Տօնուեցաւ Լուսաւորիչ Երգչախումբի 95-ամեակը

Սահակ Բ. Պատ­րիարք Հայ­րը 5 Մա­յիս 2024, Կի­րակի առա­ւօտ, Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եր­րորդու­թիւն Եկե­ղեց­ւոյ մէջ նա­խագա­հեց կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տարա­գին եւ Լու­սա­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի 95-ամեակին։

Ս. Պա­տարա­գը մա­տոյց Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ եւ դա­սու պա­տուոյ ան­դամնե­րէն՝ Արժ. Տ. Գրի­գոր Աւ. Քհնյ. Տա­մատեան։ Ս. Սե­ղանին սպա­սար­կե­ցին սար­կա­ւագ­ներ, կի­սասար­կա­ւագ­ներ եւ ու­րա­րակիր­ներ։ Եր­գե­ցողու­թիւննե­րը կա­տարե­ցին Լու­սա­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի ան­դամնե­րը, ղե­կավա­րու­թեամբ Յա­կոբ Մա­միկո­նեանի եւ եր­գե­հոնա­հարու­թեամբ Սի­րուն Սի­րու­նեանի։ Ներ­կայ էր Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց Քա­րոզիչ եւ Դպրաց Դա­սի Նա­խագահ՝ Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վրդ. Տա­մատեան, ինչպէս նաեւ Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց Երէց Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չնա­րեան։ Արա­րողու­թեան մաս­նակցե­ցան նաեւ Սեւ Ծո­վեան Տնտե­սական Հա­մագոր­ծակցու­թեան Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան մշտա­կան ներ­կա­յացու­ցիչ Նա­յիրի Պետ­րո­սեան, քոյր դպրաց դա­սերէ ան­դամներ, Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց Թա­ղային Խոր­հուրդի ան­դամնե­րը եւ երգչա­խումբի հա­մակիր­նե­րը։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տարա­գի՝ Հոգշ. Տ. Յա­րու­թիւն Վար­դա­պետ կար­դաց Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր օրհնու­թեան գի­րը, ուղղեալ Լու­սա­ւորիչ Դպրաց Դաս Երգչա­խումբի բազ­մա­վաս­տակ վա­րիչ Յա­կոբ Մա­միկո­նեանի։ Մեր Հո­գեւոր Պե­տը, իր խօս­քե­րուն մէջ կ՚ող­ջունէր երգչա­խումբի 95-ամեակը եւ կը շեշ­տէր վեր­ջին երե­սուն տա­րինե­րու ըն­թացքին Յա­կոբ Մա­միկո­նեանի գլխա­ւորու­թեամբ երգչա­խումբին յա­ջոր­դա­կանու­թիւնը։

Ապա Նո­րին Ամե­նապա­տուու­թիւնը կի­սասար­կա­ւագու­թեան կարգ շնոր­հեց Պէ­յօղ­լո­ւի Ս. Եկե­ղեցեաց սպա­սաւոր­նե­րէն Սե­ւան Տէ­յիր­մէնճեան եւ Ար­դար Պաղ­ճը ու­րա­րակիր դպիր­նե­րուն, իսկ ու­րար կրե­լու ար­տօ­նու­թիւն շնոր­հեց Վի­չէն Դպիր Պիթ­լիսլեանին։

Եկե­ղեցա­կան արա­րողու­թեանց աւար­տին, Նա­րեկեան Սրա­հին մէջ սար­քուեցաւ սի­րոյ սե­ղան, նա­խագա­հու­թեամբ Ամեն. Ս. Պատ­րիարք Հօր։ Այս փու­լին միացաւ նաեւ Հայ Կա­թողի­կէ Առաջ­նորդա­կան Փո­խանորդ Գերպ. Տ. Վար­դան Ծ. Վրդ. Գա­զան­ճեանը։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ