Համատեղ կեցութեան փառատօն

Հրանդ Տինք Հիմնարկը իր բեղուն աշխատութիւնները կը պսակէ նոր օղակով մը, որ պիտի ներկայանայ փառատօնի բնոյթով։

Հիմնարկի կայքէջէն կատարուած յայտարարութեան համաձայն 2 եւ 3 Յուլիս թուականներուն Իսթանպուլ Լիթֆիւ Քըրտար Համագումարներու Կեդրոնին մէջ կայանալիք փառատօնը ձօնուած է համատեղ կեցութեան։

Երկօրեայ փառատօնի ընթացքին պիտի քննարկուի քաղաքացիական բնոյթի խնդիրները։ Բացի այս բովանդակութիւնով ասուլիսներէ, մասնակիցները պիտի լսեն իրաւապաշտպաններու խրախուսիչ զեկոյցները եւ արուեստագէտներու ելոյթները։ Չափահասներու, երիտասարդներու եւ երախաներու ուղղեալ աշխատանոցներու կողքին կարելի պիտի ըլլայ նաեւ զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու աշխատութիւններու մասին ալ տեղեկութիւն քաղել։

Երկօրեայ փառատօնը բաց է ընկերային եւ հասարակական կեանքի վերաբերեալ նիւթերու հանդէպ հետաքրքրութիւն տածող բոլորին։

Եւորմիութեան զօրակցութիւնով կեանքի կոչուող սոյն ծրագրի մանրամասնութիւնները շուտով կը հրապարակուին հիմնարկի կայքէջէն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ