Սարգիս Սերովբեան կը շարունակէ անփոխարինելի մնալ

Տա­րի մը եւս շրջե­­ցաւ ու հա­­սանք Մարտ ամ­­սի այդ տխուր օրո­­ւան։ 28 Մար­­տը «Ակօս»ի հիմ­­նա­­­դիր­­նե­­­րէն, թեր­­թի հա­­յերէն էջե­­րու բազ­­մա­­­մեայ խմբա­­գիր Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի մա­­հուան օրն է։ Մե­­զի «Ակօս»ի աշ­­խա­­­տակից­­նե­­­րուս հա­­մար շատ ծանր էր Սե­­րով­­բեանի մա­­հը։ Ար­­դէն խառ­­նաշփոթ զգա­­ցումնե­­րով տա­­րուած էինք։ Կը լքէինք եր­­կար տա­­րիներ աշ­­խա­­­տած իւ­­րա­­­քան­­չիւր գրա­­սեղա­­նին վրայ բա­­զում յի­­շատակ­­ներ կու­­տա­­­կած նախ­­կին խմբագ­­րա­­­տու­­նը եւ կը փո­­խադ­­րո­­­ւէինք դար­­ձեալ պատ­­մութե­­նէ եկած յու­­շե­­­րով լե­­ցուն, բայց այդ յու­­շե­­­րու փո­­շին թօ­­թափած նոր ու ար­­դիաշունչ սար­­քա­­­ւորու­­մով մեզ սպա­­սող այժմու խմբագ­­րա­­­տու­­նը։ Սե­­րով­­բեան փո­­խադ­­րութեան նա­­խօրէ­­նին այ­­ցե­­­լեց խմբագ­­րա­­­տուն, ճշդեց իր աշ­­խա­­­տելիք ան­­կիւնը, հա­­յերէն էջե­­րու անձնա­­կազ­­մը ինք ան­­ձամբ տե­­ղադ­­րեց նշե­­լով թէ ո՞վ, ո՞ւր պի­­տի աշ­­խա­­­տի։ Այդ պա­­հուն մեզ­­մէ ոչ ոք գի­­տէր թէ սա իր վեր­­ջին ներ­­կա­­­յու­­թիւնն է այս նոր խմբագ­­րա­­­տան մէջ։

Յայտնո­­ւեցաւ հի­­ւան­­դութիւն մը, որուն ախ­­տա­­­ճանա­­չու­­մը բա­­ւական ժա­­մանակ խլեց։ Ստու­­գումնե­­րը իրար յա­­ջոր­­դե­­­ցին ու վեր­­ջա­­­պէս երբ հա­­մաձայ­­նութիւն մը գո­­յացաւ հի­­ւան­­դութիւ­­նը ախ­­տո­­­րոշե­­լու, նոյն պա­­հուն դար­­ձեալ բժիշկնե­­րուն հա­­մաձայ­­նութիւնը եղաւ հրա­­ժարիլ դար­­մանման մի­­ջոց­­նե­­­րէ, բա­­ւարա­­րուե­­լով միայն ցա­­ւազրկչնե­­րու օգ­­նութիւ­­նով։ Եր­­կար չէր տե­­ւած այս հանգրո­­ւանը եւ Սե­­րով­­բեան իր բազ­­մաբնոյթ հե­­տաքրքրու­­թիւննե­­րը թո­­ղելով ետին, հրա­­ժեշտ առաւ մեզ­­մէ։ Այս պա­­հուն հար­­ցը այն է թէ մենք որ­­քա­­­նո՞վ յա­­ջողե­­ցանք այդ հսկայ կու­­տա­­­կու­­մին վրայ բա­­ներ մը աւելցնե­­լ։ Այս հար­­ցումին պա­­տաս­­խա­­­նը շատ ալ գո­­հացու­­ցիչ չի թո­­ւիր։ Ու­­շա­­­դիր ըն­­թերցող­­նե­­­րը նկա­­տած են հայ դի­­ցաբա­­նու­­թեան, պատ­­մամշա­­կու­­թա­­­յին նիւ­­թե­­­րու բա­­ցակա­­յու­­մը «Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րէն։

Սե­­րով­­բեանի բա­­ցակա­­յու­­թիւնը կար­­ծես կը հեր­­քէ «Ոչ ոք ան­­փո­­­խարի­­նելի է» հաս­­տա­­­տու­­մը։ Ճիշդ է՝ «Ակօս»ի հա­­յերէն էջե­­րը կը շա­­րու­­նա­­­կեն լոյս տես­­նել, բայց հա­­յաթափ եղած վայ­­րե­­­րու մշա­­կու­­թա­­­յին ժա­­ռան­­գը, դի­­ցաբա­­նու­­թիւնը եւ դեռ բա­­զում նիւ­­թեր որ­­բա­­­ցած են։ Իւ­­րա­­­քան­­չիւր ան­­գամ որ կ՚անդրա­­դառ­­նանք մեր այդ թե­­րացու­­մին կրկին ան­գամ կը խո­նար­հինք մեծ վար­պե­տին ան­զուգա­կան վաս­տա­կին առջեւ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ