ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇ ՊԱՇԹԸՄԱՐ
Մեհմէտ Ուզունի գիրքերը կարդալով կամ Ահմետ Քայայի երգերը լսելով իմ մէջ գոյացաւ համոզում մը՝ չափահաս մարդը երկու անգամ կ՚ապրի մանկութիւնը։ Նախ աքսորուած եւ ապա այդ աքսորէն վերադարձած շրջանին։ Այս հաստատումը անգամ մը եւս եւ աւելի տիեզերական խնդիր մը ըլլալով պարզուած է իմ դիմաց։ Ձեռքիս ունիմ Միացեալ Նահանգներու բնակիչ Գոլոմպիացի Փաթրիսիա Էնճըլի «Սահման չունեցող երկիր» անուն վէպը։
Այս գիրքը ինքնակենսագրական բնոյթ մը ունի։ Այս ալ կ՚ապացուցէ թէ ան իրաւացի է եւ ծանր կը կշռէ անոր հասարակական կողմը։ Սա յոյսի պատում մըն է, աւելի մարդավայել ապրելու եւ դոյզն իսկ աւելի հանգիստ պայմաններու տիրանալու մասին երազանքի մը պատումն է։ Բայց այդ երազանքի ետին կայ կարեւոր հարցադրում մը։ Մարդ ինչո՞ւ համար կը հարկադրուի ամենաջերմ յիշատակներով զինուած երկիրը լքելու։
Փաթրիսիա Էնճըլ ճիշդ ալ այս հարցումը կը պատասխանէ իր գրածներով։ Էջերու հոլովոյթով կը զգանք հարազատ երկրի սահմանները լքելէ ետք տիրող անորոշութիւնը, արմատախիլ ըլլալու տառապանքը։ Վերջապէս այդ երազային երջանկութիւնը ենթական դատապարտած է փախստական կեանքի մը։ Փաստաթուղթերէ զուրկ մնալը կը նշանակէ գոյութիւն չունենալ։ Մինչեւ որ ապաստանած երկիրդ քեզ չէ շնորհած իրաւացի ինքնութիւն մը, ոչինչ ես։ Չես կրնար աշխատիլ, չես կրնար բնակարան ճարել եւ հետզհետէ անդունդի կը վերածուի եկած երկրիդ եւ տուեալ պահուն գտնուած վայրիդ միջեւ առկայ հեռաւորութիւնը։
Ընտանիքի մը Գոլոմպիայէն Միացեալ Նահանգներ երկարող գաղթի պատմութիւնը նաեւ կը նկարագրէ գաղթականութեան եւ բեկանուած կեանքերու համայնապատկերը։
Գաղթը համարեա բոլոր պետութիւններու համար յաղթահարելի խնդիրներու ցանկի առաջին նիւթն է։
Կարելի է խօսիլ վէպի կառուցուածքին եւ լեզուագրական առանձնայատկութիւններուն մասին ալ։ Բայց ինծի համար աւելի կենսական նշանակութիւն ունի Փաթրիսիա Էնճըլի այս վէպը գրելուն պատճառ դարձած քաղաքական իրողութիւնները։ Վերջապէս գրականութիւնը ապստամբութիւն մըն է, որ կ՚աճի հունտերը դիմադրութեան հողերուն սերմանելով։
Փոքրով ու քիչով գոհացող մարդկանց կեանքը յանկարծակիօրէն կրնայ փոխուիլ։ Այդ փոփոխութեան ետին անհատական նախասիրութիւններու կողքին պէտք է տեսնել սեփական երկրի քաղաքական ալեկոծումները։ Մարդիկ իրենց երկրէն գաղթելու պարտադրող կարեւոր գործօն մըն է հիւրընկալ պետութեան քաղաքականութիւնը։
Վերջապէս ստորերկրեայ հարստութիւնները, քաղաքական որոշումները վտանգաւոր դարձած կառավարութիւն մը եւ շատ անգամ ալ պետութիւններուն գլխաւոր դիւրիմացութիւնը դարձած հողերը ընդլայնելու մարմաջը։
Այո, հասարակ մարդիկը թափառական դարձնողն ալ պետութիւններու գազանութիւնն է։ Անսահման երկիրը սեփական ապահովութիւնը ամրացուցած, երկիրը խնամեալ պարտէզի մը վերածած արեւմտեան պետականութիւն մը կը նկարագրէ։ Ճիշդ է, խնամեալ պարտէզ մը կայ, բայց այդ պարտէզն ալ շրջապատուած է բազում վտանգներ պարունակող անտառով մը։
Վերջապէս օր պիտի գայ եւ անտառը կուլ պիտի տայ այդ խնամեալ պարտէզը։ Ահա հասնող այդ օրը ամենածանր տանողները պիտի ըլլան իր սեփական ժողովուրդը ժողովրդավարական ու արդարամիտ գուրգուրանքով գրկելով հանդերձ դուրսը մնացողներու նկատմամբ անփոյթ վարուողները։ Անսահման երկիրը վայրի անտառէն խոյս տալով ան խնամեալ պարտէզը հասնիլ ցանկացողներու պատմութիւնն է։ Ամերիկեան գրականութեան յատուկ պարունակութիւնը կը տեսնենք նաեւ Փաթրիսիա Էնճըլի վէպին մէջ ալ։
Աւարտեմ գիրքէն մէջբերումով մը. «Թերեւս ալ ազգ կամ քաղաքացի ընկալումները անիմաստ են։ Թերեւս միայն ընտանիք եւ սէրէ մեկնելով քարտէզներու վրայ գծուած տարածքներ, այսինքն անսահման երկիր գոյութիւն ունի»։