«Զրոյցներ վասն իրողութեան»

Այս ընդհա­նուր խո­րագ­րին ներ­քեւ եօթը ան­ջատ մի­ջոցա­ռումներ կազ­մա­կեր­պո­ւած են Հրանդ Տին­քի յի­շատակ­ման շրջագ­ծով։ Նա­խատե­սուած են «Իրո­ղու­թիւնը յի­շողու­թեան վե­րածել», «Իրո­ղու­թիւնը ար­խի­ւաւո­րել», «Լրագ­րող ըլ­լա­լով դա­տավա­րու­թեան հե­տեւիլ», «Իրա­ւապաշտպան ըլ­լա­լով դա­տավա­րու­թեան հե­տեւիլ», «Իրա­ւագէտ ըլ­լա­լով դա­տավա­րու­թեան հե­տեւիլ» եւ վեր­ջա­պէս «Կը խօ­սինք Հրանդ Տին­քի մա­սին»։

Այս խո­րագիր­նե­րու ներ­քեւ առա­ջին հան­դի­պու­մը կը կա­յանայ 11 Յու­նո­ւար հինգշաբ­թի, «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան՝ «23,5 Հրանդ Տինք յի­շողու­թեան վայր»ի մէջ։ Այս նիս­տին Նա­յաթ Գա­րաքէօսէ­յի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Այ­շէ Կիւլ Ալ­թը­նայ, Սե­նա Պա­շէօզ եւ Նես­լի­հան Քո­յունճու Պա­լի կը զրու­ցեն «23,5 Հրանդ Տինք յի­շողու­թեան վայր»ի հիմ­նադրու­թեան նա­խաձեռնման եւ իրա­կանաց­ման հան­գա­մանքնե­րու մա­սին։

Յա­ջոր­դող ուրբաթ օր, Նո­րայր Օլ­կա­րի ժո­ղովա­վարու­թեամբ Իւ­միթ Քը­վանչ, Ռո­պէր Քոփ­թաշ եւ Զէյ­նեփ Թաշ­քըն կը զրու­ցեն մա­նաւանդ ծան­րա­նալով Իւ­միթ Քը­վան­չի «Յի­շողու­թիւնը ան­բա­ւարար» խո­րագ­րեալ վա­ւերագ­րա­կան ֆիլ­մին։

Շա­բաթ օրո­ւայ նիւթն է՝ «Իբ­րեւ լրագ­րող դա­տավա­րու­թեան հե­տեւիլ»։ այս նիս­տի մաս­նա­կից­ներն են Էլիֆ Աք­կիւլ, Ճա­նան Ճոշ­քուն, Պա­նու Կիւ­վէն, Եդո­ւարդ Տան­ձի­կեան եւ Էրոլ Էօն­տէ­րօղ­լու, իսկ ժո­ղովա­վարի պաշ­տօ­նը կը կա­տարէ Հա­զալ Էօզ­վա­րըշ։

Պա­րըշ Ալ­թընթաշ, Պիւ­լենթ Այ­տըն եւ Մի­լենա Պիւ­յիւմ Զէյ­նեփ Սունկո­ւի ժո­ղովա­վարու­թեամբ կը քննար­կեն Հրանդ Տին­քի դա­տավա­րու­թեան ըն­թացքին իրա­ւապաշտպան­նե­րու դե­րակա­տարու­թիւնը։

16 Յու­նո­ւարին Հրանդ Տին­քի դա­տավա­րու­թիւննե­րու նա­խորդ եւ այժմու փաս­տա­բան­ներ Ֆեդ­հի­յէ Չե­թին եւ Հիւլյա Տե­վէճի բա­ցատ­րութիւններ կու տան դա­տական գոր­ծընթա­ցի մա­սին։

Ֆեդ­հի­յէ Չե­թին յա­ջորդ օր եւս ելոյթ կ՚ու­նե­նայ Ալի Պայ­րա­մօղ­լո­ւի հետ, «Կը խօ­սինք Հրանդ Տին­քի մա­սին» խո­րագ­րի ներ­քեւ։

18 Յու­նո­ւարին Հա­լէ Թեն­կէր եւ Այ­լին Վար­դա­նեան կը ներ­կա­յաց­նեն «Ակօս»ի նախ­կին խմբագ­րա­տան գտնո­ւած «Սե­պաթ ափարթման» շէն­քի ճակ­տին կա­տարո­ւած ցո­լացումնե­րու մա­սին։

Այս ծրա­գիրէ դուրս, այդ օր Մա­սիս Քիւրքչիւ­կիլ, Սե­սիլ Ար­թուչի հետ միասին «Նոս­թալժի» գրա­խանու­թի սրա­հին մէջ ելոյթ կ՚ու­նե­նան «Հրանդ Տինք եւ Թուրքիոյ մէջ ար­դա­րու­թեան պայ­քա­րը» խո­րագի­րով։

Յստակ է, որ այս տա­րի եւս Հրանդ Տին­քի սպա­նու­թեան տա­րեդար­ձին 19 Յու­նո­ւարի նա­խոր­դող եւ յա­ջոր­դող օրե­րուն զա­նազան միջոցառումներ տեղի պիտի ունենան զանազան քաղաքներու եւ երկիրներու մէջ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ