Օրթագիւղէ ներս դէպի նոր շրջան

13տա­րո­­ւայ ընդհա­­տու­­մէ մը ետք կա­­յացաւ հա­­մայնքա­­յին հաս­­տա­­­տաու­­թիւննե­­րու առա­­ջին ընտրու­­թիւնը, որու հե­­տեւան­­քով իշ­­խա­­­նափո­­խու­­թիւն ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւեցաւ Օր­­թա­­­գիւ­­ղի թա­­ղական խոր­­հուրդի հա­­շուոյն։

Ընտրո­­ւած նոր կազ­­մը գլխա­­ւորող Սար­­գիս Չե­­թին­­քա­­­յա «Ակօս»ի թղթակ­­ցին յայտնեց թէ իրենց առ­­ջեւ ծա­­ռացած գլխա­­ւոր պար­­տա­­­կանու­­թիւնը պի­­տի ըլ­­լայ Տո­­լափ­­տե­­­րէի մէջ Ղա­­լաթիոյ եկե­­ղեց­­ւոյ հո­­ղամա­­սին վրայ նոր շի­­նու­­թեան ձեռ­­նարկել։

«Խոս­­տում մըն էր, որը իրա­­կանաց­­նե­­­լու հա­­մար պի­­տի սպա­­սենք ընտրու­­թեան ար­­դիւնքնե­­րու պաշ­­տօ­­­նական վա­­ւերա­­ցու­­մը։ Ապա իս­­կոյն պի­­տի ձեռ­­նարկենք կա­­ռու­­ցո­­­ղական աշ­­խա­­­տան­­քին» ըսաւ Սար­­գիս Չե­­թին­­քա­­­յա։

Միւս կող­­մէ նախ­­կին ատե­­նապետ Իս­­քենտեր Շա­­հին­­կէօզ ալ իր կար­­գին յա­­ջողու­­թիւն մաղ­­թեց նո­­րըն­­տիր վար­­չութեան եւ յայտնեց թէ նման ծա­­ռայու­­թեան ամե­­նաբ­­նա­­­կան երե­­ւոյթն է մրցակ­­ցութիւ­­նը եւ ինք ու­­րախ է որ հա­­մերաշ­­խութեան մէջ կա­­տարո­­ւած է ընտրու­­թեան գոր­ծընթա­ցը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ