երկրէ ներս ալ ժո­­­ղովրդա­­­վարա­­­կան յե­­­ղաշրջում մը իրա­­­կանաց­­­նել կը ջա­­­նար։ Այդ հե­­­ռան­­­կա­­­­­­­րով սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան նա­­­խագիծ մը պատ­­­րաստող Ռի­­­կաս ազ­­­գա­­­­­­­յին ինքնու­­­թիւնը կամ կրօ­­­նի տար­­­բե­­­­­­­րու­­­թիւննե­­­րը ան­­­տե­­­­­­­սող հա­­­ւասար քա­­­ղաքա­­­ցիու­­­թեան մը առա­­­ջար­­­կը կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէր։ Աւե­­­լի քան 100 տա­­­րի ետք «Երա­­­նի յա­­­ջողէր» կ՚ըսենք Փա­­­ռամա­­­զի առա­­­ջար­­­կած Դաշ­­­նակցան­­­կան Անա­­­տոլիայի մը գա­­­ղափա­­­րին։ «Մեր պա­­­հան­­­ջա­­­­­­­ծը հա­­­ւասա­­­րու­­­թիւն է։ Ազ­­­գայնա­­­կան­­­ներ չենք։ Կ՚առա­­­ջար­­­կենք հայ, թուրք, քիւրտ, ալե­­­ւի, լազ, եզ­­­դի, ասո­­­րի, արաբ, ղպտի­­­ներու հա­­­մակե­­­ցու­­­թիւնը։ Որ­­­պէս յե­­­ղափո­­­խական կը հա­­­ւատամ այս նպա­­­տակին։ Կը պա­­­հան­­­ջենք թէ երկրի բո­­­լորո ժո­­­ղովուրդնե­­­րը իրենց ազատ կամ­­­քով ընտրեն երկրի վա­­­րիչ­­­նե­­­­­­­րը։ Այս բա­­­նը կը ցան­­­կանք յա­­­նուն Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նի ամ­­­բողջ բնակ­­­չութեան եւ Օս­­­մա­­­­­­­նեան Պե­­­տու­­­թեան բո­­­լոր ժո­­­ղովուրդնե­­­րուն»։

Նկա­­­տած էք թէ որ­­­քան ու­­­շագրաւ է այս եր­­­կու յե­­­ղափո­­­խակա­­­նի գե­­­րազ­­­գա­­­­­­­յին մեր­­­ձե­­­­­­­ցու­­­մը։ Այ­­­սօր Թուրքիոյ մէջ իբ­­­րեւ ձա­­­խակող­­­մեան կամ ըն­­­կերվա­­­րական ներ­­­կա­­­­­­­յացող­­­նե­­­­­­­րու մե­­­ծամաս­­­նութիւ­­­նը Քե­­­մալա­­­կան եւ ազ­­­գայնա­­­կան դրդումնե­­­րով դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով կը քօ­­­ղար­­­կեն պատ­­­մութեան այս հա­­­տուա­­­ծը։ Քա­­­տիր Աքըն «Քօ­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւած Պատ­­­մութեան Հետ­­­քե­­­­­­­րով» անուն գիր­­­քով ահա կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ այս քօ­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւած պատ­­­մութիւ­­­նը։ Ան նա­­­խապէս ալ «Հայ Յե­­­ղափո­­­խական Փա­­­ռամա­­­զը» անուն գիր­­­քով ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րու լայն զան­­­գո­­­­­­­ւածի մը ծա­­­նօթա­­­ցու­­­ցած էր Թուրքիոյ պա­­­շօտա­­­նական պատ­­­մութեան տե­­­սու­­­թեան կող­­­մէ ան­­­ջա­­­­­­­տողա­­­կան հայ ազ­­­գա­­­­­­­յանա­­­կան­­­ներ ըլ­­­լա­­­­­­­լով նկա­­­րագ­­­րո­­­­­­­ւած Հնչա­­­կեան կու­­­սակցու­­­թեան այս առա­­­ջատար գոր­­­ծի­­­­­­­չը։

Քա­­­տիր Աքըն այս ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնով կը հրա­­­պարա­­­կէ Օս­­­մա­­­­­­­նեան Կայ­­­սութեան մէջ հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վար գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թիւննե­­­րու ձե­­­ւաւո­­­րու­­­մը Նոյ­­­նիսկ քիչ մը աւե­­­լի խո­­­րը իջ­­­նե­­­­­­­լով ԺԸ դա­­­րէն յոյն յե­­­ղափո­­­խական Ռի­­­կասով մեկ­­­նարկող եւ 1908-ի սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան եր­­­կա­­­­­­­րող Մարքսա­­­կան գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թեան պատ­­­մութիւ­­­նը։

«Քօ­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւած Պատ­­­մութեան Հետ­­­քե­­­­­­­րով» հա­­­տորը լոյս տե­­­սած էր նա­­­խորդ տա­­­րուայ ամա­­­ռուայ ամիս­­­նե­­­­­­­րուն։ Գիր­­­քը շու­­­տով ար­­­ժա­­­­­­­նացաւ երկրորդ տպագ­­­րութեան։ «Տիփ­­­նոթ» հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան մա­­­տենա­­­շարէն լոյս տես­­­նող այս 390 էջա­­­նի ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թիւնը կը բա­­­ցուի հե­­­ղինա­­­կի նե­­­րածա­­­կանով, որուն կը յա­­­ջոր­­­դէ Էր­­­թուղրուլ Քիւրքչի­­­ւի գրի առած նա­­­խաբա­­­նը։ Առա­­­ջին բաժ­­­նին մէջ կ՚ու­­­սումնա­­­սիրո­­­ւի կայսրու­­­թեան անկման շրջա­­­նին զու­­­գա­­­­­­­հեռ ըն­­­թա­­­­­­­ցող արեւմտայ­­­նացման եւ ար­­­դիակա­­­նաց­­­ման հո­­­սանքնե­­­րը։ Յոյն յե­­­ղափո­­­խական Ռի­­­կասի հե­­­ղինա­­­կած սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան օրո­­­ւայ թա­­­գաւոր Սե­­­լիմ Գ.-ի կող­­­մէ մեր­­­ժո­­­­­­­ւելուն եւ նոյն սուլթա­­­նի հրա­­­մանով սպա­­­նու­­­թե­­­­­­­նէն աւե­­­լի քան կէս դար ետք հա­­­յոց սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան ըն­­­դունե­­­լու­­­թիւն գտնե­­­լը։

Ապա կ՚անցնինք գիր­­­քի երկրորդ բա­­­ժինը եւ առա­­­ջին բաժ­­­նի են­­­թա­­­­­­­պատ­­­կե­­­­­­­րին վրայ այս ան­­­գամ կը տես­­­նենք Կայսրու­­­թեան առա­­­ջին սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութե­­­նէն՝ «Քա­­­նու­­­նը Էսա­­­սի»էն ձանձրա­­­ցած Խորհրդա­­­րանը լու­­­ծած Կար­­­միր Սուլթան ածա­­­կանով ծա­­­նօթ Հա­­­միտ Բ.-ի շրջա­­­նը։ Սուլթա­­­նի վա­­­խերով ան­­­տա­­­­­­­նելի դար­­­ձած քա­­­ղաքա­­­կան ճնշումնե­­­րու տակ նոր միտքե­­­րու, նոր գա­­­ղափար­­­նե­­­­­­­րու ծի­­­լար­­­ձակման շրջանն ենք։ Երիտ Թուրքե­­­րը կը մէկ­­­տե­­­­­­­ղուին կու­­­սակցու­­­թեան մը շուրջ եւ ան­­­դին ար­­­դէն կը գոր­­­ծեն ՍԴՀԿ եւ ՀՅԴ։ Զան­­­գո­­­­­­­ւածա­­­յին բո­­­ղոքի ցոյ­­­ցեր, ժո­­­ղովրդա­­­կան դի­­­մադ­­­րութիւն, հայ ֆե­­­տայիական միաւո­­­րումներ ու վեր­­­ջա­­­­­­­պէս Իթթնհատ եւ Թե­­­րաք­­­քի, այ­­­սինքն միացում եւ զար­­­գա­­­­­­­ցում կու­­­սակցու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թիւնը այս երկրորդ բաժ­­­նի նիւ­­­թերն են։

Հա­­­տորի եր­­­րորդ եււ վեր­­­ջին բաժ­­­նի մէջ սահ­­­մա­­­­­­­նադ­­­րութեան հռչա­­­կու­­­մը, Խորհրդա­­­րանի վե­­­րաբա­­­ցու­­­մը եւ զի­­­նեալ ապստամ­­­բութե­­­նէ հրա­­­ժարող Հնչա­­­կեան եւ Դաշ­­­նա­­­­­­­կեան ֆե­­­տայի­­­ներու իրենց կու­­­սակցու­­­թեան եւ նոյ­­­նիսկ Իթ­­­թի­­­­­­­հատա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու ցան­­­կե­­­­­­­րէն Խորհրդա­­­րան մուտք գոր­­­ծե­­­­­­­լը այս եր­­­րորդ բաժ­­­նին նիւ­­­թերն են։ Հոն նաեւ կ՚ար­­­ծարծուին քա­­­ղաքա­­­կան կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րու յա­­­րաբե­­­րու­­­թիւննե­­­րը, բա­­­ցի հա­­­յերէ, յոյն եւ հրեայ ըն­­­կերվա­­­րական­­­նե­­­­­­­րու աշ­­­խա­­­­­­­տու­­­թիւննե­­­րը եւ Օս­­­մա­­­­­­­նեան ըն­­­կերվա­­­րական կու­­­սակցու­­­թեան հիմ­­­նադրու­­­թիւնը։ Այս հա­­­տուա­­­ծի հե­­­տաքրքրա­­­կան պա­­­տումնե­­­րէն մէկն ալ Խորհրդա­­­րանի հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վար պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րէն Համ­­­բարձում Պո­­­յաճեան, Վարդգէս Սե­­­րեն­­­կիւլեան, Վա­­­հան Փա­­­փազեան եւ Տի­­­միթ­­­րի Վլա­­­հոֆի իրենց մի­­­ջեւ կազ­­­մած խմբակ­­­ցութիւնն է։ Այս խմբա­­­կը բա­­­նուոր­­­նե­­­­­­­րու իրա­­­ւունքնե­­­րու, հար­­­կա­­­­­­­հաւաք­­­ման կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րու ար­­­դա­­­­­­­րաց­­­ման, հո­­­ղի սե­­­փակա­­­նու­­­թիւնը դա­­­սաւո­­­րելու, Պե­­­տական Գան­­­ձի կրթու­­­թեան եւ ուսման հա­­­մար բա­­­րելաւ­­­ման, կնոջ իրա­­­ւուքնե­­­րու եւ զին­­­ծա­­­­­­­ռայու­­­թեան օրէն­­­քի նման նիւ­­­թե­­­­­­­րու մէջ յա­­­ճախ ամ­­­պիոն բարձրա­­­նալով այս նիւ­­­թե­­­­­­­րէն ան­­­տե­­­­­­­ղեակ պատ­­­գա­­­­­­­մաւոր­­­նե­­­­­­­րը իրենց ելոյթնե­­­րով իրա­­­զեկ դար­­­ձուցած են։ Քա­­­նի կը խօ­­­սինք կնոջ իրա­­­ւունքնե­­­րու մա­­­սին պար­­­տիմ նշել թէ այս Խորհրդա­­­րանին մէջ ոչ մէկ կին եղած է։ Դար­­­ձեալ այս բաժ­­­նի մէջ կը կար­­­դանք իշխանութիւնը նուաճող Իթ­­­թի­­­­­­­հատա­­­կան­­­նե­­­­­­­րու, յե­­­ղափո­­­խու­­­թիւնով գա­­­հըն­­­կէց ըրած Կար­­­միր Սուլթա­­­նի ռազ­­­մա­­­­­­­վարու­­­թիւննե­­­րը նոյնութեամբ իւ­­­րացնե­­­լու եւ գոր­­­ծադրե­­­լու երե­­­ւոյթնե­­­րը։

Մին­­­չեւ եր­­­րորդ բա­­­ժին «Երա­­­նի»նե­­­րով ըն­­­թա­­­­­­­ցող ըն­­­թերցու­­­մը այս բաժ­­­նին մէջ բա­­­ւակա­­­նին ցնցիչ կեր­­­պով զու­­­գա­­­­­­­հեռ­­­ներ կը գո­­­յաց­­­նէ այ­­­սօ­­­­­­­րուայ քա­­­ղաքա­­­կան ան­­­ցուդար­­­ձնե­­­րու հետ։ Ար­­­դէն պատ­­­մա­­­­­­­գիտու­­­թեան կա­­­րեւոր յատ­­­կա­­­­­­­նիշ­­­նե­­­­­­­րէն մէկն ալ ներ­­­կա­­­­­­­յի խնդիր­­­նե­­­­­­­րը ըն­­­կա­­­­­­­լելու եւ լու­­­ծումներ գտնե­­­լու հա­­­մար ան­­­ցեալի օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը ու­­­սումնա­­­սիրե­­­լու մի­­­ջոց մը չէ՞։ Եւ ճիշդ ալ այդ պատ­­­ճա­­­­­­­ռաւ չէ՞ որ պատ­­­մութան որոշ զար­­­գա­­­­­­­ցումնե­­­րը դի­­­տումնա­­­ւոր կեր­­­պով կ՚ան­­­տե­­­­­­­սուին ու կը քօ­­­ղար­­­կո­­­­­­­ւին։

Այս լուրջ ու­­­սումնա­­­սիրու­­­թեան հե­­­ղինա­­­կը Քա­­­տիր Աքըն 26 Օգոս­­­տոս 2021-ին «Կա­­­զեթէ Տու­­­վար» թեր­­­թին թղթակ­­­ցին հետ զրոյ­­­ցի պա­­­հուն կ՚ըսէ թէ «Եր­­­կար ատե­­­նէ ի վեր անդրա­­­դար­­­ձած եմ թէ Թուրքիոյ ըն­­­կերվա­­­րական շար­­­ժումը խնդիր ու­­­նի գե­­­րազ­­­գայնու­­­թեան հետ։ Հան­­­րա­­­­­­­պետու­­­թեան հիմ­­­նարկու­­­թեան տա­­­րինե­­­րուն շրջա­­­նարու­­­թեան դրո­­­ւած զրպար­­­տութիւն մըն է թէ հայ կու­­­սակցու­­­թիւննե­­­րը գոր­­­ծակցած են կայ­­­սե­­­­­­­րապաշտ ու­­­ժե­­­­­­­րու հետ։ Թուրք ըն­­­կերվա­­­րական շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րը այս զրպար­­­տութիւ­­­նը իւ­­­րա­­­­­­­ցու­­­ցին եւ թրքա­­­կան ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թիւնը ան­­­տե­­­­­­­սելով հայ քա­­­ղաքա­­­կան շար­­­ժումնե­­­րը ազ­­­գայնա­­­կանու­­­թիւնով մե­­­ղադ­­­րե­­­­­­­ցին։ Այս թե­­­րու­­­թիւնը մեր երկրի մէջ հա­­­մայ­­­նա­­­­­­­վար պատ­­­մութեան եւ այդ գա­­­ղափա­­­րախօ­­­սու­­­թեան տա­­­րած հսկայ պայ­­­քա­­­­­­­րը ան­­­տե­­­­­­­սելու պատ­­­ճառ դար­­­ձաւ»։

Վե­­­րեւ ըն­­­դօ­­­­­­­րինա­­­կուած ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րը Քա­­­տիր Աքը­­­նի այս գիր­­­քը պատ­­­րաստե­­­լու մղող գոր­­­ծօնն ալ կը պար­­­զէ։

Ու­­­րեմն մե­­­զի կը մնայ հե­­­ղինա­­­կը շնոր­­­հա­­­­­­­ւորել, գիր­­­քի հրա­­­տարա­­­կու­­­թեան հա­­­մար աշ­­­խա­­­­­­­տող բո­­­լորին երախ­­­տա­­­­­­­գիտու­­­թիւն յայտնել եւ ըն­­­թերցող­­­նե­­­­­­­րու ու­­­շադրու­­­թիւնը այս կա­­­րեւոր ստեղ­­­ծա­­­­­­­գոր­­­ծութեան հրա­­ւիրել։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ