Հրանդ Տինք ոգեկոչուեցաւ սպանութեան 16-րդ տարելիցին

Թերթիս Հիմնադիր Հրանդ Տինքի ոգեկոչման առթիւ հազարաւոր մարդիկ ինչպէս նախորդ տարիներ, այս տարի եւս հաւաքուեցան իրեն սպաննուած վայրը։ Այս տարուայ յիշատակման բանախօսն էր բեմադրիչ Էմին Ալփեր։

Էմին Ալփերի ելույթը կարող եք կարդալ ստորև.

"Բարեւ սիրելի բարեկամներ,

Այսօր ճիշդ 16 տարի եղաւ։ Մեր սիրտերը կրկին յուսահատ են, կրկին գիտնալով որ արդարութիւնը չէ հաստատուած եւ սպանիչներ աճեցնող խաւարը չէ անհետացած թերեւս նոյնիսկ թանձարացած է՝ հո՛ս համախմբուեցանք, այն մայթին վրայ ուր անոր մարմինը երկնցաւ անձայնօրէն յաւիտենական քունի։
Հրանդ Տինքի սպանութեան վրայէն 16 տարիներ անցան։ Օսմանպէյի մայթերուն վրայ տապալող մեր բարեկամին վէրքը դեռ կ’արիւնի։ Արիւնը, իրարու դէմ դարձած ոտքերուն միջեւ բարակօրէն հոսելով իրեն ճամբայ մը կը բնտռէ։ Արօրեայ վազվզուկներով սպասուող մարդոց խճողութեան մէջ, իր ետեւէն ողբացող զայրացած բարեկամներուն քովէն, արդարութիւն պանահջողներուն կրնակ դարձած դատարաններուն դռներուն ստորեւ, ամէն գիշեր հանգստօրէն տուն վերադարձող չարակամութիւն և նախանձ լեցուն մարդկանց առջեւէն հոսելով, Քամբ Արմէնին աւերակներուն մէջէն դէպի իր ծննադավայրին, դէպի Մալաթիոյ, դէպի Անատօլեան հողեր ճամբայ մը կը բնտռէ։

Այս բարակ հոսանքը իր ճամբան պիտի գտնէ՛։ Հրանդին արիւնը պիտի միանայ՝ այն նաւակին մէջի արիւնով որ կը տանէր Մուսթաֆա Սուֆի և ընկերները, այն կոտրուած ակնոցին վրայի արիւնով որ կը պատկանէր Սապահաթթին Ալիին, այն արիւնով որ Մուսա Անդէրին սպիտակ մազերէն ի վար կը հոսէր, 1915-ին Անատօլուի ամէն կողմէն կը հոսէր, 38-ին Տէրսիմի լեռներէն կը հոսէր, 55-ին Պոլսոյ մէջ խանութներուն կոտրուած ապակիներէն կը հոսէր, Մառաշ ու Սեբաստիյաէն կը հոսէր։
Անոնք որոնք կը տեսնեն այս ճամբաները ինքնաբերաբար կ’ըսեն․ «Որքա՜ն արիւն հոսէր է»։ Մինչդեռ անոնց թիւը որքա՜ն քիչ էր։ Քիչ էին թիւով սակայն առատ էր արիւնահոսութիւնը։ Որովհետեւ այս հողերուն վրայ ջարջարուելու համար միշտ բաւարար է փոքրաթիւ ըլլալ։ Ան որ փոքրաթիւ էր, միայն այս պատճառաւ անոր վրան մղուեցաւ մեծամասնութեան զայրոյթը։ Փոքրամասնութիւնները յայտարարեցին մեծամասնութեան ըսելով թէ «բազմաթիւ ու հզօր ըլլալով իրաւունք ունիս կը կարծես սակայն դուն չես կրցած քեզի նմանացնել զիս, որ չափ ատեն որ ես կը գոյատեւեմ, քու տիրապետութիւնդ երբէք լիակատար և անթերի պիտի չըլլայ»։ Ահաւասիկ այս պատճառով է որ մեծամասնութիւնը կ’ատէ փոքրամասնութիւնը։ Կը ջանայ զայն անտեսանելի դարձնել, անձայնացնել, աքսորել, փախցնել, լիովին ոչնչացնել։

Իրեն գլուխը եկած փորձանքներուն համար պատասխանատու համարուիլ մեծամասնութեան դժգոհութիւն պատճառեց։ Քանի որ մեծամասնութեան սխալիլի անկարելի էր, ուրեմն այս բոլոր փորձանքներուն պատճառը միշտ պէտք էր ըլլար փոքրամասնութիւն մը։ Փոքրամասնութիւն ըսել, սպառնալիք ըսել էր։ Անոնք բացարձակապէս կամ գաղտնապէս թշնամիներուն գործընկերներն էին։ Անոնք պոչաւոր էին, անոնց սարքած մատաղը չէր ուտուեր, անոնցմէ հիւանդութիւններ կը տարածուէին, մեր երախաները անոնք կը յափշտակէին, մեր երկիրը արտասահման կը գանգատէին, մեր հողերուն վրայ աչք դրած էին, մեզի կը բաժնէին, լրտես էին, դաւաճան էին եւ մեր թշնամիներուն հետ աշխատակից էին։

Մեծամասնութիւնը փափաքեցաւ ոչնչանցնել փոքրամասնութիւնը որովհետեւ ան անպաշտպան էր։ Մարդկութեան համար նախընտրելի է իր բոլոր նախանձը, ատելիութիւնն ու զայրոյթը ուղղել ամենէն անպաշտպան առարկային քան թէ իր բուն նպատակին։ Անպաշտպանները ջարջարել շահելի էր որովհետեւ ոճրագործերուն համար պատժուելու հաւանականութիւնը շատ տկար էր։ Մարդ էակը իր տնօրէնին հանդէպ, իրեն տիրապետող իշխանութեան հանդէպ, իրեն ճնշող զօրաւորին հանդէպ, կեանքի դժուարութիւններուն եւ աղետներուն հանդէպ որքան անձայն, ճակատագրապաշտ և վախկոտ կը վարուի, այնքան ալ կը խստանայ փոքրամասնութեան դէմ։ Որովհետեւ գաղտնաբար գիտէ թէ անպաշտպան փոքրամասնութեան մը դէմ գործուած ուժգնութիւն մը անպատիժ պիտի մնայ։ Եւ ձեռնհասներ․․։ Անոնք ալ մեծամասնութիւնը կատղեցուցին երեւակայական թշնամիներու հանդէպ, որպէսզի հասարականութեան զայրոյթը իրենց դէմ չուղղուի։ Ձեռնհասներ կազմակերպեցին, տնօրինեցին, աջակցեցին ու ոճրագործերուն երդում ըրին թէ իրենց յանձանքը անպատիժ պիտի մնայ։

Այս պատմութիւնը միայն մեր հողերուն չէ որ կը պատկանէր, այլ ամենայն մարդկութեան։ Կոտորածներ, ողբերգութիւններ, աքսորներ, ջարդեր և ցեղասպանութիւններ աշխարհի գրեթէ բոլոր հողամասերուն վրայ, ժամանակակաից պատմութեան էջերուն մէջ կրկնուեցաւ ու կրկնուեցաւ։ Մեծամասնութիւնը ատեց փոքրամասնութեան։ Բայց մեծագոյն ատելութիւնն ցոյց տուաւ անոնց որոնք կը խօսէին ի յանուն փոքրամասնութիւններուն, կը պաշտպանէին ապրիլ իբրեւ հաւասար ու ազատ քաղաքացիներ, ոչ թէ անհպելիներ, իրենց դէմ կատարուած բոլոր յանձանքները անվախօրէն կը պատմէին իրենց ոճրագործերուն երեսը։ Ահաւասիկ Հրանդ Տինքն ալ այս պատմութեան անզսպելի տիպարներէն մէկն էր։ Կարելի չէր որ իրեն հանդուրժէին որովհետեւ ան առանց խռովելու անկեղծութեամբ կը խօսէր, առանց թշնամանալու թշնամութիւնը կ’ատէր, առանց կռուելու կը յաջողէր անզիջող մնալ, քաջասիրտ էր քանզի ուրիշ ձեւ մը չէր գիտեր, առանց պոռալու կը ցնցէր, ան կը դողացնէր իր դպչած ամէն մէկ սիրտը։ Ան ո՛չ թէ միայն հայերու համար կը պայքարէր, այլ բորոր ճնշուածներու, բոլոր անլսելի դարձածներու համար պայքարող ընկերավարական մըն էր։ Գրիգոր Զոհրապին շարաւիղն էր ան։ Կարելի չէր որ հանդուժէին այս ձայնին։ Եւ մեծամասնութեան ըմբռնողականութեան անուան յանձանք գործողներ 16 տարի առաջ զայն հո՛ս սպաննեցին։

Մարդկային պատմութիւնը այսպէս սկսաւ ու շարունակեց սակայն այսպէս վերջանալու պատաւոր չէ։ Այս պատմութիւնը կրնանք փոխել և փոխելու պարտաւոր ենք։ Եթէ արդարութիւն կը ցանկանք, Հրանդը սպանողներուն, միայն ոճրագործերուն չէ սպառնացողներուն ալ, միայն սպառնացողներուն չէ թիրախ ցցնողներուն, կատղեցնողներուն ալ, թշնամութեան և ատելութեան հունտեր ցանողներուն ալ պատժուիլը կ’ուզենք․ միայն Հրանդին արիւնը չէ որ մեր մէջ կը հոսի, այլ այս հողերուն վրայ ջարդուած հազարաւոր մարդկանց արեան համար պարտաւոր ենք այս պատմութիւնը փոխելու։ Այս պատմութիւնը վերստին գրելու համար միանալու, մեծամասնութեան և կարաւարութեան բռնութեան դէմ միասնաբար, եղբայրաբար պայքարելու պարտաւոր ենք։ Անպաշտպան պիտի չըլլանք՝ երբ իր ամուսնոյն կամ սիրահարին կողմէ արիւնախանձութեամբ սպաննուած կինը մինակ չէ, երբ վարկաբեկուող ու անմեղքօրէն դատապարտուող Սրիացին կամ Քիւրտը մինակ չէ, երբ ջարդուած Հայը, զատորոշուող Ռօմանը մինակ չէ, երբ իրենց կեանքը ազատօրէն վայելել փափաքող «LGBTİ» շարժումին անդամները մինակ չեն։ Մեր մէջէն որեւէ մէկուն հանդէպ գործադրուելիք բռնութեան հաշիւը հարցնելու պատրաստ ենք։

Մարդկութեան պատմութիւնը փոխուելու պարտաւոր է և մենք զայն պիտի փոխենք։ Նախ միանալով ու համագործակցելով, յետոյ մեր խօսքը մեծամասնութեան ուղղելով։ Պիտի ձայնենք անոր․ «Դուն առանց մեզմով ուրախ չես, այլ մեզմով ուրախ ես»։ Մենք քեզի համար ատելի օտարներ չենք, մենք ու հարստութիւնդ ենք։ Ատելութիւնդ միայն մեզի չէ որ կը բճացնէ, այլ դուն ալ կը ոչնչանաս։ Այս դրութիւնը որուն մէջ զօրաւորը կը ճնշէ տկարին, մարդկային պատիւը ոտնի տակ կ’առնուի, շահագործութիւն և զատորոշութիւն կը տիրապետէ, մենք չէ որ հաստատած ենք բայց միասնաբար մենք կրնանք զայն տակնուվրայ ընել։ Դիմացինդ թշնամի չէ, բարեկամ է։ Ամէն առաւօտ երբ արթննաս դիմացդ եղբայրդ պիտի տեսնես։ Անկէ ուժ առնելով, ցաւերով, արիւնով, վախ ու սարսափով, անդարութեամբ սնացող ձեռնհասերուն, իրենց իշխանութիւնները պահելու համար անկեղծ մարդիկը իրարու դէմ առ դէմ կատղեցնողներուն «Կեցի՛ր» պիտի ըսես։ Միասնաբար ապրիլ ու թշնամութիւնը այս հողերուն տակը թաղել անկարելի չէ։

Օսմանպէյի մայթերէն Հօզադ, Հօզադէն Սասուն, Սասունէն Վան, Տիգրանակերտ երկարող արիւնոտ ճամբաները մինչեւ հորիցոն կը հասնին։ Օր մը յուշարձաններ պիտի տնկենք անկիւնադարձերուն։ Ամէն մէկ զոհին պատմութիւնը պիտի սորվինք ու սուգը պիտի բռնենք։ Մարդկութեան պատմութիւնը այսպէս պիտի փոխենք։  Որովհետեւ մենք Հրանդին ընկերներն ենք և անոր երդում մը ըրինք։ Մեր երդումն է միասնաբար, հաւասար ու ազատ կեանք մը վայելել է։ Հո՛ս ենք անգամ մը եւս յիշելու համար այն երդումը։ Հո՛ս ենք միաբերան մոչելու համար՝ «Ազգամոլութեան դէմ եղբայրս ես Հրանդ»։ Վաղը ինչպէ՞ս միաբերան «կին, Ալէվի, Քիւրտ, համասեռ, սեռափոխ» պիտի ըլլանք, այսօր ալ հպարտութեամբ, հաստատամտութեամբ և պատիւով «Բոլորս Հրանդ ենք, բոլորս Հայ ենք» պոռալու համար հո՛ս ենք։ Մատիտը պատմութիւնը արձանագրող մարդասպաններուն ձեռքէն առնելու, միասնաբար եղբայրութեան պատմութիւն մը գրելու համար հո՛ս ենք։

Ուրեմն անգամ մը եւս և միաբերան՝ «Ազգամոլութեան դէմ եղբայրս ես Հրանդ»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ