Ճանչնանք մեր բառերը (6)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

armenag@gmail.com

­1. Հար­­ցում եւ... բա­­զում

Պահ մը փոր­­ձե­­­ցէք ընել պա­­տահա­­կան գու­­շա­­­կու­­թիւն մը եւ ըսել, թէ բառ մը քա­­նի՞ ածան­­ցում ու բար­­դութիւն կրնայ ու­­նե­­­նալ հա­­յերէ­­նի մէջ` տա՞սը, քսա՞ն, երե­­սո՞ւն...

Բա­­զում ար­­մա­­­տը հա­­յերէ­­նի մէջ տո­­ւած է 572 (սխալ չէք կար­­դար՝ հինգ հա­­րիւր եօթա­­նասու­­ներկու) ածան­­ցա­­­ւոր եւ բարդ բա­­ռեր՝ բո­­լորն ալ իրենց օրին ու ժա­­մանա­­կին կի­­րար­­կո­­­ւած եւ բո­­լորն ալ մէջ­­բե­­­րուած են մա­­տենագ­­րա­­­կան այ­­լա­­­զան օրի­­նակ­­նե­­­րով: Այլ խօս­­քով՝ վե­­րացա­­կան ու շին­­ծու, մտա­­յին մար­­զանքի գո­­հացում տո­­ւող ու մտա­­ցածին միաւոր­­ներ չեն ասոնք, այլ եղած են մի­­սով-ոս­­կո­­­րով կեն­­դա­­­նի բա­­ռեր, որոնք ծա­­ռայած են Հայ մտքի ու Հայ հան­­ճա­­­րի իմա­­ցական նո­­ւաճումնե­­րու թարգմա­­նու­­թեան: Ասոնց գո­­յու­­թիւնը կրնաք ան­­ձամբ հաս­­տա­­­տել հայր Աւ­­գե­­­րեան վար­­դա­­­պետի «Նոր հայ­­կա­­­զեան»-ի եւ «Առ­­ձեռն»-ի մէջ, եր­­կուքն ալ տրա­­մադ­­րե­­­լի են Նա­­յիրիի «Հա­­յերէն բա­­ռարան­­ներ» կայ­­քէն:

Կը մնայ, որ յանձն առ­­նէք համ­­բե­­­րատա­­րօրէն թեր­­թա­­­տել զա­­նոնք՝ անդրա­­դառ­­նա­­­լու հա­­մար քա­­ղաքակրթա­­կան այն վիթ­­խա­­­րի բար­­ձունքին, որ կը յու­­շէ, կը թե­­լադ­­րէ նման բա­­ռացանկ մը:

Հե­­տաքրքրա­­կան է, որ ժա­­մանա­­կին հետ այս բա­­ռերէն շա­­տեր դադ­­րած են կի­­րար­­կո­­­ւելէ, միւս կող­­մէ՝ ստեղ­­ծո­­­ւած են ու­­րիշնե­­րը. ասոնց բաղ­­դա­­­տու­­թիւնը մեզ կրնայ շատ հե­­ռու­­նե­­­րը տա­­նիլ՝ իրենց տաղ­­տուկնե­­րով հան­­դերձ, որոնք հա­­մատե­­ղելի չեն ըն­­թա­­­ցիկ յօ­­դուա­­ծի մը մէջ, ինչպէս մե­­րինն է. ըսեմ միայն, Ակա­­դեմիայի քա­­ռահա­­տոր «Ժա­­մանա­­կակից հա­­յոց լե­­զուի բա­­ցատա­­րական բա­­ռարան»-ը իր կող­­մէ աշ­­խարհա­­բարին հա­­մար կը ճանչնայ մօ­­տաւո­­րապէս 481 բառ, որ իր կար­­գին գայ­­թակղե­­ցու­­ցիչ ըլ­­լա­­­լէ չի դադ­­րիր. ապա փոր­­ձե­­­ցէք այս մո­­լորա­­կի՝ ձե­­զի ծա­­նօթ լե­­զու­­նե­­­րէն մէ­­կուն մէջ գտնել նմա­­նօրի­­նակ երե­­ւոյթ մը... ու ըստ այնմ դա­­տեցէք, թէ ի՛նչ ցե­­ղի յետ­­նորդներն ու ժա­­ռան­­գորդներն էք:

Այլ առի­­թով ըսած եմ, վեր­­յի­­­շենք. «Նոր հայ­­կա­­­զեանը»-ը քա­­ռալե­­զու բա­­ռարան է. հա­­յերէն բա­­ռերուն կից դրուած են յու­­նա­­­րէն, լա­­տինե­­րէն եւ թրքե­­րէն բազ­­մա­­­թիւ հո­­մանիշ­­ներ, ան­­շուշտ դրո­ւած են հոն, ուր այդպի­­սինե­­րը կան: Եւ ահա մեր բա­­զում-ի ըն­­տա­­­նիքէն հա­­րիւ­­րա­­­ւոր ան­­դամներ չու­­նին իրենց հա­­մար­­ժէ­­­քը յի­­շեալ լե­­զու­­նե­­­րուն մէջ, ոչ միայն թրքե­­րէնի, որ ծա­­նօթ է իր բնիկ բա­­ռերու աղ­­քա­­­տու­­թեամբ, այ­­լեւ քա­­ղաքակրթու­­թիւն կեր­­տած լե­­զու­­նե­­­րու, ինչպէս յու­­նա­­­րէնի եւ լա­­տինե­­րէնի:

Ակա­­դեմիայի քա­­ռահա­­տորը իր կար­­գին կ’ընդգրկկէ մեր զոյգ աշ­­խարհա­­բար - նե­­րը՝ արե­­ւելեան ու արեւմտեան, եւ այստեղ բո­­լոր բա­­ռերը ու­­նին իրենց մա­­տենագ­­րա­­­կան պատ­­շաճ վկա­­յու­­թիւննե­­րը, որոնք քա­­ղուած են Հայ աշ­­խարհա­­բար գրա­­կանու­­թե­­­նէն եւ մա­­սամբ բար­­բառնե­­րէ: Ան ձե­­ւով մը «Նոր հայ­­կա­­­զեան»-ի աշ­­խարհա­­բար տար­­բե­­­րակն է եւ ար­­ժա­­­նապա­­տիւ յա­­ջոր­­դը՝ Մալ­­խա­­­սեանի1

«Հա­­յերէն բա­­ցատ­­րա­­­կան բա­­ռարան»-ին, որ իր օրին (1944) նոր էջ մը բա­­ցաւ աշ­­խարհա­­բարի բա­­ռարա­­նագ­­րութեան պատ­­մութեան մէջ:

Առ ի հե­­տաքրքրու­­թիւն կը դնեմ այստեղ գու­­մա­­­րը նաեւ Գնէլ Ճե­­րեճեան- Ար­­տա­­­շէս Տէր Խա­­չատու­­րեանի «Հա­­յոց լե­­զուի նոր բա­­ռարան»-ի (1992), որ սփիւռքա­­հայ ամե­­նածա­­ւալուն բա­­ռարանն է. ու­­րեմն այստեղ բա­­զում ար­­մա­­­տով կազ­­մո­­­ւած բա­­ռերուն թի­­ւը 183 է:

Առանց մեկ­­նա­­­բանու­­թեան:

***

Բա­­զում ար­­մա­­­տի բա­­ռային ըն­­տա­­­նիքը կրնայ շատ դիւ­­րաւ նիւթ հայ­­թայթել վար­­դա­­­պետա­­կան աւար­­տա­­­ճառի մը, եթէ թեկ­­նա­­­ծուն մէկ առ մէկ սեր­­տէ անոր ան­­դամնե­­րէն իւ­­րա­­­քան­­չիւրին ծնդա­­բանու­­թիւնը, բայց նաեւ ոմանց մահն ու ու­­րիշնե­­րու յա­­ռաջա­­ցու­­մը աշ­­խարհա­­բարի մէջ: Վասնզի բա­­ռերը ու­­նին իրենց պատ­­մութիւ­­նը:

Տես­­նենք քա­­նի մը դուրս մղո­­ւած բա­­ռեր.

բազ­­մա­­­բաղ­­ձիկ − շատ փա­­փաքե­­լի

բազ­­մա­­­բանել − եր­­կար խօ­­սիլ, շա­­տախօ­­սել

բազ­­մա­­­բերձ − շատ բարձր

բազ­­մա­­­գերան − փայ­­տա­­­շատ, օրի­­նակ՝ ան­­տառ

բազ­­մա­­­դաշն − սաս­­տիկ եր­­դումով դա­­շինք կա­­պած

Այսպէս դուրս ձգո­­ւած բա­­ռերէն ոմանք ընդմիշտ ան­­հե­­­տացած են մեր ազ­­գա­­­յին յի­­շողու­­թե­­­նէն, ու­­րիշներ փո­­խարի­­նուած են ար­­դի հո­­մանի­­շով մը . օրի­­նակ՝ բազ­­մա­­­բերձ- ին փո­­խարէն ար­­դի հա­­յերէ­­նը կը նա­­խընտրէ բարձրա­­բերձ, թէ­­կուզ երկնա­­բերձ ըսել:

Բազմ-ով կազ­­մո­­­ւած են՝ բազ­­մոց, որ բար­­ձի տե­­սակ մըն էր, որուն նման­­նե­­­րը կը գտնո­­ւէին պար­­սից ար­­քա­­­յից ար­­քա­­­յի գա­­հին կից եւ որոնց վրայ կը բազ­­մէին անոր դաշ­­նա­­­կից­­նե­­­րը՝ ըստ իրենց ու­­նե­­­ցած կա­­րեւո­­րու­­թեան կար­­գին. Հա­­յոց բազ­­մո­­­ցը կը գտնո­­ւէր, օրի­­նակ, գա­­հին ան­­մի­­­ջապէս կի­­ցը, այ­­սինքն՝ երկրորդն էր: բազ­­մա­­­կան, որ նման բազ­­մո­­­ցը գրա­­ւողն էր. բազ­­մա­­­կան կը կո­­չուի նաեւ որե­­ւէ խրախ­­ճանքի հրա­­ւիրեալը, հիւ­­րը, սե­­ղանա­­կիցը, հան­­դի­­­սակա­­նը. այս վեր­­ջին նշա­­նակու­­թեամբ՝ բազ­­մա­­­կանը ու­­նի նոյ­­նա­­­նիշ մը, որ է կոչ­­նա­­­կան:

1 Նկար­­նե­­­րը. աջին՝ հայր Մկրտիչ Աւ­­գե­­­րեան, ձա­­խին՝ Ստե­­փանոս Մալ­­խա­­­սեան:

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ