Բնապահպանման աղէտ Երզնկայի մէջ

Երզնկա­յի Իլիջ գա­ւառի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ բնա­պահ­պա­նու­թեան առու­մով շատ լուրջ պա­տահար մը, որ կը սպառ­նայ բա­ւական լայն տա­րած­քի մը բնակ­չութեան եւ բնու­թեան թու­նա­ւոր­ման։ Գաղտնիք չէ թէ Թուրքիոյ իշ­խա­նու­թիւննե­րը տա­րածքներ կը տրա­մադ­րեն ոս­կիի հան­քե­րուն, առանց նկա­տի ու­նե­նալով տե­ղացի ժո­ղովուրդի ընդվզու­մը։ Այդ տե­սակի հան­քե­րէն մէ­կը կը գոր­ծէր Երզնկա­յի տա­րած­քին մէջ եւ անոր սի­յանիւր կու­տա­կուած աւա­զանը խո­ղովա­կի մը պայ­թե­լուն պատ­ճա­ռաւ թու­նա­ւոր ջուր հո­սեցուց դէ­պի Մու­րատ գե­տը։ Այս մա­սին բնա­պահ­պաններ եւ Գա­նատա­կան «Անա­կոլտ» ըն­կե­րու­թեան պա­տաս­խա­նատու­ներ հա­կասա­կան տե­ղեկու­թիւններ կը փո­խան­ցեն։ Բնա­պահ­պաննե­րու հա­մաձայն պայ­թած խո­ղովա­կէն մօ­տաւո­րապէս 20 թոն­նա սի­յանիւր պա­րու­նա­կող հե­ղուկ խառ­նուած է Եփ­րատ գե­տին։ Իսկ «Անա­կոլտ» ըն­կե­րու­թեան վա­րիչ­նե­րու հա­մաձայն կոտ­րո­ւած խո­ղովա­կէն դուրս ժայթքած է միայն 8 լիթր հե­ղուկ, որ ար­դէն ցամ­քած է քա­նի մը մեթ­րա­նոց հո­ղին վրայ։

Հե­տաքրքրա­կան է, որ Երզնկա­յի կու­սա­կալն ալ կը հեր­քէ բնա­պահ­պաննե­րու պնդումնե­րը եւ կը հաս­տա­տէ ըն­կե­րու­թեան խօս­քե­րը։ Ի դէմ այս բո­լորին Շրջա­պատի, Քա­ղաքա­շինու­թեան եւ Կլի­մայի Փո­փոխու­թեան Նա­խարա­րու­թիւնը ժա­մանա­կաւո­րապէս դադ­րե­ցու­ցած է հան­քարտադ­րութեան աշ­խա­տու­թիւնը։ Հա­մապա­տաս­խան տար­րա­լու­ծա­րան­նե­րը արժմ կը քննար­կեն Մու­րատ գե­տի տար­բեր հա­տուած­նե­րէն վեր­ցո­ւած 27 նմոյշնե­րը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ