«Հրանդի Ընկերները» կը զօրակցին Կարօ Փայլանին

Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թե­նէն ետք դա­տական գոր­ծընթա­ցին բծախնդիր լրջու­թիւնով հե­տեւող եւ այս նիւ­թի շուրջ կա­տարած յայ­տա­րարու­թիւննե­րով հա­սարա­կու­թիւնը իրա­զեկող «Հրան­դի Ըն­կերնե­րը» հար­թա­կը այս ան­գամ ալ յայ­տա­րարու­թիւնով մը կը զօ­րակ­ցի Թուրքիոյ Խորհրդա­րանի հայ պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նի։

Վեր­ջին տա­րինե­րուն նախ­կին աւա­զակա­պետ Սե­տաթ Փե­քեր իր ապաս­տա­նած վայ­րէն կա­տարած նախ վիտ­յօ տե­սանիւ­թե­րով եւ ապա «Թո­ւիթըր»եան գրա­ռումնե­րով լուրջ փոր­ձանք մը դար­ձած է գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան հա­մար։

Փե­քեր ան­հերքե­լի փաս­տե­րու վրայ կը հիմ­նէ իր պնդումնե­րը, որոնք բա­ցար­ձակ լռու­թեամբ կը դի­մաւո­րուին իշ­խա­նու­թիւննե­րու կող­մէ։

Ան վեր­ջերս հրա­պարա­կումներ ու­նե­ցաւ նախ­կին զի­նուո­րակա­նի մը՝ Լե­ւենդ Կէօք­թա­շի հաս­ցէին։ Այս հրա­պարա­կու­մէն ետք մի այլ աւա­զակա­պետի՝ Ալա­հատ­տին Չա­քըճըի նա­խըին իրա­ւապաշտպան Մե­հմետ Սի­նան Ին­ճէ եւս հա­մացան­ցի մի­ջոցաւ հրա­պարա­կեց զգա­յացուցն պնդում մը։ Այդ պնդու­մի հա­մաձայն 2016 թո­ւին Լե­ւենդ Կէօք­թաշ Խորհրդա­րանի մէջ մա­հափորձ պի­տի կա­տարէր Կա­րօ Փա­յալա­նին դէմ։

Այս պնդու­մէն ետք Կա­րօ Փայ­լան հար­ցաքննու­թեան պա­հան­ջով դի­մում կա­տարեց Ան­գա­րայի Դա­տախա­զու­թեան։ Այս դի­մու­մէն ետք Մեմ­հետ Սի­նան Ին­ճէ շա­րու­նա­կեց իր սպառ­նա­կան գրա­ռումնե­րը։

«Հրանդի Ըն­կերնե­րը» այդ զար­գա­ցումնե­րը նշե­լով պա­խարա­կեցին դա­տական մար­միննե­րու պա­հած լռու­թիւնը եւ զօ­րակ­ցութիւն յայտնե­ցին Կա­րօ Փայ­լա­նին։

Կատա­րուած յայ­տա­րարու­թեան մէջ նշո­ւած է թէ Կա­րօ Փայ­լան առա­ջին օրէն իսկ հար­թա­կի յա­ռաջա­տար գոր­ծիչնե­րէն եղած է եւ 2015 թո­ւակա­նէն սկսեալ մեծ աշ­խոյժու­թեամբ ար­դա­րու­թեան պայ­քար կը տա­նի նաեւ Թուրքիոյ Խորհրդա­րանին մէջ իբ­րեւ ընտրեալ երես­փո­խան։ «Անըն­դունե­լի է բա­ցայայտ կեր­պով հրա­պարա­կուած մա­հափոր­ձի եւ ապա շա­րու­նա­կուող սպառ­նա­լիք­նե­րու դէմ դա­տախա­զու­թեան անդրդո­ւելի կե­ցուած­քը։ Կա­րօ Փայ­լան ժո­ղովուրդի ձայ­նե­րով ընտրո­ւած պատ­գա­մաւաոր մըն է։ Անոր ուղղո­ւած սպառ­նա­լիքը ուղղո­ւած է նաեւ ժո­ղովուրդի կամ­քին։ Կա­րօ Փայ­լան ընդմիշտ մեր­ժած է զո­հի կամ հե­րոսի կեր­պա­րը։ Ան միայն խա­ղաղու­թեան եւ ար­դա­րու­թեան դրօ­շակա­կիրը եղած է եւ մենք կը շա­րու­նա­կենք իր կող­քին մնալ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ