«Ոսկէ Նարինջ»ի ցնցիչ պատգամները

Անթա­լիոյ «Ոս­կէ Նա­րինջ» կի­նօ-փա­ռատօ­նի այս տա­րուայ յաղ­թողնե­րը յայ­տա­րարո­ւեցան յա­տուկ մրցա­նակա­տուու­չութեան հան­դէ­սով։

Մրցա­նակ­նե­րու տո­ւու­չութեան ըն­թացքին կա­տարո­ւած ելոյթնե­րը Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տը ալե­կոծե­լու բնոյթ ու­նէին։

Լա­ւագոյն ֆիլմ մրցա­նակին ար­ժա­նացաւ Էօզ­ճան Ալ­փե­րի «Մութ Գի­շերը» անուն ֆիլ­մը։ Էօզ­ճան Ալ­փեր Հա­յաս­տա­նի «Ոս­կէ Ծի­րան» փա­ռատօ­նի շրջա­նակ­նե­րուն ալ ծա­նօթ բե­մադ­րիչ մըն է, որուն ան­ցեալին հե­ղինա­կած «Աշուն» եւ «Ապա­գան Եր­կար Կը Տե­ւէ» ֆիլմերը մեծ համ­բա­ւի տի­րացած էին։

«Մութ Գի­շեր» ֆիլ­մը Մու­րատ Ու­յուրքու­լա­քին ալ պար­գե­ւեց Լա­ւագոյն սցե­նար մրցա­նակը։ Ու­յուրքու­լաք մրցա­նակը ստա­նալէն ետք «Շատ շնոր­հա­կալ եմ։ Առանց եր­կա­րելու այ­սօր օրե­րէն շա­բաթ է, այս մրցա­նակը տաս­նա­մեակ­նե­րէ ի վեր պե­տու­թեան ձեռ­քով ան­հետ կո­րած որ­դի­ներուն հա­մար պայ­քա­րող Շա­բաթօ­րեայ Մայ­րե­րուն կը ձօ­նեմ» ըսաւ։

Իր հետ բե­մահար­թակ բարձրա­ցող բե­մադ­րիչ Էօզ­ճան Ալ­փեր ալ նախ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց Ու­յուրքուքլա­քին եւ ապա մաղ­թեց որ աւե­լի լու­սա­ւոր սցե­նար­ներ հե­ղինա­կելու առիթ­ներ ալ կ՚ու­նե­նան։ «Խնդի­րը տաս­նա­մեակ չէ, հան­րա­պետու­թեան 100-ամեակը պէտք է գնա­հատել։ Ոչ թէ ոմանց հա­մար, այլ բո­լորին հա­մար քա­ղաքա­ցիական հա­ւասար իրա­ւունքներ։ Մայ­րե­նի լե­զուով խօ­սելու հա­մար պայ­քա­րելու կա­րիք չթո­ղած երկրի մը մաղ­թանքով»։

Մեր վա­ղեմի բա­րեկամ Չիղ­տեմ Մա­թեր ալ պար­գե­ւատ­րո­ւեցաւ Ճա­հիտէ Սոն­քո­ւի անո­ւան մրցա­նակով։

Մա­թեր այս առ­թիւ Պա­քըր­գիւղի Կա­նանց Ար­գե­լանո­ցէն ու­ղարկած նա­մակին մէջ նախ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնէ «Տե­ղումնա­զուրկ Օրեր» ֆիլ­մի կին գոր­ծընկեր­նե­րուն եւ ապա կը թո­ւէ Թուրքիոյ շար­ժանկա­րի պատ­մութեան մէջ խո­րունկ հետ­քեր թո­ղած կին բե­մադ­րիչնե­րու*անուննե­րը եւ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնէ անոնց վաս­տա­կին։ Ան վեր­ջա­պէս կ՚ող­ջունէ մրցա­նակի անո­ւանա­տիրոջ Ճա­հիտէ Սոն­քույի աննկուն խի­զախու­թիւնը եւ կը յայ­տա­րարէ թէ իրենք ալ որ­դեգրած պի­տի ըլ­լան այդ նոյն կամ­քը։

Ան­թա­լիոյ Փա­ռատօ­նի ըն­թացքին գրա­կանու­թե­նէն սցե­նարի վե­րածո­ւելու մրցա­նակը շնոր­հո­ւեցաւ Էլիֆ Ռե­ֆիի եւ Մու­րատ Մահ­մուտեազը­ճըօղ­լո­ւի։ անոնք այս մրցա­նակին ար­ժա­նացան Զա­ւէն Պի­պէրեանի «Լկրտա­ծը» վէ­պը սցե­նարի վե­րածելով։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ