Բացում՝ Յիշողութեան Թանգարանի

«Թուրքիոյ Հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու Ինստու­­տուտ»ը հա­­մավա­­րակի շրջա­­նին էր, երբ «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­կան կազ­­մը որո­­շած էր առտնի աշ­­խա­­­տու­­թան, հիւ­­րընկա­­լուե­­ցաւ թեր­­թիս խմբագ­­րա­­­տու­­նը, ուր պատ­­րաստեց Թուրքիոյ առա­­ջին թո­­ւայ­­նա­­­ցած թան­­գա­­­րանը։

12 Սեպ­­տեմբեր եր­­կուշաբ­­թի երե­­կոյ Գա­­տըգիւղ, «Մօ­­տայի Բեմ»ը թա­­տերաս­­րա­­­հին մէջ հան­­րութեան ներ­­կա­­­յացուց իր աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րը։ Թան­­գա­­­րանի աշ­­խա­­­տակազ­­մը իրենց կի­­զակէ­­տին ու­­նե­­­նալով 12 Սեպ­­տեմբեր 1980 թո­­ւակա­­նի զի­­նուո­­րական մի­­ջամ­­տութիւ­­նը, պատ­­րաստեց մեծ հա­­ւաքա­­ծոյ մը։ Այդ հա­­ւաքա­­ծոյին մէջ տեղ գտան դա­­տական թղթած­­րարներ, որոնցմէ 142-ը թո­­ւայ­­նա­­­ցած եւ 75-ն ալ տպա­­գիր։ Նաեւ հա­­ւաքո­­ւեցան բազ­­մա­­­հազար էջե­­րէ բաղ­­կա­­­ցող իրա­­ւաբա­­նական փաս­­տա­­­թուղթ, աւե­­լի քան 250 ժա­­մի հաս­­նող 100 վկա­­յու­­թիւննե­­րու վե­­րաբե­­րեալ տե­­սագ­­րութիւններ, օրա­­թեր­­թեր եւ գիր­­քեր։

Յե­­ղափո­­խու­­թեան 42-րդ տա­­րելի­­ցին զու­­գա­­­դիպող բաց­­ման ու ծա­­նօթաց­­ման հա­­ւաքոյ­­թին ներ­­կայ գտնո­­ւեցան սոյն թո­ւակա­­նին եւ յա­­ջոր­­դող օրե­­րուն բեր­­ման են­­թարկո­­ւած, ձեր­­բա­­­կալո­­ւած ու դա­­տուե­­լով զա­­նազան պա­­տիժ­­նե­­­րու են­­թարկո­­ւած բազ­­մա­­­թիւ վկա­­ներ։ Անոնք նաեւ են­­թարկո­­ւած էին դա­­ժան տան­­ջանքնե­­րու, որոնք խորհրդան­­շա­­­նը դար­­ձած են այդ յե­­ղափո­­խու­­թեան։

«Թուրքիոյ Հե­­տազօ­­տու­­թիւննե­­րու Ինստու­­տուտ»ը հիմ­­նո­­­ւած է 2016-ին Նիւ Եորք։ Իր ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րը կը կա­­տարէ բազ­­մա­­­թիւ հե­­տազօ­­տողի, արո­­ւես­­տա­­­գէտի, գրո­­ղի, ճար­­տա­­­րապե­­տի, գիտ­­նա­­­կանի եւ գոր­­ծիչնե­­րու մաս­­նակցու­­թեամբ։

Ար­­դա­­­րեւ ծա­­նօթաց­­ման հա­­ւաքոյ­­թին ինստու­­տուտի աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րը լայն բա­­ցատ­­րութիւններ փո­­խան­­ցե­­­ցին իրենց տա­­րած գոր­­ծունէու­­թեան մա­­սին։ Այս բո­­լորի մա­­սին աւե­­լի բո­­վան­­դա­­­կալից ծա­­նօթու­­թիւն ստանալու հա­­մար «Թո­­ւիթըր», «Ինստակ­­րամ» կամ «Դի­­մատետր»ի մի­­ջոցաւ կա­­րելի է այ­­ցե­­­լել կազ­­մա­­­կեր­­պութեան էջե­­րը bellekmuzesi.org հա­­շիւով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ