Հովուական այցելութիւն Էլազըղի համայնքին

Սուրբ Ծննդեան եւ Աս­տո­ւածա­յայտնու­թեան տա­ղաւա­րին առի­թով, Գումգա­բու Դրսի Սուրբ Յա­րու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ երէց՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբե­ղայ Տօ­նիկեան այցելեց Էլա­զըղի հայ ժո­ղովուրդին։

Հայր Սուրբը 13 Յու­նո­ւար 2024, Շա­բաթ, օդա­յին ճամ­բով հա­սաւ Էլա­զըղ եւ դի­մաւո­րուե­ցաւ քա­ղաքի Հայ հա­մայնքի ան­դամնե­րէն Ար­ման Եաղ­ճըի կող­մէ եւ հիւ­րա­սիրո­ւեցաւ Եաղ­ճը ըն­տա­նիքի բնա­կարա­նին մէջ։ Կի­րակի առա­ւօտ քա­ղաքի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նատան Ս. Նշան մատ­րան մէջ կա­տարո­ւեցաւ կա­նոնա­կան պաշ­տա­մունք եւ մա­տու­ցո­ւեցաւ Սուրբ Պա­տարագ։

Ի ժամ Սուրբ Պա­տարա­գի, նախ քան Տէ­րու­նա­կան Աղօթ­քը պա­տարա­գիչ Հայր Սուրբը քա­րոզեց եւ Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թեան հայ­րա­կան օրհնու­թիւննե­րը փո­խան­ցեց ներ­կայ հա­ւատա­ցեալ ժո­ղովուրդին։ Քա­րոզին մէջ անդրա­դար­ձաւ Ս. Ծննդեան մեծ եւ սքան­չե­լի խոր­հուրդի իմաս­տին եւ հա­ւատա­ցեալ­նե­րը հրա­ւիրեց որ միշտ ի մտի ու­նե­նան, թէ «Աս­տուծոյ հա­մար ան­կա­րելի բան չկայ» եւ այս առու­մով ալ նե­ղու­թեան, ցա­ւերու, տա­ռապանքնե­րու հետ դէմ հան­դի­ման մնա­լու պա­րագա­յին ապա­ւինիլ այս խօս­քին զօ­րու­թեան, միշտ վստահ ըլ­լա­լով, որ Աս­տո­ւած մե­զի հետ է։

Յա­ւարտ Սուրբ Պա­տարա­գի կա­տարուեցաւ ջրօրհնէք եւ խորհրդան­շա­կան կնքա­հօր պար­տա­կանու­թիւնը ստանձնեց Եթ­քին Եաղ­ճը։

Յետ ջրօրհնէ­քի Էլա­զըղի մեր հա­մայնքի հան­գուցեալ ան­դամնե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ կա­տարո­ւեցաւ ընդհա­նուր պաշ­տօն։

Խար­բերդի մեր­ձա­կայ ճա­շարա­նի մէջ ի պա­տիւ Հայր Սուրբի սար­քո­ւեցաւ սի­րոյ սե­ղան։

Հայր Սուրբը ըն­կե­րակ­ցութեամբ Ար­ման Եաղ­ճըի քա­ղաքա­վարա­կան այ­ցե­լու­թիւն տո­ւաւ քա­ղաքի Ասորւոց Եկե­ղեց­ւոյ հո­գեւոր հո­վիւ Հոգշ. Տ. Մու­շէ Տաղ Վար­դա­պետին եւ ուխտի աղօթք ըրաւ գողտրիկ եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Հայր Սուրբը Կի­րակի գի­շեր օդա­յին ճամ­բով վե­րադար­ձաւ Իս­թանպուլ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ