ՀՏՓ թեկնածու չի ներկայացնէր

20Մարտ եր­­կուշաբ­­թի օր, Ազ­­գա­­­յին Դա­­շին­­քի թեկ­­նա­­­ծու Քե­­մալ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու Խորհրդա­­րանի մէջ այ­­ցե­­­լած է Ժո­­ղովուրդնե­­րու Ժո­­ղովրդա­­վարա­­կան Կու­­սակցու­­թիւնը (ՀՏՓ)։ Քը­­լըչ­­տա­­­րօղ­­լու նա­­խապէս ալ հան­­դի­­­պումներ ուե­­ցած էր Թուրքիոյ Բա­­նուո­­րական Կու­­սակցու­­թեան եւ այլ հա­­մայ­­նա­­­վար խմբակ­­նե­­­րու ղե­­կավար­­նե­­­րու հետ։ 22 Մար­­տին ՀՏՓ-ի հա­­մանա­­խագահ Փեր­­վին Պուլտան իր գլխա­­ւորած դա­­շին­­քի անու­­նով պաշ­­տօ­­­նապէս յայ­­տա­­­րարեց թէ նա­­խագա­­հական ընտրու­­թեան հա­­մար թեկ­­նա­­­ծու պի­­տի չ՚առա­­ջար­­կեն։

Պուլտան ըսաւ հե­­տեւեալը. «Նա­­խագա­­հական ընտրու­­թեան ըն­­թացքին պի­­տի կա­­տարենք մեր պա­­տաս­­խա­­­նատո­­ւու­­թիւնը ի դէմ միապե­­տակա­­նու­­թեան։ Վճռա­­կամ ենք երկրէ ներս ժո­­ղովրդա­­վարու­­թեան, հիմ­­նա­­­կան իրա­­ւունքնե­­րու եւ ազա­­տու­­թեան, հա­­սարա­­կական ար­­դա­­­րու­­թեան իրա­­կանաց­­ման անու­­նով հա­­շիւ պա­­հան­­ջե­­­լու թշո­­ւառու­­թեան, անօ­­րինու­­թեան եւ թա­­լանի սկզբունքով վար­­չութիւն մը որ­­դեգրած իշ­­խա­­­նու­­թե­­­նէն։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ հա­­սարա­­կու­­թեան կը յայ­­տա­­­րարենք թէ առան­­ձին թեկ­­նա­­­ծու մը պի­­տի չներ­­կա­­­յաց­­նենք»։

14 Մա­­յիսին կա­­յանա­­լիք ընտրու­­թիւննե­­րուն ՀՏՓ-ի գլխա­­ւորած Աշ­­խա­­­տան­­քի եւ Ազա­­տու­­թեան Դա­­շին­­քը որո­­շած է միաս­­նա­­­բար մաս­­նակցե­­լու։ Որոշ շրջան­­նե­­­րու մէջ Թուրքիոյ Բա­­նուո­­րական Կու­­սակցու­­թե­­­նէն եւ դա­­շին­­քի այլ կու­­սակցու­­թիւննե­­րուէն թեկ­­նա­­­ծու­­ներ ցան­­կի առա­­ջին հո­­րիզո­­նական­­նե­­­րուն վրայ պի­­տի ներ­­կա­­­յանան։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ