Պատրիարք Հայրը Ընդունեց Քամփ Արմէնի Վերականգման Յանձնախումբը

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Սրբա­զան Պատ­րիարք Հայ­րը, 7 Յու­լիս 2022, Հինգշաբ­թի, ժա­մը 16.00-ին ըն­դունեց Կե­տիկ­փա­շայի Հայ Աւե­տարա­նական Եկե­ղեց­ւոյ Հո­վիւ՝ Վե­րապա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լուն, որուն կ՚ըն­կե­րանա­յին Հայ Առա­քելա­կան, Հայ Կա­թողի­կէ եւ Հայ Աւե­տարա­նական հա­մայնքնե­րու ան­դամնե­րէն բաղ­կա­ցեալ յանձնա­խումբի ան­դամներն ու Իրա­ւաբան Էօմէր Քան­թի­կը։ Այս յանձնա­խումբը կազ­մո­ւած էր Թուզլա­յի Քամփ Ար­մէ­նի վե­րականգման հա­մար աշ­խա­տանք տա­նելու առա­ջադ­րութեամբ։

Վե­րապա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լու ներ­կա­յացուց յանձնա­խումբի ան­դամնե­րը եւ բա­ցատ­րութիւններ տո­ւաւ իրենց մշա­կած ծրագ­րի մա­սին եւ խնդրեց Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան օրհնու­թիւնն ու աղօթ­քը։

Մեր Հո­գեւոր Պե­տը իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտնեց, որ այսպի­սի աշ­խա­տանք մը պի­տի տա­րուէր եւ յի­շեցուց, թէ հաս­տա­տու­թեան իրա­ւատէ­րը Հայ Աւե­տարա­նական հա­մայնքն էր եւ քա­նի որ հաս­տա­տու­թիւնը առանց դա­ւանա­կան խտրու­թեան պի­տի օգ­տա­գոր­ծո­ւէր Հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րու կող­մէ, կա­տարո­ւած աշ­խա­տան­քը կ՚ար­ժա­նանար Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռի եւ Հայ Կա­թողի­կէ Ար­քե­պիս­կո­պոսա­րանի հե­տաքրքրու­թեան։ Թե­լադ­րութիւններ ըրաւ կա­տարե­լի նո­ւիրա­հաւաք­ման՚ ինչպէս նաեւ մա­տակա­րու­թեան եւ վար­չութեան հա­մար մշա­կելի ծրա­գիր­նե­րու մա­սին։ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը յա­ջողու­թիւն մաղ­թեց իրենց։

Ներ­կա­ներ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնե­ցին ըն­ծա­յուած ըն­դունե­լու­թեան, ինչպէս նաեւ ցու­ցա­բերո­ւած հայ­րա­կան մեր­ձեցման հա­մար։

Յ.Գ.- Սոյն լրա­տուու­թիւնը հա­ղոր­դո­ւած է Պատ­րիար­քա­րանէն։ Պար­տինք նշել թէ Քամփ Ար­մէ­նի անար­դար կեր­պով գրաւ­ման դէմ ձայն բարձրաց­նող, լայ­նա­ծաւալ դի­մադ­րութիւ­նով այս անար­դա­րու­թիւնը երկրի օրա­կար­գին բե­րող միակ կազ­մա­կեր­պութիւ­նը պոլ­սա­հայ երի­տասարդնե­րու միաւո­րու­մով գո­յացած «Նոր Զար­թօնք» շար­ժումն էր։ Եթէ այդ տղա­ներու եւ աղ­ջիկնե­րու յան­դուգն դի­մադ­րութիւ­նը չի կա­յանար, այ­սօր չէինք կրնար խօ­սիլ Քամփ Ար­մէ­նի վե­րակազ­մութեան մա­սին։ Ցա­ւալի է տես­նել թէ իրենց սե­փական կեան­քը վտան­գե­լով Քամփ Ար­մէ­նի պաշտպա­նու­թիւնը ապա­հոված երի­տասարդներ այ­սօր տեղ չեն ու­նե­նար այդ կա­ռոյ­ցի կրկին կեան­քի կո­չուե­լու գոր­ծընթա­ցին մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ