Ասորի գիւղերու տարածքները կը փոխանցուին ԹՕՔԻ-ին

Մարտի­նի Նու­սա­յպին (Մծբին) գա­ւառի ասո­րիաբ­նակ գիւ­ղե­րու մեր­ձա­կայ տա­րածքնե­րը վեր­ջերս կը փո­խան­ցո­ւին պե­տական շի­նարա­րական ըն­կե­րու­թիւն ԹՕ­ՔԻ-ի տրա­մադ­րո­ւթեան։ Խորհրդա­րանի ասո­րի պատ­գա­մաւոր Թու­մա Չե­լիք այս մա­սին իր դժգո­հու­թիւնը յայտնեց։ Նիւ­թը երե­ւան ելաւ, երբ գիւ­ղի բնա­կիչ­նե­րէն մէ­կը Պե­տական Գան­ձին դի­մելով ու­զեց գնել գիւ­ղի տա­րածքնե­րէն մէ­կը։ Պե­տական Գան­ձը պա­տաս­խա­նեց որ տա­րած­քը Ան­գա­րա կա­տարո­ւած աճուրդով մը փո­խան­ցո­ւած է ԹՕ­ՔԻ-ին։

Թու­մա Չե­լիք Քա­ղաքա­շինու­թեան Նա­խարար Մու­րատ Քու­րումին ուղղեց հե­տեւեալ հար­ցումնե­րը.

1 Մար­տի­նէ ներս որ­քա՞ն տա­րածք ԹՕ­ՔԻ-ի փո­խան­ցո­ւած է։

2 Այս տա­րածքնե­րէն որ­քա՞նը վա­ճառո­ւած եւ ի՞նչ գու­մար գան­ձո­ւած է։

3 ԹՕ­ՔԻ Մար­տի­նի մէջ քա­նի՞ բնա­կարան կա­ռու­ցած է։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ