Կոտրած հայելին

ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ

bastimar.kurtulus@gmail.com

Գեղարո­ւես­տի հան­դէպ մեծ հա­կում ու­նե­ցող երի­տասարդ մըն է Ինան։ Ան կը հա­ւատայ որ արո­ւես­տը կ՚աճի նո­ւիրու­մով։ Յան­կարծա­կի զանգ մը կը ստա­նայ Մար­տի­նէն։ Հա­յոց, ասո­րինե­րու եւ քիւրտե­րու ամե­նախոր կսկիծ­նե­րը եւ բա­ռերու իսկ պա­րու­նա­կելէն խրտչած աք­սո­րի ու տա­րագ­րութեան վիշ­տե­րը իր մէջ կու­տա­կած Մար­տի­նէն…։

Իտ­րիս Պա­լու­քէ­նի Մար­տին քա­ղաքի իւ­րա­քան­չիւր փո­ղոցի վրայ ան­ցեալի վկա­յու­թիւննե­րով հիւ­սո­ւած պա­տումներ մա­տու­ցող գիր­քը ըն­թերցե­լով մենք բաժ­նե­կից կ՚ըլ­լանք այդ վկա­յու­թիւննե­րուն։ Կը շնչենք եօթ­նա­լեզու, եօթ­նակրօն քա­ղաքի մը մթնո­լոր­տը։

Քա­ղաքի իւ­րա­յատուկ ճար­տա­րապե­տու­թեան մէջ իրենց դրոշ­մը դրած ճակ­տեքրտին­քը եւ հան­ճա­րը կը տես­նենք։ Կ՚անդրա­դառ­նանք որ հայ ժո­ղովուրդին այս հո­ղերէն շո­գիանա­լով վե­րացու­մէն ետք ալ, շնոր­հիւ իրենց վաս­տա­կին, այդ ոգին նոյ­նութեամբ կը գո­յատե­ւէ այս հո­ղերու վրայ։

Հո­ղը ապե­րախտ չէ մար­դոց նման։ Ան գի­տէ իր ծո­ցին մէջ հա­սակ առած ժո­ղովուրդնե­րու, հա­ւատքնե­րու կամ մշա­կոյթնե­րու ար­ժա­նիք­նե­րը պա­հել ու պահ­պա­նելու եղա­նակը։ «Կո­տորած Հա­յելի» վէ­պը, այդ պահ­պա­նուած­նե­րուն վերստին տե­սանե­լի դառ­նա­լու ապա­ցոյցն է։

Հա­յերը յա­ջորդ սե­րունդնե­րու փո­խան­ցե­լու հա­մար յի­շողու­թիւն մը թա­ղած են այս հո­ղերուն։ Կո­տորած­նե­րով, ջար­դե­րով փոր­ձո­ւած ժո­ղովուրդ մը ստի­պուած է փո­խանցման այս եղա­նակը իմա­նալու։ Գաղտնիք­նե­րը հո­ղին փսփսալ կամ քա­րերուն փո­րագ­րել։

Նման փոր­ձութիւն մը ու­նե­ցած են նաեւ ասո­րեց­ւոց նախ­նի­ները։ Պատ­մութեան ամե­նամութ էջե­րէն կը կար­դանք գիւ­ղե­րու քան­դումնե­րը եւ գիւ­ղա­ցինե­րու վտա­ռու­մը։ Ինան Մար­տին գա­լով իրեն հա­մար օտար նոր աշ­խարհի մը գիւ­տը կը կա­տարէ։ Այդ գիւ­տը ու­նի նաեւ ան­հա­տական բնոյթ։ Կը բա­ցուի նաեւ իր ան­ցեալին յա­տուկ բա­զում գաղտնիք­նե­րու ծրա­րը։ Եւ այս բո­լորի մէջ Լին­տա­յի կեր­պա­րը։ Լին­տա­յի հետ ծա­նօթա­նալով Ինան կ՚ապ­րի յան­կարծա­կի սի­րահա­րու­թիւն կո­չուած ան­դի­մադ­րե­լի զգա­ցու­մը։ Ան կը փոր­ձէ արուես­տի ճամ­բով գրա­ւել սի­րահա­րուած կնոչ սիր­տը։ Բայց Լին­տա այդ սէ­րը նա­խապէս ար­դէն ապ­րած է եւ բնաւ նպա­տակ չու­նի մե­ռած սի­րեցեալին յի­շատա­կը վի­րաւո­րելու։ Բնակ­չութիւ­նը վտա­րուած գիւ­ղի մը անբնակ տու­նե­րու մէջ շրջե­լու պա­հուն Լին­տան կը գտնէ կոտ­րո­ւած հա­յելի մը։ Այդ հա­յելին կու տայ Ինա­նին եւ ապա եր­կուստէք կը սկսին մտա­ծել։ Ար­դեօք ո՞ր մէկ ասո­րի պար­մա­նու­հի, այդ հա­յելիին մէջ գտաւ իր գե­ղեց­կութիւ­նը։ Ար­դեօք ո՞ր հայ երի­տասար­դը իր պե­խերը ձե­ւի դրաւ այդ հա­յելիին նա­յելով։

Այս շրջա­գայու­թեան ըն­թացքին, երբ Ինան կը պատ­րաստո­ւէր իր զգա­ցումնե­րը պար­զե­լու Լին­տա­յի հան­դէպ, Լին­տա յան­կարծա­կիօրէն կանգնե­ցուց ինքնա­շար­ժը եւ դուրս ել­լե­լով ուղղո­ւեցաւ դէ­պի բլուր եր­կա­րող արա­հետ մը։ Սա շի­րիմի այ­ցե­լու­թիւն մըն էր, ու Ինան տես­նե­լով Լին­տա­յի շիր­մա­քարին փաթ­թո­ւելու պատ­կե­րը, զգաց որ ոչ ինք, եւ ոչ ալ ոեւէ մէ­կը տեղ չու­նի եւ պի­տի չու­նե­նայ Լին­տա­յի սրտին մէջ։

Պա­լու­քէ­նի այս վէ­պը ըմ­բոշխնե­լու հա­մար նախ պէտք է ձեր­բա­զատո­ւիլ բո­լոր կան­խա­կար­ծիքնե­րէն։ Սա հե­ղինա­կի իմ կար­դա­ցած առա­ջին գործն է։ Ան բան­տարկու­թեան վեց տա­րինե­րու ըն­թացքին գրի առաւ չորս գրա­կան գործ, որոնց ըն­թերցման հա­մար ան­համբեր եմ մա­նաւանդ այս վէ­պը կար­դալէ ետք։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ