Չարեաց փոքրագոյնի ընտրութիւնը

Վերջապէս հա­սած ենք նա­խագա­հական ընտրու­թեան բախ­տո­րոշիչ հանգրո­ւանին։ 28 Մա­յիսին Թուրքիոյ քա­ղաքա­ցինե­րը ան­գամ մը եւս պի­տի եր­թան ընտրու­թեան տե­ղամա­սեր, ճշդե­լու հա­մար երկրի նա­խագա­հը։ Այս պա­հուն գոր­ծող նա­խագահ Ռե­ճեփ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան կը պատ­րաստո­ւի եր­րորդ ան­գամ բարձրա­նալ այդ պաշ­տօ­նին։ Իսկ մրցա­կից Քե­մալ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու յա­ւակ­նութիւն ու­նի երկրի ԳԺ. նա­խագա­հը դառ­նա­լու։

Ընտրու­թեան ըն­դա­ռաջ յստակ եղած իրո­ղու­թիւնը քա­ղաքա­կան գետ­նի վրայ բո­լոր բա­րոյա­կան ար­ժա­նիք­նե­րու հիմ­նա­յատակ կոր­ծա­նումն է։ Վե­րացած է այս լուրջ պաշ­տօ­նի պա­հան­ջած պատ­շա­ճու­թիւնը եւ ընտրու­թիւնը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար կը տի­րէ հա­մատա­րած գայ­թակղու­թիւն։

Նա­խագահ Էր­տո­ղան իր մրցա­կիցը ար­հա­մար­հե­լու հա­մար կը դի­մէ սու­տի ու կեղ­ծի­քի։ Փո­խադար­ձա­բար Քը­լըչ­տա­րօղ­լու չի վա­րանիր ան­բա­րոյ սա­կար­կութիւննե­րու մէջ մտնե­լով դրժել իր նա­խորդ խոս­տումնե­րը։ Այսպէս 24 Մա­յիս չո­րեք­շաբթի օր ան այս ան­գամ ալ իր կող­քին ու­նե­ցաւ ծայ­րա­յեղ ազ­գայնա­կան գոր­ծիչ մը, յան­ձին Իւ­միթ Աք­տա­ղի։ Այս վեր­ջի­նը ծա­նօթ է Թուրքիա ապաս­տա­նած գաղ­թա­կան­նե­րը վտա­րելու մա­սին իր խոս­տումնե­րով։ Քը­լըչ­տա­րօղ­լու ծայ­րա­յեղ աջա­կող­մեան այս գոր­ծի­չին ալ պար­տադրած պայ­մաննե­րուն յօ­ժարե­լով ձայ­նակցե­ցաւ գաղ­թա­կան­նե­րը իս­կոյն վտա­րելու պա­հան­ջին։ Ոչ միայն այդքա­նը, Քը­լըչ­տա­րօղ­լու Էօզ­տա­ղի աջակ­ցութիւ­նը ապա­հովե­լու հա­մար խոս­տա­ցաւ նաեւ շա­րու­նա­կել Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թեան օրօք գոր­ծադրո­ւած ընտրեալ քա­ղաքա­պետ­նե­րուն տեղ նշա­նակո­ւած տե­ղապահ­ներ (քայ­յում) նշա­նակե­լու ռազ­մա­վարու­թիւնը։ Երե­ւոյթ մը՝ որուն ընդհա­կառա­կը խոս­տա­ցած էր իր քա­րոզար­շա­ւի ըն­թացքին։

Ար­դա­րեւ 28 Մա­յիսի ընտրու­թիւննե­րը չա­րեաց փոք­րա­գոյ­նը ճշդե­լէ աւե­լին պի­տի չի նշա­նակեն երկրի ժո­ղովուրդին հա­մար։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ