Խուճապին կը յաջորդէ վերականգնումը

ԻՇԽԱՆ ԷՐՏԻՆՉ

Հան­րա­­պետու­­թեան շրջա­­նի յատ­­կանշա­­կան երե­­ւոյթնե­­րէն մէկն ալ Թուրքիոյ տա­­րած­­քին բնա­­կող քրիս­­տո­­­նեանե­­րու տա­­րինե­­րու հո­­լովոյ­­թով դէ­­պի մեծ քա­­ղաք, մա­­նաւանդ ալ Պո­­լիս գաղթն է։ Այսպէս գա­­ւառի զա­­նազան քա­­ղաք­­ներ կորսնցու­­ցին իրենց պատ­­մա­­­կան դի­­մագի­­ծը։ Այս ընդհա­­նուր հա­­մայ­­նա­­­պատ­­կե­­­րին մէջ բա­­ցառու­­թիւն կը կազ­­մէր Հա­­թայ նա­­հան­­գը, որ բա­­ւակա­­նին ուշ, 1939 թո­­ւակա­­նին միացաւ Թուրքիոյ։

Այս եղաւ պատ­­ճա­­­ռը, որ Հա­­թայ յա­­ջողի պա­­հել իր բազ­­մազգի եւ բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին ու­­րոյն դի­­մագի­­ծը։

Երկրա­­շար­­ժի աղէ­­տէն ետք, յատ­­կա­­­պէս ալ քա­­ղաքին ան­­ցեալի լու­­սա­­­ւոր օրե­­րուն վե­­րատի­­րանա­­լու մա­­սին յու­­սալքու­­թիւնը կա­­րեւոր սպառ­­նա­­­լիք մը կը դառ­­նայ այս նա­­հան­­գի ապա­­գային առու­­մով։ Ար­­դա­­­րեւ երկրա­­շար­­ժէն ետք անօ­­թեւան մնա­­ցած բազ­­մա­­­թիւ ըն­­տա­­­նիք­­ներ գաղ­­թե­­­ցին դէ­­պի Պո­­լիս եւ կը փոր­­ձեն այստեղ կեան­­քի նոր պայ­­մաննե­­րուն տի­­րանալ։ Հար­­ցա­­­կան է թէ ժա­­մանա­­կի հո­­լովոյ­­թով անոնցմէ որ­­քա՞նը ետ պի­­տի վե­­րադառ­­նայ եւ որ­­քա՞նը բո­­լորո­­վին ան­­ցեալի մէջ պի­­տի թո­­ղու բազ­­մա­­­հազար տա­­րինե­­րու ան­­ցեալ ու­­նե­­­ցող պա­­պենա­­կան եր­­կի­­­րը։

Այս մա­­սին «Ակօս»ին բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւող Լա­­քի Վին­­կաս կը յայտնէ թէ երկրա­­շար­­ժէն ետք մօտ 500 արա­­բախօս ուղղա­­փառ­­ներ գաղ­­թած են Մեր­­սին։ «Ար­­տա­­­սահ­­ման եր­­թալ փա­­փաքող­­ներ կան։ Այ­­ցա­­­գիրի հա­­մար մեզ­­մէ օգ­­նութիւն կը պա­­հան­­ջեն։ Ներ­­կայ պա­­հուն խու­­ճա­­­պի հո­­գեբա­­նու­­թիւն մը կը տի­­րէ, որ շատ բնա­­կան երե­­ւոյթ է» կ՚ըսէ Վին­­կաս։

Լա­­քի Վին­­կաս նաեւ կը յայտնէ թէ հայ հա­­մայնքի նման յոյն ուղղա­­փառ հա­­մայնքն ալ օգ­­նութեան կը փու­­թայ իր հայ­­րե­­­նակից­­նե­­­րուն։ «Մխի­­թարաք­­նը հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու ստեղ­­ծած նպաս­­տը տես­­նելն է։ Պե­­տու­­թեան եւ պետական հաս­­տա­­­տու­­թիւննե­­րու ան­­ճար մնա­­ցած պա­­հուն հա­­սարա­­կական կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը շատ մեծ դե­­րակա­­տարու­­թիւն ու­­նե­­­ցան։ երկրա­­շար­­ժի եր­­րորդ օրը հա­­սայ աղէ­­տի գօ­­տին։ Շրջե­­ցայ Իս­­քենտե­­րուն, Սա­­ման­­տաղ, Թո­­քաչ­­լը գիւ­­ղը, Մեր­­սին եւ Ան­­տիոք։ Մեծ խու­­ճապ կը տի­­րէր։ Մար­­դիկ նոյ­­նիսկ տու­­ներնին վնաս չստա­­ցող­­ներ կը խու­­սա­­­փէին տուն մտնե­­լէ։ ան­­շուշտ այս բո­­լորը ժա­­մանա­­կի ըն­­թացքին պի­­տի հան­­դարտի։ Այն ատեն ալ պի­­տի սկսի վե­­րակա­­ռուցման աշ­­խա­­­տան­­քը։ Հե­­տեւա­­բար եր­­կա­­­րատեւ զօ­­րակ­­ցութեան մը կա­­րիքը ու­­նինք»։

Աղէ­­տի գօ­­տիի եկե­­ղեցի­­ներու վե­­րականգնու­­մին հա­­մար կ՚ահա­­զան­­գէ նաեւ «nehna.org» կայ­­քէ­­­ջը եւ կոչ կ՚ուղղէ Ան­­տիոքի, Ալ­­թը­­­նէօզիւի, Սա­­ման­­տա­­­ղի, Իս­­քենտե­­րու­­նի եւ Ար­­սուզի եկե­­ղեցի­­ները վե­­րականգնե­­լու հա­­մար։

Այս առու­­մով կը յայ­­տա­­­րարո­­ւի թէ դրա­­մատ­­նա­­­յին հա­­շիւ­­նե­­­րը իմա­­նալու հա­­մար կա­­րելի է դի­­մել https://twitter.com/nehnabiz/status/1630256559136620546 հաս­­ցէով։

Նա­­խարա­­րու­­թեան Ներդրու­­մը

Թուրքիոյ Հա­­յոց Պատ­­րիար­­քա­­­րանը յայ­­տա­­­րարու­­թիւնով մը հա­­սարա­­կու­­թիւնը իրա­­զեկեց Մշա­­կոյ­­թի Նա­­խարար Մեհ­­մետ Նու­­րի Էր­­սո­­­յի եւ Վա­­քըֆ­­նե­­­րու Ընդհա­­նուր Տնօ­­րէն Սի­­նան Աք­­սո­­­ւի իրենց ըն­­կե­­­րակ­­ցող պա­­տուի­­րակու­­թեան հետ 24 Փետ­­րո­­­ւարին Ան­­գա­­­րայի մէջ կա­­յացած ժո­­ղովի մա­­սին։

Պատ­­րիար­­քա­­­րանի զե­­կու­­ցումէն կ՚իմա­­նանք որ Նա­­խարա­­րու­­թիւնը պատ­­րաստա­­կամու­­թիւն յայտնած է աւե­­րուած տա­­ճար­­նե­­­րու վե­­րակա­­ռուցման օժան­­դա­­­կելու առու­­մով։ Այս առ­­թիւ օրա­­կար­­գի եկած է Իս­­քենտե­­րու­­նի Քա­­ռասուն Մա­­նուկ եկե­­ղեցին, որու մկրտա­­րանը եւ խո­­րանը լրջօ­­րէն վնա­­սուած են։ Կա­­րեւոր աւեր ար­­ձա­­­նագ­­րո­­­ւած է Քըրքխա­­նի հա­­յոց եկե­­ղեց­­ւոյ մէջ։ Ժո­­ղովուրդէ զուրկ այս եկե­­ղեցին ինքնին խորհրդան­­շա­­­կան իմաստ կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ վկա­­յելով այս տա­­րած­­քի մէջ հայ ժո­­ղովուրդի եր­­բեմնի գո­­յու­­թիւնը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ