Տէրիքի մատուռի ոդիսականը

ԷՅՅՈՒՊ ԿԻՒՎԵՆ

1915 թուականը հայերու կոտորածի գագաթնային տա­րեթիւն է, բայց այդ վայ­րա­գու­թեան հետ­քե­րը մին­չեւ այ­սօր տե­սանե­լի կը մնան։ Վիշ­տով լե­ցուն յու­շե­րը ամե­նայն կեն­դա­նու­թեամբ մին­չեւ օրս կը փո­խան­ցո­ւին։ Թէեւ միայն ձե­ւական նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող նե­րողու­թեան նա­խադա­սու­թիւննե­րը մերթ ընդ մերթ կը լսո­ւին, բայց լուրջ առե­րեսում մը ցարդ չէ իրա­կանա­ցած։

1923-էն այս կողմ քրիս­տո­նեանե­րու ինչքե­րը կար­ծես Աս­տո­ւածա­յին ըն­ծայ մը ըլ­լայ, անխնայ կեր­պով կը թա­լանո­ւին։ Այդ վայ­րագ թա­լանի վառ վկա­յու­թիւննե­րէն մէկն է եր­բեմնի Սուրբ Գէորգ եկե­ղեց­ւոյ ախոռ ըլ­լա­լով գոր­ծա­ծու­թիւնը։ 10 ար­տա­վար­նոց նախ­կին գե­րեզ­մա­նատան հո­ղին հա­ւասա­րաց­նե­լով վրան ­շէնքեր կա­ռու­ցելն ալ մի այլ օրի­նակ է։

Նոյնպէս քրիս­տո­նեանե­րով բնա­կեցուած տու­նե­րը անխնայ կեր­պով աւե­րուած են։ Այս տե­սակ օրի­նակ­նե­րուն բա­ցի Մար­տի­նի Տէ­րիք գա­ւառէ, տա­րած­քաշրջա­նի զա­նազան վայ­րե­րու մէջ հան­դի­պիլ կա­րելի է։

Այս գրու­թիւնով կը փոր­ձեմ ըն­թերցող­նե­րու ու­շադրու­թեան յանձնել եր­բեմնի հա­յապատ­կան մա­տու­ռը, որ ան­ցեալին գոր­ծա­ծուած էր իբ­րեւ կա­ռավա­րու­թեան շէնք եւ ապա բանտ ըլ­լա­լով։ Իսկ այժմ պատ­րաստու­թիւններ կը տա­րուին մա­տու­ռը սրճա­րանի վե­րածե­լու հա­մար։

Հա­յերը այս աւա­նի թէ տնտե­սական եւ թէ ըն­կե­րային զար­գացման մէջ շատ կա­րեւոր ներդրում ու­նե­ցած են։ Այդ ներդրու­մին հիմ­նա­կան տար­րը ու­սումն էր։ Անոնք մեծ կա­րեւո­րու­թիւն տո­ւած էին ուսման, որու հե­տեւան­քով կա­ռու­ցած էին զա­նազան դպրոց­ներ։ Այդ դպրոց­նե­րու ջամ­բաց ու­սումէն օգ­տո­ւած են նաեւ մահ­մե­տական ըն­տա­նիք­նե­րու երա­խանե­րը։ Այդ դաս­տիարա­կու­թեան վառ վկա­յու­թիւնը կրնանք հա­մարել Տէ­րիքի մէջ իբ­րեւ քա­ղաքա­պետ 1947-1951 թո­ւական­նե­րուն պաշ­տօ­նավա­րած Հա­միտ Քա­յան, որ կա­տարեալ կեր­պով կը տի­րապե­տէր հա­յերէն եւ ֆա­րան­սե­րէն լե­զու­նե­րուն։ Ես ան­ձամբ ակա­նատե­սը եղած եմ անոր այս լե­զու­նե­րու հան­դէպ խոր իմա­ցու­թեան։ Այդ իմա­ցու­թիւնը կը պար­տէր այ­սօր սրճա­րանի վե­րածո­ւիլ ու­զող մա­տու­ռի կող­քի դպրո­ցին։

Ցարդ կա­տարո­ւած հե­տազօ­տու­թիւննե­րով հաս­տա­տած ենք որ նախ­քան 1915 Տէ­րիքի մէջ գոր­ծած են հինգ հայ­կա­կան դպրոց­ներ։ Անոնցմէ եր­կուքը նա­խակրթա­րան­ներ էին, եր­կուքը ման­կա­պար­տէզներ եւ մէկն ալ, բա­ցի հա­յերէնէ օս­մա­ներէն եւ ֆրան­սե­րէն լե­զու­նե­րուն դա­սաւան­դուած բարձրա­գոյն վար­ժա­րան։

Այդ դրոպ­նե­րէն մէկն ալ վե­րածո­ւած է կա­ռավա­րու­թեան շէն­քի։ Այդ շէն­քը աւե­լի ետք գոր­ծա­ծուե­ցաւ նախ որ­պէս բանտ եւ ապա հա­սարա­կական կրթու­թեան կեդ­րոն։

Տէ­րիքի մէջ այ­սօր «Քիւ­չիւքփը­նարի կեդ­րո­նական մզկիթ» անու­նով ծա­նօթ մզկի­թը եր­բեմնի Տէ­րիքի Հայ Կա­թողի­կէ եկե­ղեցին է։ Այդ եկե­ղեցին հա­մալիր մըն էր , որ կը բաղ­կա­նար երեք հա­տուած­նե­րէ։ Այդ հա­տուած­նե­րէն մէ­կը եռա­յարկ դպրոցն էր։ Դպրո­ցը ու­նէր նաեւ գի­շերօ­թիկ աշա­կերտներ եւ յարկե­րէն մէ­կը անոնց ննջա­րան­ներն էին։ Ու­րիշ հա­տուած մըն ալ մա­տուռն էր, որ այ­սօր կը փոր­ձեն սրճա­րանի վե­րածել։ Այս առու­մով սկսած է վե­րանո­րոգ­ման աշ­խա­տու­թիւն մը։ Ան­շուշտ որ պատ­մա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող շի­նու­թեան մը վե­րանո­րոգու­մը ող­ջունե­լի նա­խաձեռ­նութիւն մըն է։ Բայց ան­ցեալի սրբա­վայ­րին այ­սօր սրճա­րանի վե­րածո­ւիլը խիղ­ճե­րը վի­րաւո­րող երե­ւոյթ մը ըլ­լա­լով կը տես­նենք։ Այս պա­հուն մարդ պէտք է իս­կոյն մտածէ թէ ար­դեօք ի՞նչ կը զգայ իր աղօ­թատե­ղիին այսքան նպա­տակէն շե­ղած գոր­ծա­ծու­թիւնը տես­նե­լով։

Իրա­կանու­թեան մէջ շատ աւե­լի պատ­շաճ պի­տի ըլ­լար ան­ցեալին տխուր յու­շե­րը բեռ­նա­ւորո­ւած այս կա­ռոյ­ցին յի­շողու­թեան վայր մը ըլ­լա­լով վե­րանո­րոգո­ւիլը։

Մտա­հոգ եմ թէ կլկլա­կի ծու­խե­րուն մէջ այ­լա­սերած այս կա­ռոյ­ցը ան­գամ մը եւս պի­տի վի­րաւո­րէ այս յոգ­նա­տանջ գա­ւառը այ­ցե­լող քրիս­տո­նեանե­րու հո­գեվի­ճակը։ Հե­րիք է թա­լանի տրա­մադ­րութեան ան­յագ ագա­հու­թեան են­թարկուինք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ