Տեառնընդառաջի ճրագը վառուեցաւ մեր եկեղեցիներուն մէջ

Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը, 13 Փետ­րո­ւար 2024, Երեք­շաբթի երե­կոյեան Տեառ­նընդա­ռաջի նա­խատօ­նակին նա­խագա­հեց Սա­մաթիոյ Ս. Գէորգ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ։

Երե­կոյեան ժա­մեր­գութեան աւար­տին, կա­տարո­ւեցաւ տար­ւոյն առա­ջին ան­դաստա­նը եւ օրհնո­ւեցան աշ­խարհի չորս ծա­գերը։ Ապա Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը Ս. Սե­ղանի մշտա­վառ կան­թե­ղէն առաւ ճրա­գը եւ վա­ռեց եկե­ղեց­ւոյ կեդ­րո­նը դրո­ւած մեծ մո­մը։

Նոյն առ­թիւ, Գերշ. Տ. Արամ Ար­քեպս. Աթէ­շեան Պա­քըր­գիւղի Ծնունդ Ս. Աս­տո­ւածած­նի, Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եր­րորդու­թիւն եւ Հոգշ. Տ. Յո­վակիմ Աբղյ. Սե­րով­բեան Ֆե­րիգիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց եկե­ղեցի­ներու մէջ արա­րողու­թեան հան­դի­սապե­տեցին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ