Նախորդ օրերուն, Կարմիր Խաչի աշխատակիցները դարձեալ այցելեցին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած հայերուն.
Այս մասին «Էյ.Փի.Էյ.»ին յայտնեցին Կարմիր Խաչի Ատրպէյճանի ներկայացուցչութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Հուսէյնովա.
Ըստ փոխանցուած տեղեկութիւններուն՝ ապօրինի պահուող հայերուն հետ անհատական հանդիպումներ եղած են եւ ստեղծուած են պայմաններ, որպէսզի անոնք կարենան կապ հաստատել իրենց ընտանիքներուն հետ։