Բնորոշող ածականներ

Մեզ յղկող միջավայրի մասին (Ե)

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Միութեան եր­դի­կին տակ շա­տեր կը յի­շուէին իրենց վա­յելե­ցուած ածա­կան­նե­րով։ Այդ ածա­կան­նե­րը շատ ան­գամ կու գա­յին դպրո­ցի տա­րի­նե­­րէն։ Ոմանց մա­­կանու­­նը ինքնա­­բերա­­բար ածա­­կանի վե­­րածո­­ւած կ՚ըլ­­լար։ Այդպի­­սինե­­րէն էր Յով­­հաննէ­­սը եւ Յա­­կոբը, որոնք միշտ կը յի­­շուէին Քու­­լաք կամ Բան­­տես կո­­չումնե­­րով։ Նե­­րառեալ ես շա­­տեր չէինք գի­­տեր թէ ո՞ւրկէ կու գայ Ար­­թին Էս­­քի­­­հան­­ճըի «Շեֆ» կո­­չու­­մը։ Յօ­­դուա­­ծաշար­­քի հրա­­պարա­­կու­­մէն ետք Երի­­տասար­­դաց Յանձնա­­խումբի մեր տա­­րեկից­­նե­­­րէն Ար­­սէն Քան­­թարճը «Թի­­մատետր»ով իմա­­ցուց թէ ինք եղած է այդ կո­­չու­­մի հե­­ղինա­­կը։ «Աշա­­կեր­­տութեան տա­­րինե­­րուս կ՚աշ­­խա­­­տակ­­ցէի նաեւ «Փարք Օթել»ի հա­­շուա­­պահա­­կան գրա­­սենեակը։ Ար­­թօն այդ սե­­նեակի շեֆն էր, որ բո­­լոր աշ­­խա­­­տող­­ներս այսպէս կը դի­­մէինք իրեն։ Ես նոյ­­նը շա­­րու­­նա­­­կեցի միու­­թեան մէջ եւ այդ կո­­չու­­մը տա­­րածո­­ւեցաւ նաեւ հոն» կը պատ­­մէ Ար­­սէն Քան­­թարճը։ Նշեմ որ իր ածա­­կանն ալ «Պօ­­զիթ» էր։ Քա­­նի որ դե­­րասա­­նական շնոր­­հով կը ոռ­­նար ծի­­ծաղե­­լով Թուրք Ալ­­գայնա­­կան Շար­­ժումի գորշ գայ­­լե­­­րը։ Կա­­րապետ Գա­­րագա­­յան (Տա­­քեսեան) բո­­լորին վրայ թո­­ղած էր գի­­տուն առաջ­­նորդի մը տպա­­ւորու­­թիւնը, որու հե­­տեւան­­քով զինք կը կո­­չէինք «Քափ­­թան»։

Արա Ղու­­պե­­­սէրեանը «Աւու­­քաթ Արա» կո­­չելով կը զա­­նազա­­նէինք Արա Սրա­­պեանէն, այ­­սինքն «Փիճ Արա»էն։ Ատամ­­նա­­­բոյժ Վա­­րու­­ժան Ասա­­տու­­րը «Գո­­չում», իսկ Կա­­րապետ Քիւրքչիւն «Միր» ածա­­կան­­նե­­­րով ծա­­նօթ էին։ Իրենք էին այդ ածա­­կան­­նե­­­րու հե­­ղինակ­­նե­­­րը, քա­­նի իրենց զրու­­ցա­­­կից­­նե­­­րուն կը դի­­մէին «գո­­չում» կամ «մի­­րիմ» ըսե­­լով։

Սա­­նուց Միու­­թեան եր­­դի­­­կին տակ ցնցո­­ւեցանք եր­­կու անձնաս­­պա­­­նու­­թեան դէպ­­քե­­­րով։ Թէ Սի­­րակ Ար­­ման եւ թէ Մու­­րատ Գա­­րասու լրջօ­­րէն կը տա­­ռապէին շի­­զոֆ­­րե­­­նի կո­­չուած հո­­գեկան հի­­ւան­­դութե­­նէ։ Սի­­րակը Կեդ­­րո­­­նական Երգչա­­խումբի ան­­մո­­­ռանա­­լի խմբա­­վար Կա­­րօ Ար­­մա­­­նի որ­­դին էր։ Կեդ­­րո­­­նական Սա­­նուց Միու­­թիւնը իր միակ ըն­­կե­­­րային մի­­ջավայրն էր։ Կարճ շրջան մը դաշ­­նա­­­մու­­րի ու­­սուցման հե­­տեւե­­լով քա­­ջաբար կը տի­­րապե­­տէր այդ նո­­ւագա­­րանին։ Հիացու­­մով կը լսէինք Ռահ­խմա­­­նինո­­ֆի սո­­նատ­­նե­­­րը իր կա­­տարու­­մով։ Սո­­վորե­­լու ար­­տա­­­կարգ ու­­նա­­­կու­­թիւն ու­­նէր։ Երբ ճատ­­րա­­­կի տախ­­տա­­­կի վրայ սոր­­վե­­­ցաւ քա­­րերու շարժման կա­­նոն­­նե­­­րը, ոչ ոք կրնար երե­­ւակա­­յել թէ քա­­նի մը օր ետք Սի­­րակի վար­­պե­­­տու­­թեան հա­­մապա­­տաս­­խան խա­­ղացող պի­­տի չգտնո­­ւէր։ Վեր­­ջա­­­պէս ան­­պարտե­­լի Սի­­րակը քա­­նի մը շա­­բաթ անց ստի­­պուե­­ցաւ ար­­տերկրի խա­­ղացող­­նե­­­րու հետ նա­­մակ­­ցե­­­լով մրցիլ։ Որոշ պար­­բե­­­րական­­նե­­­րու մէջ հրա­­տարա­­կուած շախ­­մա­­­տի խնդիր­­նե­­­րը դիւ­­րաւ կը լու­­ծէր առանց խա­­ղատախ­­տա­­­կի, թուղթին վրայ տե­­սած սխե­­ման ակնթար­­թի մէջ պատ­­կե­­­րաց­­նե­­­լով։ Յայտնի էր թէ մեզ սո­­վորա­­կան­­նե­­­րէս շատ աւե­­լի տար­­բեր կ՚աշ­­խա­­­տէր իր ու­­ղե­­­ղը։

Երկրորդ կա­­րեւոր կո­­րուստն էր Մու­­րատ Գա­­րասու, որ ինքնա­­փաս­­տութեան եղա­­նակը գտած էր կե­­րամի­­կայի մէջ։ Եր­­կուքն ալ իրենց հի­­ւան­­դութեան բնո­­րոշ եղա­­նակով բար­­ձունքէն վար նե­­տուե­­ցան։

Կեդ­­րո­­­նական Սա­­նուց Միու­­թիւնը եւ հա­­ւան­­բար նման բո­­լոր միու­­թիւննե­­րը ըն­­կե­­­րային մի­­ջավայր ըլ­­լա­­­լու կող­­քին գե­­ղարո­­ւես­­տա­­­կան օր­­րա­­­ներ էին նաեւ։ Հոն կար գիր ու գրա­­կանու­­թիւն, երգ ու երաժշտու­­թիւն, բեմ ու բե­­մադ­­րութիւն։ Թէեւ այս յօ­­դուա­­ծաշար­­քի նա­­խորդ բա­­ժին­­նե­­­րուն մէջ յի­­շեցինք Մի­­սակ Թո­­րոս, Ար­­թօ Պեր­­պե­­­րեան կամ Հեր­­ման Վա­­րիշ անուննե­­րը, բայց առանց վե­­րապա­­հու­­թեան կա­­րելի է ըսել թէ Կեդ­­րո­­­նակա­­նի բե­­մին խորհրդան­­շա­­­կան անու­­նը եղած է Պօ­­ղոս Չալ­­կը­­­ճըօղ­­լու։

Վար­­ժա­­­րանի տա­­րինե­­րէն սկսած թատ­­րո­­­նի սէ­­րը մին­­չեւ այ­­սօր չէ ցամ­­քած իր մէջ։ Ան տա­­կաւին դա­­սախօ­­սու­­թիւննե­­րով, ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րով եւ հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րով կը ծա­­ռայէ պոլ­­սա­­­հայ բե­­մին։

Պօ­­ղոսի այդ յատ­­կութիւ­­նը գնա­­հատո­­ղը եղաւ Հայ Կա­­թողի­­կէ Հա­­մայնքի Վի­­ճակա­­ւոր Գե­­ռապայ­­ծառ Լե­­ւոն Զէ­­քիեան, որ անոր վաս­­տա­­­կը գնա­­հատեց Մկրտիչ Պե­­շիկ­­թաշլեանի շքան­­շա­­­նի հան­­դի­­­սաւոր տո­­ւու­­չութեամբ։

Այս պա­­հուն վստահ եմ թէ անցնող աւե­­լի քան 50 տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին Պօ­­ղոսին հետ ծա­­նօթա­­ցած իւրքան­­չիւր անձ, այդ տո­­ւու­­չութեան շնոր­­հիւ բաժ­­նած է, այն մեծ ու­­րա­­­խու­­թիւնը, որը վա­­յելած էր ինք՝ պար­­գե­­­ւատո­­ւեալը։

Պօ­­ղոսի մա­­կանին տակ հա­­սակ առած անուննե­­րէն Ռաֆ­­ֆի Հեր­­մոն Արաք­­սի մա­­սին ալ պի­­տի խօ­­սինք յա­­ջոր­դով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ