Քամփ Արմէնի յանձնախումբի հանդիպումը Քաղաքապետ Իմամօղլուի հետ

Քամփ Ար­մէ­նի վե­րակա­ռուցման հա­մար կազ­մո­ւած յանձնա­խումբը 10 Օգոս­տոս չո­րեք­շաբթի օր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Իս­թանպու­լի Քա­ղաքա­պետ Էք­րեմ Իմա­մօղ­լո­ւի հետ։ Վե­րապա­տուե­լի Գրի­գոր Աղա­պալօղ­լո­ւի գլխա­ւորած յանձնա­խումբին մաս կը կազ­մէին նա­խագ­ծի հա­մակար­գող Թա­լին էր­կիւնէշ Կա­զէր, լրա­տուու­թեան խորհրդա­տու՝ Ժա­նեթ Զոր­պազ, թե­քինկ պա­տաս­խա­նատու, Մու­րատ Ճա­ւաք, թեք­նիկ խորհրդա­տու՝ Մու­րատ Տու­վարճը, շի­նարար՝ Յա­րու­թիւն Սե­մեր­ճի, թեք­նիկ՝ Իւ­միթ Քես­քին, նա­խագ­ծի քար­տուղար՝ Նա­րօտ Սի­րանոյշ Մի­նասեան, իրա­ւաբա­նական խորհրդա­տու՝ փաս­տա­բան Էօմեր Քան­թիկ։

Քա­ղաքա­պետա­րանի անու­նով հան­դիպման ներ­կայ գտնո­ւեցաւ՝ Մշա­կու­թա­յին Ժա­ռան­գի Պահ­պանման Խոր­հուրդէն Օք­տայ Էօզէր։

Էմիր­կան Սպի­տակ Դղեակի մէջ կա­յացող հան­դիպման ըն­թացքին Քա­ղաքա­պետ Իմա­մօղ­լու ու­շադրու­թեամբ լսեց վե­րաշի­նու­թեան մա­սին իրեն փո­խան­ցո­ւած տե­ղեկու­թիւննե­րը եւ խոս­տա­ցաւ կա­րելի բո­լոր մի­ջոց­նե­րով աջակ­ցիլ այս խիստ շա­հեկան նա­խաձեռ­նութեան։

Ինչպէս պի­տի յի­շուի պե­տական անար­դար դա­ւադ­րութիւ­նով մը խլուած Հայ Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեց­ւոյ սե­փակա­նու­թիւնը վե­րահաս­տա­տուած էր Նոր Զար­թօնք Երի­տասար­դա­կան Շար­ժումի յա­մառ պայ­քա­րի շնոր­հիւ։ Դի­մադ­րութեան այդ փա­ռահեղ պայ­քա­րի աւար­տին իշ­խա­նու­թիւննե­րը յօ­ժարած էին օրի­նական սե­փակա­նատի­րոջ՝ այ­սինքն Հայ Աւե­տարան­չա­կան Եկե­ղեց­ւոյ վե­րադարձնել հո­ղատա­րած­քի սե­փակա­նու­թիւնը։

Այժմ կը նա­խատե­սուի Թուզլա­յի այդ տա­րած­քին վրայ երի­տասար­դա­կան ճամ­բա­րի մը կա­ռու­ցումը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ