Դարձեալ անպատրաստի

Երբ 18 Յու­նի­սին հրա­պարա­կուե­ցաւ 9 տա­րիէ ի վեր հա­մայնքա­յին ընտրու­թիւննե­րու առ­կախման պատ­րո­ւակ դար­ձած նոր կա­նոնա­գիրը, պոլ­սա­հայու­թիւնը ան­գամ մը եւս ան­պատրաս­տի գտնո­ւեցաւ։ Կար­ծես մե­րոնք բո­լորո­վին յոյ­սերնին կտրած ըլ­լա­յին ընտրու­թիւննե­րու մա­սին, տա­կաւին չենք կրնար կողմնո­րոշո­ւիլ նա­խապատ­րաստու­թեան յստակ քայ­լե­րու դի­մելու հա­մար։ Պար­տադրած կա­նոնագ­րի բաց­թո­ղումնե­րու պատ­ճա­ռաւ նոր տա­րակար­ծութիւններ կա­յացան։ Կա­նոնագ­րի սահ­մա­նափա­կումնե­րուն դէմ առար­կութիւն առա­ջար­կողնե­րը ան­գամ կը կի­սէին այն մտա­հոգու­թիւնը թէ նման քայ­լը նոր յե­տաձ­գումնե­րու պատ­ճառ կրնայ դառ­նալ։ Կա­ռավա­րու­թիւնը պատ­րիար­քա­կան ընտրու­թե­նէն ետք երկրորդ ան­գամ պոլ­սա­հայու­թիւնը կը դնէր մա­տու­ցո­ւածով գո­հանա­լու հրա­մայա­կանին առ­ջեւ։ Վեր­ջա­պէս դար­ձեալ պատ­րիարք սրբա­զանն էր որ առաջ անցնե­լով թե­լադ­րեց շտա­պել։ Հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րը պա­հան­ջո­ւած թո­ւակա­նին, այ­սինքն մին­չեւ տա­րեւ­վերջ ի կա­տար հա­նել։

Նոյն թե­լադ­րանքը տի­րապե­տեց նաեւ ԷՐ­ՎԱՊ-ի այս շա­բաթո­ւայ նիս­տի ըն­թացքին, ուր վե­րահաս­տա­տուե­ցան նա­խապէս ճշդո­ւած ընտրա­կան յանձնա­խումբե­րը։ Մին­չայդ պար­տինք յի­շեց­նել թէ Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան պա­տաս­խա­նատու­նե­րու հետ կա­տարուած բա­նակ­ցութիւննե­րը դրա­կան ար­դիւնք չեն տո­ւած։ Պե­տական պաշ­տօ­նեանե­րը թե­լադ­րած են կա­նոնագ­րի հի­ման վրայ շա­րու­նա­կել գոր­ծընթա­ցը եւ հա­ւանա­կան թե­րու­թիւննե­րու լու­ծում փնտռել ընտրու­թիւննե­րէ ետք։ Այս մեր­ձե­ցու­մըն ալ կը յի­շեց­նէ Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րի հրա­հանգնե­րը, ուր կ՚ըսո­ւէր թէ «Դուք ըրէք ինչ որ անկ է։ Մենք ապա օրէնքնե­րը կը պատ­շա­ճեց­նենք, գո­յացած իրա­վիճակներու հա­մաձայն»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ