Ամետսփոր, Հրէից վարժարան, Հայաստան Թուրքիա մրցումը

ԱՐԻՍ ՆԱԼՃԸ

Ցեղապաշ­տութիւ­նը հա­մատա­րած է։ Շատ շուտ հան­գե­ցաւ Ամետսփո­րի մրցու­մով բռնկած բո­ցը, ար­ժա­նի կեր­պով առանց քննար­կե­լու։ Մար­զի­կի տե­սանե­լիու­թիւնը կա­րեւոր ազ­դակ մըն է հա­սարա­կական կեան­քի մէջ։ Չեմ գի­տեր թէ ու­րիշ եր­կիրնե­րէ ներս սփոր­տա­յին հան­դի­պու­մի մը ըն­թացքին յաղ­թա­նակի կամ պար­տութեան հո­գեբա­նու­թիւնը այսքան կա­րեւոր հե­տեւանքներ կ՚ու­նեանա՞յ։ Թուրքիոյ մէջ կ՚ու­նե­նայ։

Կրնայ չա­փազան­ցութիւն թո­ւիլ եթէ Թո­փալ Օս­մա­նի կամ Եէշի­լի նման կեր­պարնե­րու նկար­նե­րը դրի­պու­նա­ները զար­դա­րեն, ու­րիշ ոլորտնե­րու ալ օրի­նակ կը հան­դի­սանան։

Խիստ վտան­գա­ւոր է Ամետսփո­րի դէմ գոր­ծադրո­ւած­նե­րու հա­կազ­դե­ցու­թիւն չտես­նե­լը։ Բա­ւարար չէ միայն քա­նի մը հա­զար «թո­ւիթը­րեան» գրա­ռու­մով պա­խարա­կել։ Կը կա­րօտինք հա­մատա­րած դա­տապար­տութեան մը, նման դէպ­քի կրկնու­թիւնը կան­խելու հա­մար։

Ճիշդ է ծանր հե­տեւանքնե­րով երկրա­շարժ մը ապ­րե­ցանք։ Բայց այս չի նշա­նակեր թէ երկրէ ներս պա­տահած բո­լոր դէպ­քե­րը պի­տի ան­տե­սենք։ Ան­շուշտ որ նա­խապա­տուու­թիւն պի­տի տրո­ւի աղէ­տի հե­տեւանքնե­րը բու­ժե­լու, քա­ղաք­նե­րը վե­րակա­ռու­ցե­լու։ Յի­շենք 2016-ին պա­տահած յե­ղափո­խու­թեան ան­յա­ջող փոր­ձը։ Կա­տարո­ւածը պատ­րո­ւակե­լով որ­քան շատ մար­դու իրա­ւունք բռնա­բարո­ւեցաւ եւ կա­տարո­ւածն ալ քօ­ղար­կո­ւեցաւ։ Ստի­պուած ենք այս մեծ ալե­կոծումնե­րուն մէջ իսկ հա­սարա­կու­թեան զգայ­նութիւ­նը բարձր պա­հելու։

Չենք յա­ջողած։

Այս շա­բաթէն օրի­նակ մը բե­րեմ։ Թուրքիոյ միակ հրեայ վար­ժա­րանը միջ­վարժա­րանա­յին մրցա­շար­քի մը ծի­րէն ներս կը մրցի Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան Վար­ժա­րանի հետ։ Մրցման ըն­թացքին Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան Վար­ժա­րանի ֆուտպո­լիստնե­րը կոլ ար­ձա­կելէ ետք նա­ցիական ող­ջոյն մը կ՚ուղղեն Հրէից Վար­ժա­րանի ֆութպո­լիստնե­րուն…

Իսկ ի՞նչ կը պա­տահի։ Ոչ մրցու­մը կ՚ընդհա­տուի ոչ ալ Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան Վար­ժա­րանը մրցա­շար­քէն կ՚ար­տաքսո­ւի։

Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան Վար­ժա­րանը յայ­տա­րարու­թիւնով մը իր օձի­քը կ՚ազա­տէ այս գայ­թակղու­թե­նէն։

Եկէք լսենք այդ յայ­տա­րարու­թիւնը «Յա­նուն 1876-էն այս կողմ սե­րունդներ դաս­տիարա­կած Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան վար­ժա­րանի, խոր յու­զում կ՚ապ­րինք մեր խումբի խա­ղացող­նե­րէն մէ­կուն սխալ շար­ժումին պատ­ճա­ռաւ։ Կ՚ու­զենք յատ­կա­պէս շեշ­տել թէ որ­պէս հաս­տա­տու­թիւն մեր որ­դեգրած ուսման գա­ղափա­րախօ­սու­թեան հա­մահունչ կ՚եր­պով դէմ ենք ամէն տե­սակ խտա­րակա­նու­թեան։ Շու­տով տե­սակ­ցե­ցանք Ու­լուսի Հրէից Վար­ժա­րանի պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն հետ եւ իրենց յայտնե­ցինք մեր յու­զումը եւ հար­ցաքննու­թեան մեկ­նարկու­մը։ Հա­սարա­կու­թեան կը ծա­նու­ցենք թէ նիւ­թը պի­տի հե­տապնդե­լու պատ­շաճ կա­րեւո­րու­թեամբ ու զգայ­նութեամբ»։

Յատ­կա­պէս սե­ւագ­րած եմ սխալ շար­ժում եւ խոր յու­զում ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։ Այս բա­ռամ­թերքը գի­տեմ որ ծա­նօթ է ձեզ։ Եւ­րո­պացի­ներ Թուրքիոյ մէջ կա­տարո­ւած քա­ղաքա­կան ճնշումնե­րու եւ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու դէմ խտրա­կանու­թեան դի­մաց յա­ճախ կ՚ար­տա­յայ­տեն այդ խոր յու­զումը։

«Իսկ աւե­լի ի՞նչ կրնան ընել» հար­ցումին դէմ յստակ պա­տախան մը չու­նիմ։ Ես կրթա­կան մշակ չեմ։ Չեմ բաժ­ներ նաեւ կարգ մը հրեայ բա­րեկամ­նե­րուս այդ գայ­թակղու­թիւնը կա­տարող աշա­կերտնե­րը իս­կոյն դպրո­ցէն վտա­րելու մա­սին առա­ջարկնե­րը։ Յայտնի է որ այդ տղա­քը ընդհա­կառա­կը կրթու­թեան կա­րօտ են։ Զի­րենք դպրո­ցէն վտա­րելով միայն լաւ նա­ցի մը ըլ­լալնուն կը ծա­ռայենք։ Մենք գո­հանանք տա­րուայ ցե­ղապաշտնե­րու եւ հա­կասե­միտ­նե­րու ցու­ցա­կին Սկիւ­տա­րի Ամե­րիկեան Վար­ժա­րանի սա­ները աւելցնե­լով։

Մնաց որ այս մէ­կը ֆութպո­լային մրցումնե­րու ժա­մանակ ցո­լացող ցե­ղապաշ­տութեան օրի­նակ­նե­րու ոչ առա­ջինն է, ոչ ալ վեր­ջի­նը։ Կը յի­շեմ ան­ցեալին իմ հե­ղինա­կած Կա­մուրջ հե­ռուստա­հաղորդման ըն­թացքին Թաք­սի­մի մար­զա­կումբի խմբա­պետ Արիս Պո­տոտո­ղանի խօս­քե­րը։ Ան նշած էր թէ 19 Յու­նուարի մա­հափոր­ձէն ետք Հրանդ Տին­քի ոճ­րա­գոր­ծին ակ­նարկե­լով «Բո­լորս Օկիւն Սա­մասթ ենք» գրո­ւած վեր­տա­ռու­թիւններ պար­զո­ւած էին հայ­կա­կան խումբի դի­մաց։

Նա­խորդ շա­բաթ Եւոր­պա­յի Ֆութպո­լի Ֆե­տերա­ցիան յայ­տա­րարեց թէ Թուրքիա-Հա­յաս­տան հան­դիպման առա­ջին փու­լին թուրք հան­դի­սատես պի­տի չըն­դունո­ւի։ Թուրքիացի երկրպա­գու­ներ զրկո­ւեցան 25 Մար­տի մրցու­մին սթա­տիոմէն հե­տեւե­լու առի­թէն։ Հա­ւանա­բար 8 Սեպ­տեմբե­րին թո­ւար­կո­ւած մրցու­մին ալ հայ երկրպա­գու­ներ նոյն զրկան­քը պի­տի ապ­րին։

Երա­նի թէ այսքա­նը ըլ­լար։

Այս շա­բաթ Պո­ղազի­չի հա­մալ­սա­րանի թրքա­կան հե­տազոօտու­թիւննե­րու ակումբն ալ Թա­լաթ Փա­շան յի­շելու հա­մար հրա­պարա­կեց հե­տեւեալ գրա­ռու­մը՝ «Անա­տոլո­ւի մէջ թուրք գո­յու­թեան եւ ար­դի Թուրքիոյ երաշ­խա­ւոր, ազա­տու­թեան հե­րոս, մեծ վար­չա­պետ Թա­լաթ Փա­շան Պեր­լի­նի մէջ հայ ահա­բեկիչի մը ձեռ­քով թի­կունքէն հա­րուա­ծով նա­հատա­կու­թեան տա­րելի­ցի առ­թիւ ան­հուն սէր ու երախ­տի­քով կը յի­շատա­կենք»։

Այս յայ­տա­րարու­թեան մեկ­նա­բանու­թիւնը թո­ղունք «Ակօս»ի սիւ­նա­կագիր Յով­հաննէս Քը­լըչա­տաղի։ «Անա­տոլուի թուրք գո­յու­թեան եւ ար­դի Թուրքիոյ երաշ­խա­ւոր» եզ­րի թարգմա­նու­թիւնը «Եթէ հա­յերը չմաք­րէիր մենք ինչպէ՞ս այս ազ­գա­յին պե­տու­թիւնը կը կա­ռու­ցէինք եւ յա­նուն թրքու­թեան բո­լորին հա­մար սպառ­նա­լիք կը դառ­նա­յինք»։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ