Գծավէպը կ՚ապրի վերելքի շրջան

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

«Արաս» հրա­տարակ­չա­տան գծա­վէպի շար­քի այս չոր­րորդ գիր­քը, ինչպէս նա­խապէս հրա­տարա­կուած «Հայ Մեծ ման», «Վար­դօ»ն եւ «Հայ ու­րո­ւակա­նը», ըն­թերցո­ղը կը հրա­ւիրէ յայտնա­բերե­լու Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի խոր­քե­րէն աշ­խարհի չորս ծա­գերուն տա­րածո­ւած պատ­մութիւններ, պատ­մութեան այն էջե­րը, որոնք նոյն սաստկու­թեամբ կ՚ազ­դեն ժա­մանա­կակից հայ ան­հա­տի վրայ։

Լո­րան Կա­լան­տո­նի եւ Վի­վիէն Լի­քայի­սի «Ծաղ­կա­ւոր տետ­րակ»ը, ըն­թերցո­ղին կը ներ­կա­յաց­նեն չամ­բողջա­ցած հա­մադ­րութիւն մը։

Աշ­խարհահռչակ թուրք ջու­թա­կահա­րի մը Փա­րիզի հա­մեր­գը առիթ կ՚ըլ­լայ հե­տաքրքրա­շարժ ծա­նօթու­թեան մը։

Գծա­վէպը գրա­կանու­թեան այն տե­սակն է, որ ըն­թերցո­ղին կը մա­տու­ցէ նաեւ պատ­կե­րազարդ պա­տում մը։ Այդ գծան­կարնե­րու շնոր­հիւ մշա­կուող նիւ­թը կը ստա­նայ աւե­լի տպա­ւորիչ բնոյթ։ Կը յի­շեմ գրա­կանու­թեան այս տե­սակի մա­սին դժկա­մու­թիւննե­րու եւ մեր­ժո­ղակա­նու­թեան բազ­մա­թիւ խրատ­ներ։ Մեր պա­տանու­թեան տա­րինե­րուն կը սի­րէինք ըն­թերցել գծա­վէպեր, բայց չեմ գի­տեր թէ ինչպի­սի յե­տադի­մակա­նու­թեան մը ար­տա­յայ­տութիւ­նը, մեզ կը խրա­տէին այդ տե­սակի գիր­քե­րէն հե­ռու մնալ, պատ­ճա­ռաբա­նելով թէ անոնք ըն­թերցման ծու­լութիւն կը յա­ռաջաց­նեն։ Այն ժա­մանակ ալ չէի հա­ւատա­ցած այդ պատ­ճա­ռաբա­նու­թեան։

Ար­դա­րեւ այ­սօր մեծ ու­րա­խու­թիւն է տես­նել «Արաս»ին գծա­վէպե­րու մա­տենա­շարին ճո­խացու­մը։

«Ծաղ­կա­ւոր տետ­րակ»ը կը սե­ւեռէ մեր ապ­րած տա­րածաշրջա­նի դառն ու ցնցիչ ժա­մանա­կահա­տուած­նե­րէն մէ­կը եւ ցոյց կու տայ, որ ամե­նախա­ւար պայ­մաննե­րու տակ իսկ յոյ­սը պէտք է ապ­րի։ Ոգե­ւորիչ գծա­գէպ մը, որ պահ մը իսկ չի կորսնցներ իր կշռոյ­թը եւ ըն­թերցո­ղը կ՚առ­նէ իր մէջ…։

Հա­յերէն եւ թրքե­րէն տար­բե­րակ­նե­րով լոյս տե­սած «Ծաղ­կա­ւոր տետ­րակ»ը ֆրան­սե­րէն բնա­գիրէն թարգմա­նած են Լո­ւիզ Պա­քար եւ Հան­տէ Թո­փալօղ­լու Հարտման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ