Դատական մեղադրանք գրգռիչ իմամի դէմ

Պոլսահայ հա­մայնքէն փաս­տա­բան Սի­մոն Չէ­­քէմ Պոլ­­սոյ գլխա­­ւոր դա­­տախա­­զու­­թեան հա­­ղոր­­դում ներ­­կա­­­յացու­­ցած է քա­­ղաքի մզկիթ­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ քա­­րոզի ժա­­մանակ «հա­­յու սերմ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւնն օգ­­տա­­­գոր­­ծած իմա­­մի վե­­րաբե­­րեալ։

Պոլ­­սա­­­հայ փաս­­տա­­­բանը դա­­տախա­­զու­­թե­­­նէն պա­­հան­­ջած է, որ իմա­­մը պատ­­ժո­­­ւի ժո­­ղովուրդին մէջ ատե­­լու­­թիւն ու թշնա­­մանք հրահ­­րե­­­լու, խտրա­­կանու­­թեան, նո­­ւաս­­տացման, վի­­րաւո­­րան­­քի եւ սպառ­­նա­­­լիքի հա­­մար։

Սի­­մոն Չէ­­քէմ իր դի­­մու­­մին մէջ ըսած է. «Կաս­­կա­­­ծեալի կող­­մէ հնչե­­ցուած այս խօս­­քե­­­րը հայ ազ­­գութեան մա­­սին, որու ան­­դամն եմ ես, հա­­սարա­­կու­­թիւնը կը դրդեն ատե­­լու­­թեան, խտրա­­կանու­­թեան ու թշնա­­ման­­քի։ Բա­­ցայայտ խտրա­­կանու­­թիւն եւ ատե­­լու­­թիւն պա­­րու­­նա­­­կող բա­­ռերը ատե­­լու­­թեան խօս­­քի վրայ հիմ­­նուած յան­­ցա­­­գոր­­ծութիւն են»։ Չէ­­քէմը նշած է, որ տե­­ղի ու­­նե­­­ցածը կը հա­­մապա­­տաս­­խա­­­նէ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 216/2 կէ­­տին եւ կը պատ­­ժո­­­ւի վեց ամի­­սէն մէկ տա­­րի ժամ­­կէ­­­տով ազա­­տազրկու­­թեամբ։

Նշենք, որ Սուլթան­­կա­­­զիի Ճե­­պեճի մզկի­­թին մէջ իմամ Մու­­րատ Կիւնտող­­տուն ուրբաթ օրո­­ւան աղօթ­­քի ժա­­մանակ հա­­ւատա­­ցեալ­­նե­­­րուն նա­­խագա­­հական ընտրու­­թիւննե­­րու օրը զի­­նուած ըլ­­լա­­­լու կոչ ըրած է եւ միեւ­­նոյն ժա­­մանակ օգ­­տա­­­գոր­­ծած է «հա­­յու սերմ» ար­­տա­­­յայ­­տութիւ­­նը։

Բջջա­­յին հե­­ռախօ­­սով կա­­տարուած տե­­սագ­­րութիւննե­­րէն պարզ դար­­ձած է որ Կիւնտող­­տուն ըսած է. «Եղ­­բա՛յր, պատ­­րաստե­­ցէ՛ք ձեր զէն­­քե­­­րը։ 28 Մա­­յիսին պատ­­րաստ պա­­հէք ձեր զէն­­քե­­­րը, իմ եր­­կու զէն­­քերն ալ մին­­չեւ վերջ լից­­քա­­­ւորո­­ւած են։ Ան, որ ինքզին­­քէն վստահ է, թող հրա­­պարակ գայ։ Ի՞նչ կը քա­­շենք մենք ձեր ձեռ­­քէն։ 80 տա­­րի է այս եր­­կի­­­րը ձեր ձեռ­­քէն ի՞նչ կը քա­­շէ, հա­­յու սեր­­մե­­­րու ձեռ­­քէն ի՞նչ կը քա­­շէ։ Այդքան նա­­հատակ­­ներ ու­­նինք»։

Տե­­սագ­­րութեան հան­­րայնա­­ցու­­մէն ետք առա­­ջացած աղ­­մուկի ֆո­­նին Թուրքիոյ Կրօ­­նական գոր­­ծե­­­րու վար­­չութիւ­­նը յայ­­տա­­­րարած էր, որ հե­­տաքննու­­թիւն սկսած է զէն­­քե­­­րը պատ­­րաստե­­լու վե­­րաբե­­րեալ իմա­­մի կո­­չի հար­­ցով։ Կի­­րառո­­ւած ատե­­լու­­թեան խօս­­քի թե­­մայով դեռ որե­­ւէ պաշ­­տօ­­­նական մեկ­­նա­­­բանու­­թիւն չէ եղած։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ