Բացում Տատեան զբօսայգիի

6Մարտ չո­րեք­շաբթի օր, յա­տուկ մի­ջոցա­ռու­մով մը բա­ցուե­ցաւ Տա­տեան զբօ­սայ­գին։ Պա­քըր­գիւղի քա­ղաքա­պետա­րանը տա­րի մը առաջ թա­ղեցի­ներու մօտ ձկա­վաճառ­նե­րու պա­զար ըլ­լա­լով յի­շուող վայ­րը վե­րածած էր զբօ­սայ­գիի։ Պաշ­տօ­նական բաց­ման արա­րողու­թեան ներ­կայ գտնո­ւեցան Կո­րիւն Աւագ Քհնյ. Ֆա­նար­ճեան, Պա­քըր­գիւղի եւ Եէշիլ­գիւղի եկե­ղեցի­ներու թա­ղային խոր­հուրդնե­րու ատե­նապետ­նե­րը եւ հա­սարակ ժո­ղովուրդը։

Բաց­ման ճա­ռը ար­տա­սանեց Ծնունդ Սուրբ Աս­տո­ւածած­նի եկե­ղեց­ւոյ թա­ղական խոր­հուրդի ատե­նապետ Մա­րի Եան­ճը։ ան այս առ­թիւ ու­րա­խու­թիւն յայտնեց Տա­տեան անու­նի հան­դէպ ցու­ցա­բերո­ւած գնա­հատան­քին հա­մար։ Աւագ Քհնյ. Ֆե­ներ­ճեան առող­ջա­կան խնդիր­նե­րով այս մի­ջոցա­ռու­մին բա­ցակա­յող Սա­հակ Բ. Պատ­րիար­քի պատ­գա­մը փո­խան­ցեց եւ շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց քա­ղաքա­պետա­րանին։

Քա­ղաքա­պետ Քե­րիմօղ­լուն ալ նշեց, որ քա­ղաքա­պետա­րանը իր երախ­տի­քը յայտնել ու­զած է Տա­տեան ըն­տա­նիքին։ Այսպէս Վար­ժա­րանի գտնո­ւած փո­ղոցը քա­ղաքա­պետա­կան խոր­հուրդի որո­շու­մով անո­ւանո­ւած էր Տա­տեան փո­ղոց։ Սա­կայն այս կամ­քը մեր­ժո­ւած էր Իս­թանպու­լի Մայր Քա­ղաքա­պետա­րանի կող­մէ, ուր մե­ծամաս­նութիւն կը կազ­մեն իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Զար­գա­ցում ու անոր դաշ­նա­կից Ազ­գա­յին Շար­ժում Կու­սակցու­թեան ան­դամնե­րը։ «Մենք կը յա­մառինք Պա­քըր­գիւղի կամ­քը պաշտպա­նելու, որն է տէր կանգնիլ Տա­տեան անու­նին» ըսաւ Քա­ղաքա­պետ Քե­րիմօղլու։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ