«Յասմիկեան Պտոյտներ» արձակ գրութեան մրցանակաբաշխութիւն

Բարռե­սիա գո­լէք­թի­վը «Յաս­մի­կեան պտոյտներ» խո­րագի­րով ար­ձակ գրու­թեան մրցա­նակ մը կազ­մա­կեր­պած էր՝ Յաս­միկ Սու­ճեանի յի­շատա­կին նո­ւիրո­ւած, նպա­տակ ու­նե­նալով քա­ջալե­րել աշա­կեր­տուհի­ներ գրա­կան ոճով ար­տա­յայ­տո­ւելու իրենց պտոյտնե­րուն եւ այդ ըն­թացքին վա­յելած ապ­րումնե­րուն մա­սին։

Մրցան­քին իրենց մաս­նակցու­թիւնը բե­րին Ազ­գա­յին Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանէն, Բան­կալթըի Մխի­թարեան վար­ժա­րանէն եւ Սա­մաթիա Անա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րանէն աշա­կերտներ։

Մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Չո­րեք­շաբթի, 6 Դեկ­տեմբեր 2023-ին, Ազգ. Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանէն ներս՝ ներ­կա­յու­թեամբ վար­ժա­րան­նե­րուն տնօ­րէն­նե­րուն, ու­սուցիչ­նե­րու, աշա­կերտնե­րու եւ ծնող­նե­րու։ Ներ­կայ էր նաեւ հան­գուցեալ Յաս­միկ Սու­ճեանին ամու­սի­նը՝ Համ­բարձում Սու­ճեան։

Այ­լին Վար­դա­նեան բաց­ման խօսք ար­տա­սանեց, որ­մէ ետք, հե­ռակա­պով, Թա­լին Սու­ճեան հա­կիրճ կեր­պով խօ­սեցաւ «Յաս­մի­կեան պտոյտներ»-ուն մտա­յղաց­ման մա­սին։ Ան ըսաւ, որ իր մայ­րը՝ Յ. Սու­ճեանը, միշտ ալ խօ­սած էր բա­ւարար պտոյտներ կա­տարած չըլ­լա­լուն մա­սին՝ հա­կառակ, որ այդ մէ­կը այդքան ալ ճիշդ չէր։ Ան աւել­ցուց, որ միւս կող­մէ իր գրե­լու հմտու­թիւնն ու սո­վորու­թիւնը կը պար­տի իր մօր։ Այս իմաս­տով, գո­լէք­թի­վը նպա­տակա­յար­մար գտած էր Յաս­միկ Սու­ճեանի յի­շատա­կը վառ պա­հելու ճամ­բով ար­ձակ գրու­թիւննե­րու մրցանք մը կազ­մա­կեր­պել՝ պտոյտնե­րու ըն­թացքին ապ­րո­ւած յի­շատակ­նե­րը ու­նե­նալով հիմ­նա­կան թե­մա։ Աւե­լին, Սու­ճեան ընդգծեց նաեւ, որ ներ­կա­յիս արեւմտա­հայե­րէնով գրե­լը դի­մադ­րութեան արարք մըն է հա­մակար­գի մը մէջ, որ մշտա­պէս կ՚ար­ժեզրկէ ատի­կա։

Ուստի, տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­նակա­բաշ­խութիւ­նը եւ մաս­նա­կից­նե­րը ըն­թերցե­ցին իրենց գրու­թիւննե­րը։

Խօսք ար­տա­սանեց նաեւ Կեդ­րո­նական վար­ժա­րանի տնօ­րէնու­հի Տիկ. Սիլ­վա Գու­յումճեանը։

Ձեռ­նարկը իր աւար­տին հա­սաւ յի­շատա­կի խմբան­կա­րով։

Բար­ռե­սիա գո­լէք­թիվ շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնէ մաս­նա­կից­նե­րուն եւ անոնց ու­սուցիչ­նե­րուն, վե­րոն­շեալ վար­ժա­րան­նե­րուն տնօ­րէն­նե­րուն, Տիկ. Սիլ­վա Գո­յումճեանին՝ հիւ­րընկա­լու­թեան հա­մար, Ակօս թեր­թին՝ լա­ւագոյն երեք յօ­դուած­նե­րը Բար­ռե­սիաբար սիւ­նա­կին տակ տպե­լուն հա­մար, ինչպէս նաեւ՝ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկին, որուն դրա­մաշ­նորհով կա­րելի եղաւ իրա­կանաց­նել «Յաս­մի­կեան պտոյտնե­րը»։

Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք մաս­նա­կից­նե­րը՝ Նո­րա Տա­վուլճեան (մրցա­նակա­կիր), Լե­նա Սա­րըօղ­լու (մրցա­նակա­կիր), Իզա­պէլ Տիմ­տիք (մրցա­նակա­կիր), Տե­րեւ Թահ­շան, Տե­սիլ Էր­մէն, Արեգ Սիւզմէ եւ Առէն Գա­մառ։

Կը շնոր­հա­ւորենք մրցա­նակա­կիր­նե­րը եւ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն կը մաղ­թենք յա­րատեւ վե­րելք՝ յու­սա­լով, որ անոնք կը շա­րու­նա­կեն իրենց գրա­կան ստեղ­ծա­գոր­ծութիւ­նը, մա­նաւանդ արեւմտա­հայե­րէնով։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ