Անսպառ գիւտերու աղբիւրը՝ Անի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Քարը քա­­րին վրայ դի­­զել։ Այս եղաւ հա­­յուն յատ­­կա­­­նիշը։ Բա­­բելո­­նէ այս կողմ, իւ­­րա­­­քան­­չիւր ժո­­ղովուրդ երկրա­­գունդի վրայ գո­­յու­­թիւնը նկա­­րագ­­րող յատ­­կութիւ­­նով մը ներ­­կա­­­յացուց իր կո­­չու­­մը։ Ոմանց վի­­ճակե­­ցաւ կեր­­տել, եւ ու­­րիշնե­­րուն ալ աւե­­րել։

Կեր­­տե­­­լու եւ աւե­­րելու խաչ­­մե­­­րու­­կին վրայ, հա­­զարա­­մեայ ողբ մըն է Անին։ Երկնա­­յին ար­­քա­­­յի գա­­հը նո­­ւաճե­­լու չար միտ­­քով մեկ­­նարկած էր Բա­­բելո­­նեան աշ­­տա­­­րակի շի­­նու­­թիւնը։ Է՛ու­­թեան պատ­­ժի մարդկա­­յին փո­­խադարձն է Անին։ Հա­­մաշ­­խա­­­րային ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան ներշնչման աղ­­բիւրն է ան։ Աղ­­բիւր՝ որուն ջու­­րով յա­­գեցան եւ­­րո­­­պական տա­­րած­­քի վրայ կո­­թական ոճի ճար­­տա­­­րապե­­տական կո­­թող­­նե­­­րը կա­­ռու­­ցողնե­­րը։ Այդ աղ­­բիւրի ջուրն էր, որ հա­­սաւ Կոս­­տադնու­­պո­­­լիս, Սուրբ Սո­­փիայի գմբէ­­թի կա­­մար­­նե­­­րը կա­­պելու։

Բա­­նաս­­տեղծա­­կան, երաժշտա­­կան, գե­­ղան­­կարչա­­կան բա­­զում ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով հա­­յը, հա­­յավա­­րի ու հա­­յերէն ող­­բաց հա­­յու միտ­­քով ու ձիռ­­քով կեր­­տո­­­ւած ու ապա որ­­բա­­­ցած Անիի տա­­ռապան­­քը։

Միւս կող­­մէ Անիի ձգո­­ղու­­թե­­­նէն տա­­րուե­­լու հա­­մար պայ­­ման չէ հա­­յու ծա­­գում ու­­նե­­­նալ։ Ան իր հրա­­պոյ­­րով կը հմա­­յէ բո­­լոր անոնց, որոնք կը գի­­տակ­­ցին գե­­ղեցի­­կին ու ար­­ժէ­­­քաւո­­րին։

Այդպի­­սինե­­րու շար­­քէն է Կար­­սե­­­ցի Վե­­տադ Աք­­չա­­­յէօզ, որ նո­­ւիրեալ աշ­­խա­­­տանք կը վատ­­նէ Անիի առեղ­­ծո­­­ւածը բա­­ցայայ­­տե­­­լու հա­­մար։ Այո՝ առեղ­­ծո­­­ւած մըն է Անին, թէ հո­­ղի երե­­սին տե­­սանե­­լի սքան­­չա­­­գոր­­ծութիւննե­­րով, եւ թէ ստո­­րերկրեայ, գետ­­նա­­­փոր քա­­րան­­ձաւնե­­րով։ Կան վար­­կածներ, ըստ որու այդ գետ­­նա­­­փոր քա­­րան­­ձաւնե­­րը հա­­տելով Ախու­­րեանի յա­­տակը, կը հաս­­նին գե­­տի հան­­դի­­­պակաց ափին, որ կը մնայ Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան սահ­­մաննե­­րու մէջ։

Վե­­տադ Աք­­չա­­­յէօզի վեր­­ջին ու­­սումնա­­սիրու­­թիւննե­­րու առանցքը կը կազ­­մեն Անիի տա­­ճար­­նե­­­րու որմնան­­կարնե­­րու յայտնա­­բերու­­մը։ Ան՝ օգ­­տո­­­ւելով հա­­մակարգչա­­յին կարգ մը ծրա­­գիր­­նե­­­րէ, յա­­ջողած է նաեւ վե­­րար­­տադրել մե­­ծաւ մա­­սամբ ոչնչա­­ցած որմնան­­կարնե­­րը։ Թէ որ­­մանկար­­նե­­­րու են­­թադրա­­կան ամ­­բողջու­­թեան մօ­­տենա­­լու եւ թէ ստո­­րերկրեայ քա­­ղաքի մա­­սին նոր յայտնա­­բերումնե­­րու ակ­­նարկե­­լով գիր­­քը կո­­չուած է «Անին՝ նոր գիւ­­տե­­­րով»։

Բա­­ցի այդ, ստո­­րերկրեայ առեղ­­ծո­­­ւածա­­յին քա­­ղաքի մա­­սին իր կող­­մէ առ­­նո­­­ւած լու­­սանկար­­նե­­­րով հա­­րուստ այս ու­­սումնա­­սիրու­­թեան հրա­­տարա­­կու­­թեան մե­­կենա­­սը եղաւ Հայ Ճար­­տա­­­րապետ­­նե­­­րու եւ Ճար­­տա­­­րագէտ­­նե­­­րու «Հայ­­Ճար» Միու­­թիւնը։ Ար­­դա­­­րեւ «Ակօս» տո­­ւած այ­­ցե­­­լու­­թեան պա­­հուն, հե­­ղինա­­կին կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցէին ճար­­տա­­­րապետ­­ներ, «Հայ­­Ճար»ի ատե­­նապե­­տու­­հի Կիւ­­լի­­­զար Ար­­թուչ եւ նա­­խորդ շրջա­­նի ատե­­նապետ Գէորգ Էօզ­­գա­­­րակէօզ։

Ար­­թուչ եւ Էօզ­­գա­­­րակէօզ, Պա­­լեան­­նե­­­րու նա­­խագիծ­­նե­­­րը նիւթ առ­­նող, այդ ոլոր­­տի մէջ բո­­լորո­­վին նոր գի­­տելիք­­ներ ներ­­կա­­­յաց­­նող հա­­տորի հրա­­տարա­­կու­­թե­­­նէն ետք, մեծ գո­­հու­­նա­­­կու­­թիւն կ՚ապ­­րէին Աք­­չա­­­յէօզի գիր­­քին մե­­կենա­­սու­­թեամբ։ Անոնք այս հրա­­տարա­­կու­­թիւննե­­րը կը բնու­­թագրէին իրենց միու­­թեան հա­­սարա­­կական ծա­­ռայու­­թեան օրի­­նակ­­ներ ըլ­­լա­­­լով։

Ար­­հեստա­­վարժնե­­րու կազ­­մած միու­­թիւննե­­րը իրենց նպա­­տակ կը դնեն եր­­կու ու­­ղի­­­ներ։ Առա­­ջինը, նոյն կամ նման արո­­ւեստնե­­րով զբա­­ղող­­նե­­­րու մի­­ջեւ զօ­­րակ­­ցութիւնն է։ Իսկ երկրոր­­դը, անոնց հա­­սարա­­կու­­թեան հան­­դէպ պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թեան պա­­հան­­ջած ծա­­ռայու­­թիւնը։ Այս երկրոր­­դի շնոր­­հիւ անոնք կը կո­­չուին հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւն։

Մեր սե­­ղանին դրո­­ւած է պա­­տուա­­բեր աշ­­խա­­­տասի­­րու­­թիւն մը, որ կու գայ աւել­­նա­­­լու Անիի ձօ­­նուած գրա­­կանու­­թեան հսկայ պա­­շարին վրայ, նոր գե­­րազան­­ցութիւն մը ըլ­­լա­­­լով։ Նոր գե­­րազան­­ցութիւն մը, քա­­նի ան նոր ու­­ղի­­­ներ բա­­նալու կա­­րողու­­թիւն ու­­նի ապա­­գայի հե­­տազո­­տիչ­­նե­­­րու հա­­մար։ Մե­­զի կը մնայ շնոր­­հա­­­ւորել մեր վա­­ղեմի բա­­րեկամ Վե­­տաթ Աք­­չա­­­յէօզը, իր այս թան­­կարժէք ու­­սումնա­­սիրու­­թեան հա­­մար։ Նոյնպէս շնոր­­հա­­­ւորե­­լու ար­­ժա­­­նի է «Հայ­­Ճար» միու­­թիւնը, նման աշ­­խա­­­տու­­թիւնը խրա­­խու­­սող գի­­տակ­­ցութեան առու­մով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ