Պատմական պատասխանատուութեան ընդառաջ

Պիւյիւքտե­­րէի Սուրբ Հռիփ­­սի­­­մեանց Եկե­­ղեց­­ւոյ Ընտրու­­թեան յանձնա­­խումբը 2 Նո­­յեմ­­բեր թո­­ւակա­­նին «Սա­­րըյէր» անուն թեր­­թին տո­­ւած յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը 17 Դեկ­­տեմբեր 2022 թո­­ւակա­­նը ճշդեց, որ­­պէս ընտրու­­թեան թո­­ւական։

Վեր­­ջերս յա­­ճախ ակա­­նատես կ՚ըլ­­լանք 18 Յու­­նի­­­սին հրա­­տարա­­կուած հա­­մայնքա­­յին ընտրու­­թիւննե­­րու վե­­րաբերեալ նոր կա­­նոնա­­գիրը շրջան­­ցե­­­լու զա­­նազան փոր­­ձե­­­րու։

Սուրբ Հռիփ­­սի­­­մեան­­ցի Ընտրու­­թեան յանձնա­­խումբի փո­­խանակ հա­­մայնքա­­յին մա­­մու­­լի, այս թա­­ղական բնոյ­­թով թեր­­թին մէջ ծա­­նու­­ցում հրա­­պարա­­կելը իմաս­­տա­­­լից երե­­ւոյթ մըն է։ Ընտրու­­թեան յանձնա­­խումբը կը նշէ որ ընտրու­­թեան սնտուկն ալ պի­­տի տե­­ղադ­­րո­­­ւի միայն ու միայն Պիւ­­յիւքտե­­րէի եկե­­ղեցին։

Այսպէ­­սով կը յու­­սադրո­­ւի ընտրու­­թիւնը անցկաց­­նել բա­­ւական նեղ շրջա­­նակի մը մէջ, այժմու թա­­ղակա­­նու­­թեան հսկո­­ղու­­թեան տակ։

Մօտ ան­­ցեալին նոյն բա­­նը ընել փոր­­ձած էր Օր­­թա­­­գիւ­­ղի եկե­­ղեց­­ւոյ նախ­­կին վար­­չութիւ­­նը, որ ապա ժո­­ղովուրդի բո­­ղոքով ստի­­պուե­­ցաւ ետ քայլ ընե­­լու։ Այժմ նման ջան­­քեր կը գոր­­ծադրո­­ւին նաեւ Պիւ­­յիւքտե­­րէի մէջ այս թաղն ալ խա­­փանե­­լու հա­­մար։

Այս պա­­հուն նաեւ ու­­շադրու­­թիւննե­­րը սե­­ւեռած են երկրորդ տա­­րած­­քաշրջա­­նի ընտրու­­թիւննե­­րը կազ­­մա­­­կեր­­պող յանձնա­­խումբին վրայ։ Այդ յանձնա­­խումբը ի զօ­­րու է նման զեղ­­ծա­­­րարու­­թիւննե­­րու դէմ պատ­­շա­­­ճը տնօ­­րինե­­լու։ Եւ սա­­կայն այս թո­­հու­­բո­­­հին մէջ առ­­հա­­­սարակ չի լսո­­ւիր այդ յանձնա­­խումբի դիր­­քո­­­րոշու­­մը։

Միւս կող­­մէ Եր­­րորդու­­թիւն եկե­­ղեցիի թա­­ղակա­­նու­­թեան հա­­մար այ­­լընտրան­­քա­­­յին ցանկ պատ­­րաստե­­լու աշ­­խա­­­տանքնե­­րը աշ­­խուժա­­ցած են։

Հայ­­րե­­­նակ­­ցա­­­կան միու­­թիւննե­­րը կը փոր­­ձեն միաս­­նա­­­կան ցանկ մը պատ­­րաստել, որ­­պէս ժո­­ղովուրդի բո­­լոր խա­­ւերը ընդգրկող տար­­բե­­­րակ մը։ Այդ շրջա­­նակ­­նե­­­րու հա­­մաձայն իրենք կը մեր­­ժեն նա­­խագա­­հող ծա­­նօթ անու­­նի մը հա­­ւաքած անուննե­­րը եւ կը նա­­խընտրեն միաս­­նա­­­կան որո­­շու­­մով մը ներ­­կա­­­յանալ հան­­րութեան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ