Յօդուածաշարք՝ իբրեւ «Ուրկէ՞ եկանք»ի պատասխան

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Բնական երե­­­ւոյթ է, իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր նոր զար­­­գա­­­­­­­ցում իր հետ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէ ալ աւե­­­լի նոր հո­­­րիզոն­­­ներ։ Այսպէս պա­­­տահե­­­ցաւ, երբ լոյս տե­­­սաւ Էլիֆ Աթա­­­լայի խմբագ­­­րած հա­­­տորը, որ իրա­­­կանու­­­թեան մէջ եր­­­կա­­­­­­­րապա­­­տում զրոյց մըն էր մե­­­զի հետ, որ կ՚ըն­­­դա­­­­­­­նար հե­­­ղինա­­­կի հար­­­ցումնե­­­րուն շրջա­­­նակին մէջ։

Գիր­­­քը լոյս տես­­­նե­­­­­­­լով ան­­­մի­­­­­­­ջական ըն­­­կե­­­­­­­րական շրջա­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէ լսե­­­ցի առար­­­կութիւններ, այս կամ այն երե­­­ւոյ­­­թին հան­­­դէպ նո­­­ւազ անդրա­­­դար­­­ձած ըլ­­­լա­­­­­­­լու մա­­­սին։ Ճիշդ էին այդ դի­­­տողու­­­թիւննե­­­րը, որոնք զիս մղե­­­ցին յա­­­ւելեալ յու­­­շագրու­­­թիւննե­­­րու։ Այժմ սկսած եմ թուղթ յանձնել այնպի­­­սի ապ­­­րումներ, որոնք նաեւ ձե­­­ւաւո­­­րած են իմ ինքնու­­­թիւնը։

Հա­­­մոզո­­­ւած եմ որ այդ յու­­­շագրու­­­թիւննե­­­րու մէջ պի­­­տի տո­­­ղան­­­ցեն բազ­­­մա­­­­­­­թիւ անուններ, որոնք ոչ միայն ին­­­ծի, այլ պոլ­­­սա­­­­­­­հայ ընկե­­­րային ապ­­­րումնե­­­րու ակա­­­նատես եղած լայն զան­­­գո­­­­­­­ւածի մը հա­­­մար ալ ծա­­­նօթ են եւ հե­­­տեւա­­­բար ու­­­շադրու­­­թեան ար­­­ժա­­­­­­­նի։

Այդ պա­­­տումնե­­­րը պի­­­տի հիւ­­­սո­­­­­­­ւին նախ Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Վար­­­ժա­­­­­­­րանի եւ ապա Կեդ­­­րո­­­­­­­նական Սա­­­նուց Միու­­­թեան ան­­­մի­­­­­­­ջական շրջա­­­նակին ներ­­­քոյ։ Ով­­­քեր, ինչ տե­­­սակ ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թիւն ու­­­նե­­­­­­­ցան մեր ինքնու­­­թեան ձե­­­ւաւոր­­­ման մէջ։ Ինչպի­­­սի մի­­­ջավայրներ եւ ինչպի­­­սի տպա­­­ւորու­­­թիւններ ձե­­­ւաւո­­­րեցին մեր ինքնու­­­թիւնը։ Այս հար­­­ցումնե­­­րը եւ անոնց եկած պա­­­տաս­­­խաննե­­­րը, եթէ սահ­­­մա­­­­­­­նուած ըլ­­­լա­­­­­­­յին բո­­­լորո­­­վին ան­­­հա­­­­­­­տական յի­­­շատակ­­­նե­­­­­­­րու ձե­­­ւաչա­­­փին մէջ, չէի յանդգներ այս բո­­­լորը ըն­­­թերցո­­­ղին հետ կի­­­սուե­­­լու։ Բայց հա­­­մոզո­­­ւած եմ որ ան­­­ցած այդ ճա­­­նապար­­­հը իմաստ պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նայ նման ոդի­­­սակա­­­նով մը յա­­­ռաջա­­­ցած լայն շրջա­­­նակի մը հա­­­մար։ Ար­­­դա­­­­­­­րեւ անձնա­­­կան օրագ­­­րի մը էջե­­­րը թեր­­­թե­­­­­­­լէ աւե­­­լի նշա­­­նակու­­­թիւն պի­­­տի ու­­­նե­­­­­­­նայ այս բո­­­լորը, որոնց հետ պի­­­տի ծա­­­նօթա­­­նաք «Ակօս»ի յա­­­ջորդ հա­­­մարէն սկսե­­­լով։ Յու­­­սամ թէ հա­­­ճելի ըն­­­թերցում մը պի­­­տի ըլ­­­լայ բո­­­լորտս հա­­­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ