Ս. Աստուածածնի տաղաւարի ամենափայլուն տօնախմբութիւնը Վաքըֆգիւղի Մէջ

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 10 Օգոս­­տոս 2022, Չո­­րեք­­շաբթի առա­­ւօտ, օդա­­յին ճամ­­բով մեկ­­նե­­­ցաւ Ատա­­նա, մաս­­նակցե­­լու հա­­մար Ս. Աս­­տո­­­ւածած­­նի վե­­րափոխ­­ման տօ­­նին առ­­թիւ աւան­­դա­­­կան Մու­­սա Լե­­րան ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան այս այ­­ցե­­­լու­­թեան մաս­­նակցե­­ցաւ նաեւ գա­­ւազա­­նակիր Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեան։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը Ատա­­նայի օդա­­կայա­­նի մէջ դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Գա­­ւառի մեր հա­­մայնքնե­­րու տե­­սուչ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանի, Բրկ. Եու­­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­­պաշեանի, Թո­­րոս եւ Մու­­րատ Թա­­շեարի կող­­մէ։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը անդրա­­նիկ այ­­ցե­­­լու­­թիւնը տո­­ւաւ Մէր­­սի­­­նի նո­­րան­­շա­­­նակ Կու­­սա­­­կալ Ալի Համ­­զա Փէհ­­լի­­­վանին։

Ապա Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը այ­­ցե­­­լեց Մէր­­սի­­­նի Մայր Քա­­ղաքա­­պետա­­րան եւ ըն­­դունո­­ւեցաւ Քա­­ղաքա­­պետ Վա­­հափ Սէ­­չէրի կող­­մէ։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, երե­­կոյեան, շքա­­խումբով այ­­ցե­­­լեց Մէր­­սի­­­նի Սուրբ Մի­­քայէլ Յոյն Ուղղա­­փառ Եկե­­ղեցին, ուր դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Տ. Իս­­բիր Թէյ­­մուր Քա­­հանա­­յի կող­­մէ։ Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնն ու ըն­­կե­­­րակից­­նե­­­րը կա­­տարե­­ցին իրենց ուխտի աղօթ­­քը։

Օրո­­ւան վեր­­ջին այ­­ցե­­­լու­­թիւնը տրո­­ւեցաւ քա­­ղաքի Ս. Ան­­թո­­­ւան Լա­­տին Կա­­թոլիկ Եկե­­ղեցիին, ուր մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ տեղ­­ւոյն հո­­գեւոր հո­­վիւ Հ. Ռո­­շան Վրդ. Քոր­­տէիրո­­յի կող­­մէ։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը նոյն գի­­շեր իջե­­ւանե­­ցաւ եկե­­ղեց­­ւոյ հիւ­­րա­­­նոցը։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 11 Օգոս­­տոս 2022, Հինգշաբ­­թի, շա­­րու­­նա­­­կեց իր ճամ­­բան դէ­­պի Հա­­թայ, մաս­­նակցե­­լու հա­­մար Ս. Աս­­տո­­­ւածած­­նի վե­­րափոխ­­ման տօ­­նին առ­­թիւ աւան­­դա­­­կան Մու­­սա Լե­­րան ուխտագ­­նա­­­ցու­­թեան։

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը առա­­ւօտուն հրա­­ժեշտ առաւ Մէր­­սի­­­նէն եւ ցա­­մաքի ճամ­­բով ան­­ցաւ Թար­­սուս։ Այս քա­­ղաքը ծննդա­­վայրն է Ս. Պօ­­ղոս Առա­­քեալի։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը այ­­ցե­­­լեց քա­­ղաքի Ս. Պօ­­ղոս պատ­­մա­­­կան եկե­­ղեցին, ուր կա­­տարեց իր ուխտի աղօթ­­քը։

Կէ­­սօրին, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը այ­­ցե­­­լեց Ատա­­նայի մեր հա­­մայնքէն Սա­­թանօղ­­լու ըն­­տա­­­նիքի բնա­­կարա­­նը, ուր հիւ­­րա­­­սիրո­­ւեցաւ սի­­րոյ սե­­ղանով։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը երե­­կոյեան հա­­սաւ Իս­­կենտէ­­րուն եւ հո­­վուա­­պետա­­կան անդրա­­նիկ այ­­ցե­­­լու­­թիւնը տո­­ւաւ տեղ­­ւոյն Ս. Քա­­ռասուն Ման­­կունք Եկե­­ղեց­­ւոյ։

Ժա­­մը 18.00-ին, Եկե­­ղեց­­ւոյ զան­­գի զո­­ւարթ ղօ­­ղան­­ջը աւե­­տեց Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քի այ­­ցը։ Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը աղ ու հա­­ցի օրհնու­­թե­­­նէ ետք, Հրա­­շափառ շա­­րակա­­նի եր­­գե­­­ցողու­­թեամբ մուտք գոր­­ծեց եկե­­ղեցի։ Կա­­նոնա­­կան աղօթքնե­­րէ ետք, Գա­­ւառի Տե­­սուչ եւ տեղ­­ւոյն հո­­գեւոր հո­­վիւ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան շնոր­­հա­­­կալու­­թիւն յայտնեց սոյն շնոր­­հա­­­բեր այ­­ցե­­­լու­­թեան հա­­մար եւ բա­­րի գա­­լուստ մաղ­­թեց Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը նոյն իրի­­կուն ըն­­դունեց Իս­­կենտէ­­րու­­նի, Քը­­րըք­­խա­­­նի եւ Վա­­քըֆ­­գիւղի եկե­­ղեցի­­ներու ծխա­­կան խոր­­հուրդնե­­րու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը, որոնց հետ եկե­­ղեցի­­ներու մա­­սին խորհրդակ­­ցե­­­լէ ետք, մէկ­­տե­­­ղուե­­ցաւ սի­­րոյ սե­­ղանի շուրջ։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը ժա­­մանեց Վա­­քըֆ­­գիւղ

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը 12 Օգոս­­տոս Ուրսաթ օր ժա­­մանեց Վա­­քըֆ­­գիւղ եւ դի­­մաւո­­րուե­­ցաւ Գա­­ւառի Մե­­րազն Ժո­­ղովուրդի Տե­­սուչ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանի գլխա­­ւորու­­թեամբ գիւ­­ղա­­­ցինե­­րու կող­­մէ։ Ըստ ըն­­կա­­­լեալ սո­­վորու­­թեան, Վա­­քըֆ­­գիւղցի­­ներ, Պատ­­րիարք Հայ­­րը ող­­ջունե­­ցին գիւ­­ղա­­­կան խրախ­­ճանքի երաժշտու­­թեամբ եւ ապա Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը առաջ­­նորդե­­ցին դէ­­պի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Եկե­­ղեցի։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը, 13 Օգոս­­տոս 2022, Շա­­բաթ երե­­կոյեան, գիւ­­ղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին գողտրիկ եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ նա­­խագա­­հեց կա­­նոնա­­կան երե­­կոյեան ժա­­մեր­­գութեան, մաս­­նակցու­­թեամբ հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րու, Իս­­թանպու­­լէն յատ­­կա­­­պէս ժա­­մանած սար­­կա­­­ւագ­­նե­­­րու եւ դպիր­­նե­­­րու, ինչպէս նաեւ հա­­ւատա­­ցեալ ժո­­ղովուրդի բազ­­մութեան։

Յա­­ւարտ ժա­­մեր­­գութեան, եկե­­ղեց­­ւոյ մուտքին կա­­տարո­­ւեցաւ աղի օրհնու­­թեան կար­­գը։ Այս աղն է, որ կը դրո­­ւի մա­­տաղօրհնու­­թեան առ­­թիւ պատ­­րաստո­­ւած հա­­րիսա­­յի կաթ­­սա­­­ներուն մէջ։

Պատ­­րիարք Հայ­­րը ընթրի­­քի սե­­ղանով պա­­տուա­­սիրո­­ւեցաւ գիւ­­ղի Մու­­սա Լեռ ճա­­շարա­­նին մէջ։

Երբ գի­­շերը սկսաւ իջ­­նել Մու­­սա Լե­­րան վրայ, Վա­­քըֆ­­գիւղի հրա­­պարա­­կին վրայ սկսաւ նաեւ տօ­­նական խրախ­­ճանքը։

Տա­­րինե­­րու աւան­­դութիւն է, որ Ս. Աս­­տո­­­ւածած­­նի վե­­րափոխ­­ման տօ­­նի նա­­խորդ գի­­շեր գիւ­­ղի ժո­­ղովուրդն ու ուխտա­­ւոր­­նե­­­րը մին­­չեւ կէս գի­­շեր կը զո­­ւար­­ճա­­­նան եր­­գով ու պա­­րով։ Նոյ­­նը կա­­տարո­­ւեցաւ նաեւ այս տա­­րի։ Հրա­­պարա­­կին վրայ ներ­­կա­­­ներ աւան­­դա­­­կան ու նոր եր­­գե­­­րով պա­­րեցին եւ ու­­րա­­­խացան։

Կէս գի­­շերին, Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հայ­­րը, իր շուրջ ու­­նե­­­նալով հո­­գեւոր հայ­­րե­­­րը եկաւ հե­­րիսա­­յի կաթ­­սա­­­ներու գլու­­խը եւ միաբե­­րան ար­­տա­­­սանո­­ւած աղօթ­­քով վա­­ռեց կրա­­կը։

Ս. Աս­­տո­­­ւածած­­նի Վե­­րափոխ­­ման տօ­­նի առ­­թիւ կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւած ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը իր կա­­տարին հա­­սաւ տա­­ղաւա­­րի Ս. Պա­­տարա­­գով։

Ն.Ա.Տ. Սա­­հակ Բ. Պատ­­րիարք Հայ­­րը 14 Օգոս­­տոս 2022, Կի­­րակի առա­­ւօտ նա­­խագա­­հեց Մու­­սա Լե­­րան Վա­­քըֆ­­գիւղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ մա­­տու­­ցո­­­ւած Ս. Պա­­տարա­­գին։

Ս. Պա­­տարա­­գը մա­­տոյց Հա­­թայի Ս. Եկե­­ղեցեաց հո­­վիւ եւ գա­­ւառի հա­­մայնքնե­­րու տե­­սուչ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան։ Ս. Սե­­ղանին սպա­­սար­­կե­­­ցին Բրշ. Հրա­­չեայ Սրկ. Սու­­րէ­­­նեան, Բրկ. Կսրկ.ներ՝ Կա­­րապետ Եոն­­թան, Հեր­­ման Վես­­քէ, Եու­­սուֆ Ուր. Դպ. Թա­­պաշեան եւ դպիր­­ներ։ Ներ­­կայ էր նաեւ Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեան։

Եր­­գե­­­ցողու­­թիւննե­­րը կա­­տարո­­ւեցան ներ­­կայ դպիր­­նե­­­րու եւ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րու կող­­մէ, առաջ­­նորդու­­թեամբ՝ Բրկ. Ղա­­զար Կսրկ. Սա­­պունճո­­ւի։

Յա­­ւարտ Ս. Պա­­տարա­­գի, Պատ­­րիարք Հայ­­րը քա­­րոզեց ու բա­­ցատ­­րեց Ս. Կոյս Աս­­տո­­­ւածա­­մօր վե­­րափո­­խու­­մը՝ Անոր յետ մա­­հու յա­­րու­­թիւնն ու եր­­կինք փո­­խադ­­րուիլը։ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ըսաւ, որ կա­­րեւոր է Ս. Աս­­տո­­­ւածած­­նի Վե­­րափոխ­­ման դէպ­­քը քա­­նի ան նա­­խախայ­­րիքն է մեր յա­­րու­­թեան։Քա­­նի գի­­տենք թէ Քրիս­­տո­­­նեայի հա­­մար մա­­հը ոչնչա­­ցում չէ, այլ վի­­ճակէ մը այլ վի­­ճակի անցնիլ։ Եւ Տէր Յի­­սուս ու­­նի խոս­­տում, որ իր սի­­րելի­­ներուն ապա­­կան­­ման առիթ պի­­տի չտայ։ Յա­­րու­­թիւնը քնա­­նալու վի­­ճակէն արթննալն է։ Այ­­սօր մեր Եկե­­ղեցին Տի­­րամօր յետ մա­­հու եր­­կինք փո­­խադ­­րո­­­ւիլը կը տօ­­նախմբէ։

Քա­­րոզի աւար­­տին, Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը թա­­փօրով առաջ­­նորդո­­ւեցաւ պար­­տէզ, ուր կա­­տարո­­ւեցաւ խա­­ղողօրհնէք։

Ս. Պա­­տարա­­գը ու­­ղիղ եթե­­րով տե­­սասփռո­­ւեցաւ հա­­մացան­­ցի մի­­ջոցաւ։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը շա­­րական­­նե­­­րով, սուրբգրա­­կան ըն­­թերցումնե­­րով եւ աղօթքնե­­րով, ապա ժո­­ղովուրդի եւս ձայ­­նակցած ամէն ալէ­­լուիանե­­րով օրհնեց Եկե­­ղեց­­ւոյ դրան առաջ դրո­­ւած սե­­ղանին վրա­­յի խա­­ղողի ող­­կոյզնե­­րը, որ­­պէս խորհրդա­­նիշ տա­­րուան ամ­­բողջ բեր­­քին եւ առա­­տու­­թեան։

Հուսկ, մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը առաջ­­նորդո­­ւեցաւ հե­­րիսա­­յի կաթ­­սա­­­ներուն գլու­­խը, ուր օրհնեց Մու­­սա Լե­­րան աւան­­դա­­­կան հե­­րիսան։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան օրհնու­­թեամբ իր աւար­­տին հա­­սաւ եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թիւնը։

Ապա ներ­­կա­­­ներ ստա­­ցան իրենց խա­­ղողի եւ հե­­րիսա­­յի բա­­ժին­­նե­­­րը։ Այսպէ­­սով իր աւար­­տին հա­­սաւ նաեւ Մու­­սա Լե­­րան այս տա­­րուան աւան­­դա­­­կան ուխտագ­­նա­­­ցու­­թիւնը։

Եկե­­ղեցա­­կան արա­­րողու­­թեանց աւար­­տին մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը ըն­­դունեց պաշ­­տօ­­­նական հիւ­­րեր, որոնց հետ մէկ­­տե­­­ղուե­­ցաւ սի­­րոյ սե­­ղանի շուրջ։ Նոյն առ­­թիւ եկած էին Սա­­ման­­տա­­­ղի Գա­­ւառա­­պետ Մու­­րատ Քիւ­­թիւք, Քա­­ղաքա­­պետ Ռէ­­ֆիք Էրեըլ­­մազ, Սա­­ման­­տա­­­ղի Միւֆթիւ Մէհ­­մէտ Տէ­­միր, Սա­­ման­­տա­­­ղի Զի­­նուո­­րային Հրա­­մանա­­տար Սէր­­վէթ Աս­­լան եւ Իս­­լա­­­հիյէի Քա­­ղաքա­­պետ Քէ­­մալ Վու­­րալ։

Տա­­ղաւա­­րի երկրորդ օրը՝ 15 Օգոս­­տոս 2022, Մե­­ռելոց յի­­շատա­­կի առ­­թիւ, Մու­­սա Լեր­­ան Վա­­քըֆ­­գիւղի Ս. Աս­­տո­­­ւածա­­ծին Եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ ճա­­շու ժամ կա­­տարո­­ւեցաւ, նա­­խագա­­հու­­թեամբ Ամեն. Ս. Պատ­­րիարք Հօր, մաս­­նակցու­­թեամբ Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեանի եւ Արժ. Տ. Շիր­­վան Քհնյ. Միւրզեանի։

Յա­­ւարտ ժա­­մեր­­գութեան, Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը առաջ­­նորդո­­ւեցաւ գիւ­­ղի գե­­րեզ­­մա­­­նատու­­նը, ուր պաշ­­տօն կա­­տարո­­ւեցաւ հա­­մայն ննջե­­ցելոց հոգ­­ւոց ի հան­­գիստ։

Վե­­րադարձ

Մեր Հո­­գեւոր Պե­­տը, աւար­­տե­­­լով իր հո­­վուա­­պետա­­կան այ­­ցե­­­լու­­թիւնը, երե­­կոյեան մեկ­­նե­­­ցաւ Հա­­թայի օդա­­կայա­­նը։ Այստեղ Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թեան ող­­ջերթ մաղ­­թե­­­լու փու­­թա­­­ցին Արժ. Տ. Աւե­­տիս Քհնյ. Թա­­պաշեան, Վա­­քըֆ­­գիւղի Ծխա­­կան Խոր­­հուրդէն Պետ­­րոս Քեահեայեան, Իս­­կենտէ­­րու­­նի Ծխա­­կան Խոր­­հուրդէն Կար­­պիս Քը­­սատուր եւ Քը­­րըք­­խա­­­նի Ծխա­­կան Խոր­­հուրդէն Եու­­սուֆ Թա­­պաշեան։

Նո­­րին Ամե­­նապա­­տուու­­թիւնը ուշ գի­­շեր վե­­րադար­­ձաւ քա­­ղաքս։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ