Հատտէճեան եւ Սարըասլան պարգեւատրուած

6Փետ­րո­­­ւար թո­­ւակիր «Մար­­մա­­­րա» օրա­­թեր­­թը ար­­դար հպար­­տութեամբ իր ըն­­թերցող­­նե­­­րուն կը ներ­­կա­­­յաց­­նէր Հա­­յաս­­տա­­­նի Գրող­­նե­­­րու Միու­­թեան եւ ԱՄՆ-ի Ամե­­րիկա­­հայ Գրող­­նե­­­րու եւ Լրագ­­րողնե­­րու Միու­­թեան միաս­­նա­­­բար շնոր­­հած «Դրուատան­­քի Մա­­գաղաթ»ը, ուղղո­­ւած պոլ­­սա­­­հայ անո­­ւանի հրա­­պարա­­կախօս Ռո­­պէր Հատ­­տէ­­­ճեանին։

Սա ու­­րա­­­խալի գնա­­հատանք մըն էր պա­­րոն Հատ­­տէ­­­ճեանի հա­­մար, որ կը զու­­գա­­­դիպէր իր ծննդեան 98-րդ տա­­րեդար­­ձի օրե­­րուն։

Զոյգ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րու անու­­նով պար­­գե­­­ւը «Մար­­մա­­­րա»ի խմբագ­­րա­­­տուն յանձնո­­ւեցաւ տի­­կին Լու­­սան Պը­­չաք­­ճըի ձե­­ռամբ։

Իրա­­կանու­­թեան մէջ զոյգ կազ­­մա­­­կեր­­պութիւննե­­րը նոյն բնոյ­­թով պար­­գեւ մըն ալ ու­­ղարկած են պոլ­­սա­­­հայ ժա­­մանա­­կակից գրա­­կանու­­թեան մի այլ վաս­­տա­­­կաւոր մշա­­կի՝ բա­­նաս­­տեղծ Իգ­­նա Սա­­րըաս­­լա­­­նին, դար­­ձեալ նկա­­տի ու­­նե­­­նալով անոր բե­­ղուն գրի­­չը եւ հայ գրա­­կանու­­թեան բե­­րած նպաս­­տը։

«Ակօս»ի խմբագ­­րութեան անու­­նով կը շնոր­­հա­­­ւորենք զոյգ պար­­գե­­­ւատ­­րեալ­­նե­­րը, եւ կը հայ­ցենք մեր արեւ­շա­տու­թեան մաղ­թանքնե­րը։

Բա­ցի Սա­րըաս­լա­նէ եւ Հատ­տէ­ճեանէ զոյգ կազ­մա­կեր­պութիւննե­րը «Դրո­ւատան­քի Մա­գաղաթ» մրցա­նակ­ներ շնոր­հած են

Ամե­րիկա­հայ ար­ձա­կագիր­ներ Սար­գիս Վա­հագ­նի, Խաչ­կա­րի, դե­րասան­ներ՝ Ալ­լա Թու­մա­նեանի, Յով­հաննէս Պա­պախա­նեանի եւ բա­նաս­տեղծներ Փա­նոս Ճե­րանեանի եւ Վազ­գէն Վա­նատու­րի։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ