Սարոյեան Մոտայի բեմին վրայ

«Յան­կարծ» թա­­տերա­­խումբը կը պատ­­րաստո­­ւի Ուի­­լեամ Սա­­րոյեանի «Իմ Սիր­­տը Լեռ­­նե­­­րում է» անուն թատ­­րերգու­­թեան առա­­ջին ներ­­կա­­­յա­­ցու­­­մին, որ պի­­­տի կա­­­տարո­­­ւի 28 Ապ­­­րի­­­­­­­լ ուրբաթ երե­­­կոյ Մո­­­տա Սահ­­­նէ­­­­­­­սի անուն թա­­­տերաս­­­րա­­­­­­­հին մէջ։

«Յան­­­կարծ» այս տա­­­րի կը լրաց­­­նէ հիմ­­­նարկու­­­թեան հին­­­գե­­­­­­­րորդ տա­­­րին։ Խումբը նա­­­խապէս ներկայացուցած էր պոլ­­­սա­­­­­­­հայ բա­­­նաս­­­տեղծու­­­հի Հե­­­րանոյշ Ար­­­շա­­­­­­­կեանը ծա­­­նօթաց­­­նող «Մեր չու­­­նե­­­­­­­ցածը իրար­­­մոք գտնենք» եւ Զա­­­ւէն Պի­­­պէռեանին Պէյ­­­րութեան ապ­­­րումնե­­­րէն ներշնչո­­­ւելով գրի առած «Գան­­­ձը» անուն պատ­­­մո­­­­­­­ւած­­­քի բե­­­մադ­­­րութիւ­­­նը։

Ուի­­­լեամ Սա­­­րոյեանի «Իմ Սիր­­­տը Լեռ­­­նե­­­­­­­րում է» անուն պատ­­­մո­­­­­­­ւած­­­քը ապ­­­սուրտ թատ­­­րո­­­­­­­նի առա­­­ջին օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն կը հա­­­մարո­­­ւի, քա­­­նի ան գրո­­­ւած է Էօժէն Իյո­­­նէս­­­քո­­­­­­­յի «Ճա­­­ղատ Եր­­­գի­­­­­­­չը» եւ Սամ­­­վէլ Պե­­­քետի «Կո­­­տոն Սպա­­­սելով» անուն գոր­­­ծե­­­­­­­րէն աւե­­­լի կա­­­նուխ թո­­­ւակա­­­նի մը։

Սա­­­րոյեան այս գոր­­­ծին մէջ կը նկա­­­րագ­­­րէ 1914-ի Ֆրէզ­­­նոն, ուր մո­­­լորած, կար­­­ծես աշ­­­խարհէն դուրս մնա­­­ցած Շեքսպի­­­րի դե­­­րակա­­­տար Մեք Կրե­­­կո­­­­­­­րի տա­­­րեց մայր մը, որ­­­դին եւ թոռ­­­նե­­­­­­­րէն բաղ­­­կա­­­­­­­ցող ըն­­­տա­­­­­­­նիքի ոդի­­­սակա­­­նը։

«Յան­­­կաղծ» ի այս բե­­­մադ­­­րութիւ­­­նը հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սը կը մղէ ար­­­մատնե­­­րու, հո­­­ղի, յի­­­շողու­­­թեան, պատ­­­կա­­­­­­­նելու­­­թեան եւ կա­­­րօտի նման ըն­­­կա­­­­­­­լումնե­­­րու մա­­­սին մտա­­­ծելու։

Այս բե­­­մադ­­­րութեան մէջ իբ­­­րեւ դե­­­րասան պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւն ստանձնած են Անդրա­­­նիկ Պա­­­քըր­­­ճըօղ­­­լու, Ար­­­թուն Կե­­­պեն­­­լիօղ­­­լու, Պա­­­րեթ Չիլ, Տի­­­յանա Չի­­­լին­­­կի­­­­­­­րեան, Տիգ­­­րան Փեշ­­­թե­­­­­­­մալ­­­ճը­­­­­­­կիլ, Կա­­­րինէ Մա­­­րալ Չիզ­­­մէ­­­­­­­ճիեան, Լա­­­րա Նա­­­րին, Նշան Շի­­­րինեան, Սե­­­ւատա Խա­­­չիկ Տե­­­միր­­­ճի եւ Եղիա Աք­­­կիւն։

Չաղ­­­տաշ Էքին Շիշ­­­մա­­­­­­­նի բե­­­մադ­­­րած խա­­­ղը թրքե­­­րէնի թարգմա­­­նուած է Էճէ Էրօղ­­­լո­­­­­­­ւի կող­­­մէ։ Ալ­­­թուղ Եըլ­­­մազ իբ­­­րեւ խորհրդա­­­տու, Պա­­­րեթ Չիլ բե­­­մադ­­­րութեան օգ­­­նա­­­­­­­կան, Իզա­­­պել Կիւլթոփ բե­­մայար­­դարման, Պու­­րաք Քա­­ջի տա­­րազ­­նե­­­րու եւ որ­­մազդի ձե­­ւաւոր­­ման, Սի­­պիլ Ար­­սէ­­­նեան երաժշտու­­թեան, Իւլքիւ Շա­­հին դի­­մայար­­դարման, Ալի Փոյ­­րազ լու­­սա­­­ւոր­­ման պաշ­­տօննե­­րը ստանձնած են։ Ժպիտ Թո­­փար­­լա­­­քը կը կա­­տարէ բե­­մէ հա­­մադ­­րութիւ­­նը եւ իրեն կ՚ըն­­կե­­­րակ­­ցին Էճէ Նուր Աթէշ եւ Անեթ Սանտրա Աչըք­կէօզ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ