Նեւրոզի համար դիմում Կրթութեան Նախարարութեան

Տիյարպե­քիրի Ուսման եւ Բա­րեփոխ­ման նա­խաձեռ­նութիւ­նը (DİERG) յա­տուկ դի­մում կա­տարեց Թուրքիոյ Կրթա­կան Նա­խարա­րու­թեան, Նեւ­րո­զը դպրոց­նե­րէ ներս պաշ­տօ­նապէս յի­շատա­կելու հա­մար։

Նա­խաձեռ­նութեան դի­մու­մին մէջ կը նշուի թէ Թուրքիոյ մէջ Նեւ­րուզ, Պարսկաս­տա­նի տա­րած­քին Նաւ­րուզ եւ քիւրտ հա­սարա­կու­թեան մօտ Նե­ւու­րօզ անո­ւանու­մով ծա­նօթ գար­նա­նամուտ խորհրդան­շող տօ­նը ամ­բողջ տա­րածաշրջա­նի մէջ կը յի­շուի մեծ ոգե­ւորու­թեամբ։

«15 կամ 20 վայրկեան տե­ւողու­թեան ծրագ­րով մը կա­րելի է այս տօ­նի իմաստն ու խոր­հուրդը փո­խան­ցել ու­սա­նող­նե­րուն։ Այսպէ­սով հա­սարա­կու­թեան մէջ յա­տուկ գի­տակ­ցութիւն կրնայ յա­ռաջա­նալ մի­մեանց մշա­կոյ­թին հան­դէպ» ըսո­ւած է Նա­խարա­րու­թեան ուղղո­ւած դի­մումնագ­րին մէջ։


Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ