Վանի Անհետացած Աշխարհը

Յովսէփ Թօ­քաթի նա­խապէս հրա­տարա­կուած հայ ար­ծա­թագործնե­րու ար­հեստա­կան աւան­դութեան առու­­մով յի­­շուած Վան քա­­ղաքը, այժմ ու­­րոյն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով լոյս տե­­սած է «Ինքիլափ» հրա­­տարակ­­չա­­­տան մա­­տենա­­շարէն «Վա­­նի Ան­­հե­­­տացած Աշ­­խարհը» խո­­րագ­­րով։

Այս ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ հե­­ղինա­­կը տա­­րած­­քաշրջա­­նի աշ­­խարհագ­­րա­­­կան, ազ­­գագրա­­կան, եւ մշա­­կու­­թա­­­յին իւ­­րա­­­յատ­­կութիւննե­­րը կ՚ու­­սումնա­­սիրէ, մեկ­­նարկե­­լով հե­­թանո­­սական շրջան­­նե­­­րէն մին­­չեւ Օս­­մա­­­նեան Կայրսու­­թեան վար­­չա­­­կազ­­մի մէջ ու­­նե­­­ցած դե­­րակա­­տարու­­թիւնը։

Յով­­սէփ Թօ­­քաթ ծնած է Քղէի Ճեր­­մակ գիւ­­րը եւ եօթ տա­­րեկա­­նին ըն­­տա­­­նեօք գաղ­­թած է Իս­­թանպուլ։ Գիր­­քի նա­­խաբա­­նին մէջ ան կը նշէ թէ Վա­­նը իր սրտին ու յի­­շողու­­թեան մէջ որ­­քան մեծ տպա­­ւորու­­թիւններ թո­­ղած է։ «Պատ­­մութեան գրա­­կանու­­թեան մէջ որո­­նումնե­­րու ոդի­­սական մըն էր, որուն պտու­­ղը եղաւ այս գիր­քը»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ