Բողոքի ցոյց «Սոքար»ի դէմ

ՏԵՆԻԶ ՔԱՅԱ

Հետզհե­տէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան մը բնոյ­թը ստա­ցած Կա­զայի դէմ Իս­րա­յէլեան յար­ձա­կումնե­րէն ետք բո­ղոքի ձայ­նե­րը կը բարձրա­նան ինչպէս Թուրքիոյ, նաեւ Եւ­րո­պական քա­ղաք­նե­րու մէջ։

Թուրքիոյ մէջ Կա­զայի զօ­րակ­ցութիւ­նը յա­ճախ կը վե­րածո­ւի հա­կասե­միտ յոր­ձանքի՝ ընդգծո­ւած ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րով։ Սա­կայն քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րու որ­դեգրած այդ ար­շա­ւի կող­քին թրքա­կան նա­ւահան­գիստնե­րէ դէ­պի Իս­րա­յէլ կ՚ար­տա­ծուի բա­ցի սննդամ­թերքէ, ռազ­մա­կան նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող ամէն տե­սակ ապ­րանք։

12 Մար­տին Իս­թանպու­լի մէջ Ատրպէյ­ճա­նական «Սո­քար» ըն­կե­րու­թեան դէմ կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղոքի ցոյ­ցը այս առու­մով բա­ւական իմաս­տա­լից էր։ Ցու­ցա­րար­նե­րը կը բո­ղոքէին Ատրպէյ­ճա­նական քա­րիւ­ղի Թուրքիոյ մի­ջոցաւ Իս­րա­յէլ փո­խադ­րութիւ­նը։ Իս­րա­յէլ Ատրպէյ­ճան եւ Ղա­զախստա­նէ կը ստա­նայ 44 հա­զար տա­կառ քա­րիւղ, որ Թուրքիոյ կող­մէ կը մա­տակա­րարո­ւի Իս­րա­յէլին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ