Կը թարմանայ Կոպէլեանի յիշատակը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

pakrates@yahoo.com

Արեւմտա­հայ գրա­կանու­թեան հսկա­ներուն կար­գին է Երո­ւանդ Կո­պէլեանը։ Իր գրա­կան վաս­տա­կը ըն­թերցո­ղին ծա­նօթ է աւե­լի շատ ար­ձակ գոր­ծե­րով եւ սիւ­նա­կագ­րութեամբ։

Վեր­ջերս ու­րա­խալի վե­րայայտնու­թիւն մը եղաւ իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու յա­ջող թարգմա­նու­թիւնը, որ կա­տարուած էր Յով­հաննէս Շաշ­կա­լի կող­մէ եւ լոյս ըն­ծա­յուած «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան մա­տենա­շարէն։ 1948-ին լոյս տե­սած այս հա­ւաքա­ծոն առա­ջին ան­գամ հրա­տարա­կուած էր «Երա­նի թէ» խո­րագի­րով։ Հե­տաքրքրա­կան է այս բա­ռը։ «Երա­նի» իր մէջ բա­րեբախ­տութիւն մը կը պա­րու­նա­կէ։ Իսկ եթէ բա­ռին կցենք «թէ» շեշ­տադրու­թիւնը, այս ան­գամ կը յայտնո­ւի զղջու­մի մը տպա­ւորու­թիւնը։

Խո­րագի­րը նկա­տի ու­նե­նալով մենք ու­րախ սիր­տով կրնանք երա­նի ըլ­լալ՝ այն իրո­ղու­թեան, որ Կո­պէլեան իր հա­սակա­կից­նե­րէն Ռու­բէն Մա­շոյեանի, Յա­կոբ Այ­վա­զի կամ Վա­րու­ժան Քէօսէեանի նման իր վեր­ջին գրու­թիւննե­րուն հա­մար բոյն դրաւ «Ակօս»ի խմբագ­րա­տու­նը։ Այդ պատ­կե­րը երա­նելի յի­շատակ մըն է «Ակօս»ի պատ­մագրու­թեան մէջ։ Միշտ ու­րախ յի­շատա­կուե­ցան պա­րոն Կո­պէլեան, պա­րոն Այ­վազ, պա­րոն Քէօսէեան, պա­րոն Մա­շոյեան անուննե­րը։ Այ­սօր ցաւ ի սիրտ կ՚անդրա­դառ­նանք թէ այդ շար­քին կցած ենք նաեւ պա­րոն Սե­րով­բեանն ալ։ Կը թղթա­տենք հա­ւաքա­ծոյի էջե­րը եւ իւ­րա­քան­չիւր բա­նաս­տեղծու­թեան կ՚անդրա­դառ­նանք եր­կու հան­գա­մանքնե­րու։ Թէ Հա­մաշ­խարհա­յին պա­տերազ­մին յա­ջոր­դող տա­րինե­րու գրա­կան ճա­շակին եւ թէ մե­րօրեայ ար­դի թրքե­րէնով կա­տարո­ւած հրա­շալի թարգմա­նու­թեան։

Այդ բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու տե­ղի տո­ւած պատ­կե­րացումնե­րը կը գե­րազան­ցեն բա­ռերու նշա­նակու­թիւննե­րը։ Ահա­ւասիկ օրի­նակ մը այդ հաս­տա­տու­մը պար­զե­լու հա­մար.

«Սի­րոյ մա­սին խօ­սէ՛, կ՚ըսես սի­րելիս,

Երբ դեռ կը մխան բե­րան­նե­րը զէն­քե­րուն,

Ու դեռ կ՚արիւ­նին վէր­քե­րը

Ազա­տու­թեան սի­րոյն հա­մար կրուող­նե­րուն։

Ու դեռ «որբ»ը չէ հասկցած

Իրեն տրո­ւած այս նոր անո­ւան իմաս­տը

Սի­րոյ մա­սին խօ­սէ՛ կ՚ըսես սի­րելիս»։

Սա եօթը տո­ղերը այ­սօր ալ կեն­դա­նի վկա­յու­թիւն է, երբ հա­մատա­րած կը մխան զէն­քե­րու բե­րան­նե­րը։ Ճիշդ ալ այս հանգրո­ւանին իմաստ կը ստա­նայ երա­նիինն կցո­ւած «թէ» մաս­նի­կը։ Երա­նի թէ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ նշո­ւած կսկի­ծը մնար հե­ռաւոր ան­ցեալի մը մէջ եւ մենք ազատ ու հա­մար­ձակ խօ­սէինք սի­րոյ մա­սին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ