Աղէտի քառասունքը «Իսթոս»ի մէջ

Երկրա­շար­ժի աղէ­տը ճիշդ է որ շատ ծանր աւեր­ներ գոր­ծեց ըն­դարձակ տա­րած­քի մը վրայ, նե­րառե­­լով 11 քա­­ղաք­­ներ։ Այդ քա­­ղաք­­նե­­­րու մէջ Հա­­թայ նա­­հան­­գը իր Ան­­տիոք, Իս­­քենտե­­րուն, Սա­­ման­­տաղ, Ար­­սուզ եւ Ալ­­թը­­­նէօզիւ գա­­ւառ­­նե­­­րով ամե­­նածանր տու­­ժողնե­­րէն եղաւ։ Բա­­ցի մարդկա­­յին կեան­­քի կո­­րուստնե­­րէ փլա­­տակ­­նե­­­րու տակ մնաց նաեւ այս նա­­հան­­գի իւ­­րա­­­յատ­­կութիւ­­նը։ Հա­­թայ բա­­ռը նշե­­լով Թուրքիոյ մէջ բո­­լորը կը մտա­­բերեն բազ­­մազգի, բազ­­մակրօն եւ բազ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին մի­­ջավայր մը։

Այ­­սօր երբ կը մօ­­տենանք աղէ­­տի քա­­ռասունքին ան­­տիոքեան սփիւռքը կը նա­­խատե­­սէ 40-օրեայ հո­­գեհանգստեան պաշ­­տօն կա­­տարել 18 Մարտ շա­­բաթ օր 15.00-19.00 ժա­­մերու մի­­ջեւ «Իս­­թոս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան գրա­­խանու­­թի մէջ։

Ան­­տիոն­­քի եւ շրջա­­կայ­­քի իւ­­րա­­­յատուկ հա­­մայնքնե­­րէն է արա­­բախօս ուղղա­­փառ­­նե­­­րը եւ այս 40-ի հո­­գեհանգստեան մի­­ջոցա­­ռումն ալ կը կազ­­մա­­­կեր­­պո­­­ւի այդ հա­­ւաքա­­կանու­­թեան «Նեհ­­նա» հար­­թա­­­կի կող­­մէ։

Մի­­ջոցա­­ռու­­մի ըն­­թացքին միայն բաց­­ման ճա­­ռով մը հան­­դէս պի­­տի գան «Նեհ­­նա»ի ներ­­կա­­­յացու­­ցիչնե­­րը եւ ապա բարձրա­­խօսը պի­­տի յանձնո­­ւի ցան­­կա­­­ցող մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րուն, իրենց զգա­­ցումնե­­րը եւ միտ­­քե­­­րը փո­­խան­­ցե­­­լու հա­­մար։

Մաս­­նա­­­կից­­նե­­­րը պի­­տի հիւ­­րա­­­սիրո­­ւին ցո­­րենի հրու­­շա­­­կով եւ տե­­ղական սուրճով։

Նման զան­­գո­­­ւածա­­յին աղէտ­­նե­­­րը տա­­րաբ­­նոյթ ազ­­դե­­­ցու­­թիւններ կը թո­­ղուն իւ­­րա­­­քան­­չիւրի վրայ։ Ոմանք կը մատ­­նուին լռու­­թեան, իսկ ոմանք ալ կա­­րիքը կը զգան իրենց աղա­­ղակը լսե­­լի դարձնե­­լու։ Վեր­­ջա­­­պէս քա­­ռասունքը սու­­գի աւար­­տը խորհրդան­­շող օր է։ Ար­­դա­­­րեւ «Նեհ­­նա»ի հրա­­պարա­­կած կո­­չին մէջ յա­­տուկ կը նշուի վե­­րադար­­ձի եւ քա­­ղաքը վե­­րակա­­ռու­­ցե­­­լու մա­­սին կո­չը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ