Թլկատին­ցիի ճա­նապար­հորդագ­րութեան մա­սին

ԹԱՄԱՐ ԿԻՒՐՃԵԱՆ

Թլկա­­տին­­ցիի եւ անոր ճա­­նապար­­հորդագ­­րութեան վեր­­ջերս ծա­­նօթա­­ցայ Խար­­բերդի գրող­­նե­­­րուն եւ գա­­ւառի գրա­­կանու­­թեան մա­­սին Գրի­­գոր Պըլ­­տեանի յօ­­դուա­­ծին մէջ («From Image to Loss: The Writers of Kharpert and Provincial Literature», լոյս տե­­սած Ռի­­չըրտ Յով­­հաննի­­սեանի խմբագ­­րութեամբ «Armenian Tsopk/Kharpert» հա­­տորին մէջ)։ Յօ­­դուա­­ծը կար­­դա­­­ցի «Արաս» հրա­­տարակ­­չա­­­տան թրքե­­րէն թարգմա­­նու­­թեամբ։ Թլկա­­տին­­ցի, բուն անու­­նով Յով­­հաննէս Յա­­րու­­թիւնեան, ծնած է 1860 թո­­ւակա­­նին, Խար­­բերդի հա­­րաւը գտնո­­ւող Թլկա­­տին գիւ­­ղը, որ ներ­­կա­­­յիս Գու­­յուլու վե­­րանո­­ւանո­­ւած է։ Թլկա­­տին­­ցի առա­­ւելա­­բար ծա­­նօթ է իր յօ­­դուա­­ծագ­­րութեամբ, ճա­­նապար­­հորդագ­­րութեամբ, թատ­­րերգու­­թեամբ եւ կարճ պատ­­մո­­­ւածքնե­­րով։ Պըլ­­տեան կը յայտնէ, որ Թլկա­­տին­­ցիի «Հայ­­րե­­­նիք» եւ «Արե­­ւելք» թեր­­թե­­­րուն մէջ լոյս տե­­սած ճա­­նապար­­հորդագ­­րութիւննե­­րը գրա­­կան ոճ ու­­նին։ Այս գրու­­թիւննե­­րուն մէջ, Թլկա­­տին­­ցի ոչ միայն բծախնդրօ­­րէն կը նկա­­րագ­­րէ հա­­յերուն ինչքե­­րուն եւ վան­­քե­­­րուն ծանր իրա­­վիճա­­կը, այլ նաեւ էթ­­նոկրա­­ֆիք կեր­­պով կը ներ­­կա­­­յաց­­նէ առօ­­րեայ կեան­­քը, իր ման­­րա­­­մաս­­նութիւննե­­րով, ինչպէս Պըլ­­տեան կ՚ըսէ՝ մօ­­տալուտ աղէ­­տին գրե­­թէ լուռ նա­­խազ­­գուշա­­ցում։

Այս յօ­­դուա­­ծին մէջ պի­­տի կեդ­­րո­­­նանամ Թլկա­­տին­­ցիին երեք ճա­­նապար­­հորդագ­­րութիւննե­­րուն՝ «Դատ­­մայ վան­­քը» (1890 թ.), «Բա­­լու» (1892 թ.) եւ «Ճամ­­բու տպա­­ւորու­­թիւններ» (1893 թ.), որոնք կը պա­­րու­­նա­­­կեն գիւ­­ղե­­­րու, վան­­քե­­­րու եւ Խար­­բերդի մօ­­տակայ Բա­­լու քա­­ղաքին մա­­սին տե­­ղեկու­­թիւններ։ «Բա­­լու փա­­կուած է եր­­կու լե­­րան մէջ­­տեղ. եր­­դի­­­քի պէս նեղ հո­­րիզոն մ'ու­­նի, շէն­­քե­­­րը կառ­­չած են բեր­­դին դար լե­­րան կուշտը եւ մէկ մէ­­կու վրայ նա­­յելով կիջ­­նեն մին­­չեւ գե­­տափը։ Արա­­ծանի կը հո­­սի դէ­­պի արեւ­­մուտք քա­­ղաքին ոտ­­քե­­­րը լո­­ւալով»։ Այս յա­­ռաջա­­բանով հե­­ղինա­­կը կը գրէ Բա­­լուի առօ­­րեային մա­­սին, դի­­տելով եւ ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լով իրա­­վիճա­­կը՝ տու­­նե­­­րու քա­­նակէն մին­­չեւ ճար­­տա­­­րապե­­տու­­թեան եւ տնտե­­սական կեան­­քէն մին­­չեւ վար­­չա­­­կան հար­­ցե­­­րու մա­­սին խօ­­սելով։ Այս պատ­­մե­­­լու ձե­­ւը սար­­սա­­­փելիօրէն կը կան­­խէ յու­­շա­­­մատեան­­նե­­­րու ձե­­ւակեր­­պը, որ աք­­սո­­­րուած վե­­րապ­­րողնե­­րու վկա­­յու­­թիւննե­­րը պա­­րու­­նա­­­կող կա­­րեւոր հա­­ւաքա­­ծոյ է: Մինչ այս գիր­­քե­­­րը կը վե­­րակեր­­տեն կոր­­սո­­­ւածը գրու­­թիւննե­­րով, լու­­սանկար­­նե­­­րով եւ քար­­տէսնե­­րով, Թլկա­­տին­­ցին կը նկա­­րագ­­րէ ներ­­կան:

Թլկա­­տին­­ցիէն կը լսենք Բա­­լուի աղ­­բիւրի դի­­մաց ջու­­րե­­­րու կռի­­ւը , ծա­­ռաւը, անմշակ բա­­րեբեր հո­­ղերը, որոնց վրայ տա­­տաս­­կա­­­փու­­շե­­­րը շատ աւե­­լի բարձր կը կանգնին քան մար­­դի­­­կը, գիւ­­ղա­­­ցինե­­րուն փա­­փաքը աւե­­լի «հեշտ» կեանք մը ապ­­րե­­­լու եւ «պան­­դուխտ» դառ­­նա­­­լու ու այս բո­­լորին պատ­­ճա­­­ռով լքո­­ւած գիւ­­ղե­­­րու հետզհե­­տէ աճող թի­­ւը, Մու­­րատ գե­­տի խլած ան­­հա­­­մար կեան­­քե­­­րը, գիւ­­ղե­­­րուն մէջ ու­­սուցիչ­­նե­­­րու եւ վար­­չա­­­կար­­գե­­­րու պա­­կասը, վան­­քե­­­րու երե­­սի վրայ ձգո­­ւիլը եւ շատ մը այլ հար­­ցեր՝ գրե­­թէ հո­­ղէն ու ջու­­րէն ծնած տե­­ղական հա­­յերէն լե­­զուով։

Թլկա­­տին­­ցին կը խօ­­սի նաեւ դաշ­­տե­­­րուն մէջ աշ­­խա­­­տող, վան­­քե­­­րուն մէջ ծա­­ռայող եւ հա­­ւաբու­­ծութեամբ զբա­­ղող կի­­ներու կեան­­քե­­­րուն մա­­սին։ Նկա­­րագ­­րե­­­լով Բա­­լուի գիւ­­ղա­­­կան տու­­նե­­­րը, ան կը պատ­­մէ կի­­ներուն վճռա­­կամօ­­րէն աշ­­խա­­­տիլը այդ տու­­նե­­­րուն մէջ։ «Տու­­ներն են ան­­կա­­­նոն շէն­­քեր քա­­րով ու աղիւ­­սով շի­­նուած, երկյարկ, եր­­բեմն եռա­­յարկ, կը նա­­յին դէ­­պի արե­­ւելա­­հարաւ, ասոնց վե­­րի յար­­կե­­­րը Քէօշ­­կի ձե­­ւերու մէջ դրո­­ւած են, ան­­կարգ աննպա­­տակ ձօ­­ղուններ իրա­­րու վրայ կու­­տա­­­կուած, տախ­­տա­­­կուած յա­­տակով սե­­նեակ շատ քիչ, բայց կնիկ­­ներ օրն օրին կի­­րով ու շա­­ղախով հա­­յելիի պէս փայ­­լուն յա­­տակ մը կը շի­­նեն. ամէն շա­­բաթ գրե­­թէ ամէն օր սե­­նեակի յա­­տակին ու պա­­տերուն վրայ կը շփեն կամ հեղ­­կա­­­ցուած թրիք, կամ օղին հա­­նուե­­լէ վեր­­ջը մնա­­ցած ան­­պէտ թթա­­յին քմուք մը»։

Աղ­­բէն մաք­­րութեան նիւ­­թեր պատ­­րաստող կի­­ներ կա­­յուն, բայց դժո­­ւար եւ շա­­րու­­նա­­­կակա­­նու­­թիւն պա­­հան­­ջող կեանք կը վա­­րեն։ Ար­­ձա­­­կուրդի եր­­թա­­­լը այս ապ­­րե­­­լակեր­­պին մաս չի կազ­­մեր: Միւս կող­­մէ, Թլկա­­տին­­ցի տա­­րին մէկ կամ եր­­կու ան­­գամ կը մեկ­­նի եր­­կար ճամ­­բորդու­­թիւննե­­րու՝ փա­­կելով իր հիմ­­նադրած Խար­­բերդի Կեդ­­րո­­­նական բարձրա­­գոյն վար­­ժա­­­րանի դու­­ռը։ Վար­­ժա­­­րանը պատ­­րաստած է գա­­ւառի գրա­­կանու­­թեան կա­­րեւոր դէմ­­քեր, ինչպէս՝ Վա­­հան Թո­­թովենց, Հա­­մաս­­տեղ, Ռու­­բէն Զար­­դա­­­րեան։ Ի դէպ, Թլկա­­տին­­ցիին այս բո­­լոր տպա­­ւորու­­թիւննե­­րը գրե­­լը ապա­­ցոյց է, որ ան կա­­րողա­­ցած է ազատ ժա­­մանակ գտնել ճա­­նապար­­հորդելու։ Թէեւ Խար­­բերդի մէջ Թլկա­­տին­­ցիի կեան­­քի ռիթ­­մը կը տար­­բե­­­րի գիւ­­ղա­­­կան կեան­­քի ռիթ­­մէն, որուն ան­­հե­­­տացու­­մի վտան­­գը կը զգայ, բայց այս իրեն առիթ կու տայ դի­­տելու եւ ար­­ձա­­­նագ­­րե­­­լու ինչ որ կը տես­­նէ։ Այս ընե­­լով, ան գի­­տակ­­ցա­­­բար կ՚ար­­ձա­­­նագ­­րէ վե­­րահաս ան­­հե­­­տացու­­մը։ «Ճամ­­բու տպա­­ւորու­­թիւններ»-ու մէջ Ապ­­տուլմսեհ վան­­քին մա­­սին ան կը գրէ՝ «Մին­­չեւ կէս օր վանք կը մնանք, ոչ ոք կայ ըսող թէ շուտ կը բաժ­­նո­­­ւիք, մենք մեր տրա­­մադ­­րութեան թո­­ղուած ենք. թէ սա­­կայն ամիս­­նե­­­րով ալ առ­­նենք, նստինք, դար­­ձեալ ոչ ոք կայ դի­­մաց­­նիս որ թթո­­ւած երե­­սով մեզ ճամ­­բու դնէ. վա­­նահայ­­րը շա­­տոնց մե­­ռած է, անոր քա­­հանայ եղ­­բայրն ալ մե­­ռած, ու այդ մա­­հերէն յե­­տոյ մեռ­­նե­­­լու կար­­գը վան­­քին թո­­ղուած է»։ Այս կան­­խա­­­տեսու­­մը իրա­­կանա­­ցաւ եւ Մաս­­տար լե­­րան ստո­­րոտին գտնուող վան­­քը փլաւ 19-րդ դա­­րու վեր­­ջե­­­րուն, Թլկա­­տին­­ցիի այ­­ցե­­­լու­­թե­­­նէն շատ չան­­ցած։

Մինչ այս գրու­­թիւննե­­րը մե­­զի կ՚ար­­տօ­­­նեն Թլկա­­տին­­ցիի աչ­­քե­­­րով յայտնա­­բերե­­լու վայ­­րե­­­րը, անոնք նաեւ մեր հա­­յեաց­­քը կը փո­­խեն ճար­­տա­­­րապե­­տական մնա­­ցոր­­դա­­­ցի նկատ­­մամբ: Այս վայ­­րե­­­րու կեան­­քի մա­­սին մեր ձեռք բե­­րած տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը մե­­զի կ՚ար­­տօ­­­նեն նոր տես­­լա­­­կան­­ներ ստեղ­­ծե­­­լու: Աւե­­լին՝ կոր­­սո­­­ւելի­­քին մա­­սին վա­­ւերագ­­րե­­­լու Թլկա­­տին­­ցիի ջան­­քե­­­րը կը դառ­­նայ կոր­­սուած­­նե­­­րու հնա­­գիտու­­թիւնը՝ մեզ ձգե­­լով եղա­­ծը պա­­հելու անո­­ղոք պայ­­քա­­­րի մը դի­­մաց։

Թարգմա­­նու­­թիւն՝Արազ Գո­ճայեան

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ