Թուրքիայի Հայոց պատրիարքարանը երկրաշարժի վերաբերյալ հայտարարություն է տարածել

Թուրքիայի Հայոց պատրիարքարանը գրավոր հայտարարություն է տարածել Քահրամանմարաշի տեղի ունեցած երկրաշարժի մասին, որը տուժած է 10 քաղաքներ։ Նկարագրությունը հետևյալն է.

ԱՀԱՒՈՐ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԸ ԱՒԵՐ ԳՈՐԾԵՑ

Այս առաւօտ ժամը 04՞00-ի շուրջ Քահրաման Մարաշ կեդրոնով պատահած երկրաշարժը մեծ աւարներ գործեց Թուրքիոյ կարեւոր մէջ շրջանի նահանգներէն ներս։ Մանաւանդ պատահած է մաարկային կեանքի կորուստներ կարեւոր թիւով։

Երկրաշարժի պատճառած աւերները բնականաբանր ցաւ յայռաջացուցած է Թուրքիոյ տարածքին եւ պետութեան համակարգը անմիջական միջամտութիւններու ձեռնարկած է աււերուած շրջաններէն ներս։

Այս առաւօտ կանուխ ժամերուն Պատրիարքական Աթոռը Պատրիարքական Փոխանորդ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւագ Քահանայի եւ Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Աւագ Քահանայի միջոցաւ կապ հաստատած է այն շրջաններուն հետ , ուր կը գտնուին եկեղեցիներ ու համայնք եւ իրենց փոխանցուած է Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւններն ու ցաւակցութիւնները։։

Առաջին առթիւ ստացուած տեղեկութիւնները կը տրուին ստորեւ։ Յառաջիկային ստացուած լուրերը պիտի հաղորդուին։

ՄԱԼԱԹԻԱ.- Համայնքի ընտանիքներէն միոյն բնակարանը փլած ըլլալով մահ պատահած է կեանքի կորուստ։

ԷԼԱԶԸՂ.- Քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր։ Համայնքի անդամերը թէեւ վրդոված են, սակայն անձի կորուստ չկայ։

ՏԻՅԱՐՊԱԳԸՐ.- Յովհաննէս Կաֆֆւկրէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն Եկեղեցին վնաս չէ կրած։ Քաղաքի մէջ աւերուած են շէնքեր։

ԻՍԿԵՆՏԵՐՈՒՆ.- Արժ. Տ. Աւետիս Քահանայէ ստացուած տեղեկութեանց համաձայն քաղաքի կեդրոնը աւերներ յառաջացած է։ Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին հիմնայատակ կործանած է։ Սրբոց Քառասուն Մանկունք Եկեղեցին եւս աւեր կրած է։ Անձի կորուստի մասին որեւէ տեղեկութիւն չկայ։

ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂ .- Մտահոգիչ պարագայ չկայ։

ՍԻՎԱԶ.- Երկրաշարժը թէեւ զգալի դարձած է, սակայն համայնքի անդամները վրդոված են։ Անձի եւ ինչքի կորուստ չկայ։

ԿԵՍԱՐԻԱ.- Երկրաշարժթ զգալի ըլլալով հանդերձ,Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին որեւէ վնաս չէ կրած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ