Անզգալաբար լուծարքի վտանգին ընդառաջ

Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Դ)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Զինո­ւորա­կան յե­ղափո­խու­թե­նէ ետք վե­րաբա­ցուած միու­թիւննե­րը տա­րինե­րու ընթցքին կորսնցու­ցին իրենց յու­զումնե­րը։ Այ­լերս վե­րացած էր ընտրու­թիւննե­րու նա­խոր­դող շրջա­նին տի­րող մրցակ­ցա­կան մթնո­լոր­տը։ Ալ աւե­լի ցա­ւալին՝ միու­թե­նական աշ­խա­տու­թիւննե­րը մեծ մա­սամբ ագու­ցո­ւեցան խնա­մակա­լու­թիւննե­րու կամ թա­ղակա­նու­թիւննե­րու։ Այս երե­ւոյ­թը սա­կայն մերթ ընդ մերթ ու­նե­ցաւ ընդհա­կառակ պատ­կերներ։ Օրի­նակի հա­մար՝ երբ Մխի­թարեան Միաբա­նու­թեան վար­դա­պետ­նե­րը կը մտմտա­յին դպրո­ցը փա­կելու մա­սին, նախ­կին շնջա­նաւարտնե­րը իս­կոյն ար­տա­կարգ ժո­ղով­ներ գու­մա­րեցին միու­թեան եր­դի­կին տակ։ Այդ ժո­ղով­նե­րով կան­խե­ցին դպրո­ցը փա­կելու մի­տող ճա­նապար­հը եւ լծո­ւեցան վար­դա­պետ­նե­րու դէմ յան­դի­ման գտնո­ւած անել­նե­րը լու­ծե­լու։ Այդ օրե­րու ան­ցուդարձնե­րուն հե­տեւե­լով կա­րեւ­լի է եզրակացնել թէ միու­թիւնը փրկա­րար դե­րակա­տարու­թիւնը ու­նե­ցաւ դպրոց առա­քելու­թեան յա­րատեւ միալու խնդրին մէջ։

Ու­րեմն փաս­տա­ցի օրի­նակ մըն է թէ սա­նուց միու­թիւն կո­չուած հաս­տա­տու­թիւնը ի պա­հան­ջել հար­կին կրնայ շատ լուրջ հե­ղինա­կու­թիւն ու­նե­նալ։

Եթէ այս պա­տահա­ծը Մխի­թարեան Միաբա­նու­թեան Վիենա­կան Ուխտին վի­ճակած էր, տար­բեր բնոյ­թով, բայց նոյնքան էական փոր­ձի մը առ­ջեւ յայտնուած էր նաեւ Միաբա­նու­թեան Վե­նետի­կեան Ուխտին պատ­կա­նող նա­խակրթա­րանը։ Ան ալ պե­տական անար­դար կար­գադրու­թիւննե­րով եւ իբ­րեւ թէ օրէնքնե­րու թոյլտո­ւու­թեամբ կը խլո­ւէր իր սե­փակա­նատէր­նե­րէն այ­սինքն Մխի­թարեան Միաբա­նու­թե­նէն։ Ցա­ւալի է որ այդ տա­րինե­րուն գո­յու­թիւն չու­նէր նման անար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րելու տրա­մադիր սա­նուց միու­թիւն մը։ Այդ բաց­թո­ղու­մը լրաց­նել վի­ճակե­ցաւ հրա­տարա­կու­թեան սկզբնա­կան տա­րինե­րուն գտնո­ւող «Ակօս»ին։

Անար­դա­րու­թեան դէմ «Ակօս»ի ընդվզու­մը պատ­շաճ ար­ձա­գան­գը գտաւ երկրի մա­մու­լի մէջ ալ։ Ընդվզու­մը բո­ցավա­ռեց դի­մադ­րութեան կամ­քը եւ այսպէս աշա­կեր­տութիւն եւ ծնողքներ փու­թա­ցին գրա­ւելու դպրո­ցի յարատեւ մնալու։ Մեկ­նարկեց եր­կա­րատեւ դի­մադ­րութիւն մը կազ­մա­կեր­պո­ւեցաւ հեր­թա­պահու­թեան ծրա­գիր մը, որու շնոր­հիւ Փետ­րո­ւար ամ­սու այդ ամե­նացուրտ օրե­րուն իսկ մար­դիկ հա­մախմբո­ւեցան խա­րոյ­կի բո­ցերուն շուրջ եւ ի վեր­ջոյ ապա­հովե­ցին նախ Շիշ­լիի Քա­ղաքա­պետա­րանի եւ ապա Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալու­թեան մի­ջամ­տութիւ­նը։ «Ակօս»ի հրա­տարա­կու­թիւննե­րով լսե­լի դար­ձած էր ուսման տա­րեշրջա­նին մէջ դպրոց փա­կելուն որո­շու­մին դէմ բո­ղոքը։

Մեր յի­շողու­թեան մէջ ան­մո­ռանա­լի կը մնայ այն պա­հը՝ երբ Իս­թանպու­լի Կու­սա­կալու­թե­նէն հա­սաւ ուսման նոյն շէն­քի մէջ շա­րու­նա­կելու որո­շու­մը։ Դա­սարան­նե­րէն պար­տէզ շպրտո­ւած նստա­րան­նե­րը գրա­սեղան­նե­րը կամ գրե­տախ­տակնե­րը քա­նի մը ժա­մուան մէջ կրկին փո­խադ­րո­ւեցան դա­սարան­ներ եւ դպրո­ցը պատ­րաստ եղաւ յա­ջորդ օր ու­սում ջամ­բե­լու։ Այդ տակ­նուվրա­յու­թեան մէջ ես ու Հրանդ Տինքն էինք, որ մեր ձեռ­քին ցա­խաւել­նե­րով կ՚աւե­լէինք դպրո­ցի պար­տէ­զը։

Ճիշդ է որ այս վեր­ջին օրի­նակը ուղղա­կիօրէն առնչու­թիւն չու­նի մեր սա­նուց միու­թիւննե­րուն հետ։ Բայց Հրան­դը, ես եւ մեր կող­քին հա­ւաքո­ւած տաս­նեակ մը գոր­ծիչներ բո­լորս ալ ու­նէինք միու­թե­նական ան­ցեալ։ Այ­սօր ցա­ւալի է տես­նել թէ մեր հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րու մէջ չնչին փոք­րա­մաս­նութիւն կը մազ­մեն միու­թե­նական կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը։ Այդ զան­գո­ւածը աւե­լի շու­կա­յական մի­ջավայ­րի մէջ ձե­ւաւո­րուած է դի­մադ­րե­լու փո­խարէն աւե­լի ու­նակ է գո­յացող պայ­մաննե­րու հա­մակեր­պե­լու։ Մա­նաւանդ երբ այդ պար­տադրանքնե­րը կու գան պե­տական շրջա­նակ­նե­րէն։

Դար­ձեալ ցա­ւալի է տես­նել թէ, միու­թե­նական գոր­ծո­ղու­թեան ցամ­քի­լը եղաւ ինքնա­բերա­բար։ Նոյ­նիսկ կը կար­ծեմ թէ եթէ միու­թեանա­կան կեան­քի դէմ պե­տու­թեան կող­մէ ար­գելքներ պար­տադրո­ւէին հրա­ժարու­մը այսքան դիւ­րին չէր ըլ­լար։ Այդ է պատ­ճա­ռը որ երա­նու­թեամբ կը յի­շենք պոլ­սա­հայ սա­նուց միու­թիւննե­րու հիմ­նա­դիր­նե­րը։ Անոնք ան­գոն գո­յու­թեան վե­րածե­ցին։ Եթէ Կեդ­րո­նակա­նի օրի­նակը վե­րայի­շենք յա­ջողե­ցան միու­թեան հա­ւաքա­տեղին սե­փակա­նու­թիւն դարձնել։ Ու­րիշներ՝ օրի­նակի հա­մար Դպրե­վան­քի Սա­նուց Միու­թիւնը յա­ջողե­ցաւ տա­րիներ շա­րու­նակ վար­ձա­կալու­թեան պարտքը վճա­րել առանց սայ­թա­քելու։

Ներ­կայ պատ­կե­րը հիաս­թա­փեց­նող է։ Կար­ծես այ­լեւս կա­րիքը չէ մնա­ցած սա­նուց միու­թիւննե­րուն։ Ու­րիշ ինչպէ՞ս բա­ցատ­րել Էսաեան Սա­նուց Միու­թեան դռնե­րու կա­մայա­կան փա­կուի­լը։

Տա­րիներ շա­րու­նակ շրջա­նաւարտներ տո­ւած այդ հաս­տա­տու­թե­նէն ոչ մէկ առար­կութիւն՝ այս կա­տարո­ւածին դի­մաց։ Նոյնն է երե­ւոյ­թը Լու­սա­ւորիչ Երգչա­խումբի հա­մար։ Հոն եւս երի­տասար­դա­կան բազ­մանդամ խումբ մը թա­ղակա­նու­թեան որո­շու­մով զրկուեցաւ իր հա­ւաքա­տեղիէն եւ փոր­ձա­վայ­րէն, այ­սինքն Նա­րեկեան սրա­հէն։

Միու­թիւննե­րը մեր հա­մայնքի հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւններն էին, որոնք նաեւ ստանձնած էին այս հա­մայնքի մշա­կու­թա­յին գոր­ծունէու­թիւնը։

Հա­մատա­րած հա­մոզում մըն է թէ երկրի քա­ղաքա­կան մի­ջավայ­րը իր ցո­լացու­մը կ՚ու­նե­նայ նաեւ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րուն վրայ ալ։

Երբ երկրէ ներս հետզհե­տէ կը զար­գա­նայ մե­նատի­րական վար­չա­կարգ մը, մե­րոնք եւս կը ձգտին նոյն յատ­կութեան։ Այ­սօր Թուրքիոյ մէջ մեծ աւան­դութիւն ու­նե­ցող պե­տական կա­ռոյցնե­րը բո­լորո­վին հե­ղինա­կազուրկ դար­ձած են։ Հա­մալ­սա­րան­նե­րը նոյնպէ՛ս։ Կար­ծես շուրջ 90 մի­լիոն բնակ­չութիւ­նով եր­կիր մը, բո­լոր որո­շումնե­րը կա­խեալ են մէկ ան­ձի տրա­մադ­րութե­նէն։ Հայ հա­մայնքն ալ որ­դեգրած է նման եղա­նակ մը, որ ինքնա­բերա­բար կ՚ու­նե­նայ ծանր հե­տեւանքներ։

Քա­ղաքակրթու­թիւնը ան­ցեալին յստա­կօրէն ապա­ցու­ցած էր թէ հա­սարա­կու­թեան յա­ռաջըն­թա­ցը եւ զար­գա­ցու­մը ուղղակիօրէն առնչո­ւած է անոր կազ­մա­կեր­պո­ւելու կա­րողու­թեան։ Մենք անզգա­լաբար այդ կա­րողու­թիւնն է որ կը կորսնցնենք։ Ժա­մանա­կը հա­սած է սթա­փելու եւ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­մայնքի մը պատ­շա­ճող­յատկու­թիւննե­րը վե­րազի­նուե­լու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ