Շնորհանդէս Արսէն Եարմանի նոր գիրքին

3Նոյեմբեր հինգշաբթի երեկոյեան Կալաթասարայ Եափը Քրետի կեդրոնին մէջ տեղի ունե­ցաւ Ար­սէն Եար­մա­նի «Օս­մա­նեան շրջա­նի գո­հարե­ղէնը եւ հայ ոս­կե­րիչ­ներ» խո­րագ­րել ծա­ւալուն ու­սումնա­սիրու­թեան շնոր­հանդէ­սը։ Այս առ­թիւ սար­քո­ւած ըն­դունե­լու­թեան ըն­թացքին Գրի­գոր աւագ քա­հանայ Տա­մատեան ըն­թերցեց Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քի ող­ջունի խօս­քը, որ կը շնոր­հա­ւորէր հե­ղինա­կի բծախնդիր աշ­խա­տան­քը։

Պատ­րիարք սրբա­զան այս ու­սումնա­սիրու­թիւնը նոր առիթ մը կը հա­մարէր երկրէ ներս, հա­յու­թեան հան­դէպ կու­տա­կուած կան­խա­պաշար­նե­րը վե­րաց­նե­լու հա­մար։ Ապա ելոյթ ու­նե­ցաւ Եափը Քրե­տիի գե­ղարո­ւես­տա­կան հրա­տարա­կու­թիւննե­րու բաժ­նի վա­րիչ Կիւլ Իրե­բօղ­լու։ Ան նախ գնա­հատեց Ար­սէն Եար­մա­նի հա­ւաքա­րարի յատ­կութիւ­նը եւ ապա հա­տորին մէջ տեղ գտած փաս­տա­թուղթե­րու կա­րեւո­րու­թիւնը։

Ար­դա­րեւ աւե­լի քան 1400 էջե­րէ բաղ­կա­ցող ու­սումնա­սիրու­թեան մէջ տեղ գտած են բա­ցի գո­հարե­ղէն­նե­րու լու­սանկար­նե­րէն բազ­մա­թիւ գծագ­րութիւն եւ փաս­տա­թուղթ։ Գիր­քի սրբագ­րիչ Սապ­րի Քոզ ալ հրճուան­քով ար­տա­յայ­տո­ւեցաւ կա­տարո­ւած աշ­խա­տան­քին մա­սին, նշե­լով որ սրբագ­րութեան ըն­թացքին, երբ կ՚ըն­թերցէր այս ու­սումնա­սիրու­թիւնը տող առ տող, կ՚ապ­րէր հիաց­մունքի պատ­ճա­ռած ու­րա­խու­թիւնը։

Ար­սէն Եար­ման որ­պէս ու­սումնա­սիրող ար­դէն ծա­նօթ անուն մըն է նա­խապէս իր հրա­տարա­կած բազ­մաբնոյթ գոր­ծե­րով, որոնց մէջ յատ­կա­պէս ու­շագրաւ կը դառ­նան հայ բժշկա­գիտու­թեան աւան­դութեան մա­սին ծա­ւալուն հա­տորը եւ այլ պատ­մա­կան նիւթեր։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ