Թարգմանչացի աշակերտներու այցելութիւնը

6Մայիս եր­­կուշաբ­­թի օր «Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­տուն այ­­ցե­­­լեցին Օր­­թա­­­գիւ­­ղի Թարգման­­չաց Վար­­ժա­­­րանի Է. դա­­սարա­­նի աշա­­կերտնե­­րը՝ գլխա­­ւորու­­թեամբ ու­­սուցչու­­հի Թա­­լին Չոր­­թան Կա­­րիփ­­կիւլի։

«Ակօս»ի խմբագ­­րա­­­պետ Եդո­­ւարդ Տան­­ձի­­­կեան հիւր աշա­­կերտնե­­րուն հա­­կիրճ բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ թեր­­թի հիմ­­նադրու­­թեան շրջա­­նին եւ որ­­դեգրած առա­­քելու­­թեան մա­­սին։ Նկա­­րագ­­րեց աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին օրուայ եռու­­զե­­­ռը եւ դի­­մագ­­րա­­­ւած մար­­տահրա­­ւէր­­նե­­­րը։

Հա­­յերէն էջե­­րու խմբա­­գիր Բագ­­րատ Էս­­դուգեան, լու­­սանկա­­րիչ Պերճ Արա­­պեան եւ պա­­տաս­­խա­­­նատու տնօ­­րէն Իշ­­խան Էր­­տինչ եւս բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւին իրենց տա­­րած գոր­­ծունէու­­թեան մա­­սին եւ պա­­տաս­­խա­­­նեցին աշա­­կերտնե­­րու բազ­­մաբնոյթ հար­­ցումնե­րուն։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ