Դէպի Լիբանան

Այս երրորդ գրութեամբ կ՚ամբողջացնենք Բարռեսիա գոլէքթիւին «Յասմիկեան պտոյտներ» մրցանակը կրողներուն գրութիւնները հրապարակելը։ Նոյնպէս՝ այս գրութիւնով կ՚աւարտենք բարռեսիաբար սիւնակին երկշաբաթեայ մեր այս տարուան հրապարակումները։

Այս առիթով ընդունեցէք մեր Նոր տարուան եւ Սուրբ ծննդեան բարեմաղթութիւնները։ Կը յուսանք, որ 2024-ին դարձեալ կը միանանք իրարու մեր աշխատանքներով եւ ալ աւելի կը պեղենք մեր գանձերը՝ գրագէտներու, հնագէտներու, պատմաբաններու, արուեստաբաններու եւ ընկերաբաններու գործերուն ճամբով։ Անոնք, որոնք կը փափաքին հետեւիլ մեր աշխատանքներուն, թող գրեն parrhesiacollective@gmail.com հասցէին։ Մնացէ՚ք առողջ եւ ուրախ։

ԻԶԱՊԷԼ ՏԻՄՏԻՔ

Ես Իզա­պէլ Տիմ­տիք։ 10 տա­րեկան եմ։ Ս. Անա­րատ Յղու­թեան վար­ժա­րանի Ե դա­սարա­նի աշա­կերտ եմ։ Ըն­տա­նիքս Լի­բանա­նէն Թուրքիոյ գաղ­թած է 2013 թո­ւակա­նին։ Իսկ ես Թուրքիոյ Պո­լիս քա­ղաքին մէջ ծնած եմ։ Մեծ մայ­րիկս, քոյ­րիկս եւ ազ­գա­կան­ներս դեռ Լի­բանան կ՚ապ­րին։ Մենք յա­ճախ այ­ցե­լու­թեան կ՚եր­թանք մեր հո­ղերուն՝ Լի­բանան։ Վեր­ջին մեր այ­ցե­լութւի­նը 2 տա­րի առաջ էր, որով­հե­տեւ քոյրս պի­տի ամուսնա­նար։ Մայրս, հայրս եւ ես բո­լոր պատ­րաստու­թիւննե­րը ըրինք, առեւ­տուրնե­րը լմնցու­ցինք եւ օդա­նաւով ճամ­բայ ելանք։ Մէ­կու­կէս ժամ տե­ւեց մեր ճամ­բորդու­թիւնը։

Իսկ 2018 թո­ւակա­նին «Մար Շար­պել Եկե­ղեցի» գա­ցինք մեծ քոյ­րի­կիս եւ մայ­րի­կիս հետ։ Ես 5 տա­րեկան էի, բայց շատ լաւ կը յի­շեմ այն օրե­րը։ Մար Շար­պե­լը սուրբ մըն է, որ ամէն տե­սակ հրաշքներ ըրած է, այդ պատ­ճա­ռով հա­ւատա­ցեալ­նե­րը այդ եկե­ղեցին կ՚այ­ցե­լեն եւ մու­րազ կ՚ու­զեն։ Այդ շրջա­նին, մի­ջոց մը դպրոց ալ գա­ցի եւ Ս. Զա­տիկո­ւան տօ­նը տօ­նեցինք խրախ­ճանքով, որուն ես նա­պաս­տակ եղայ։

Տեառ­նընդդա­ռաջ տօ­նին առի­թով Պա­տարագ կը մա­տու­ցեն եւ Խո­րանին վրա­յի մո­մէն եկե­ղեց­ւոյ շրջա­փակին մէջ խա­րոյկ կը վա­ռեն։ Խա­րոյ­կին չորս կող­մը կը դառ­նան՝ «Հայր Մե­ր» աղօ­թելով եւ մու­րազ ու­զե­լով։

Լի­բանա­նի մէջ հայ եկե­ղեցի­ները իրենց անո­ւան տօ­նին առի­թով պա­տարագ կ՚ընեն եւ մա­տաղ կ՚ընեն։ Մա­տաղը յե­տոյ հա­ւատա­ցեալ­նե­րուն կը բաժ­նեն։

Այս պտոյտնե­րը ին­ծի մեծ յու­զում կը պատ­ճա­ռեն։ Երբ հոն կ՚եր­թամ այս տե­ղերը կը կա­րօտ­նամ։ Երբ հոս կը վե­րադառ­նամ այդ տե­ղերը կը կա­րօտ­նամ։ Այս յի­շատակ­ներս բնաւ պի­տի չմոռ­նամ։ Պի­տի մեծ­նամ զա­ւակ պի­տի ու­նե­նամ եւ անոնց ալ պի­տի պատ­մեմ։ Երա­նի թէ աչքս գո­ցէի եւ բա­նայի, պահ մը հոն, պահ մը հոս ըլ­լա­յի։

Բայց նախ եւ առաջ կ՝ու­զեմ, որ ամ­բողջ աշ­խարհին հա­մերաշ­խութիւն տի­րէ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ