Քաղաքիս մէջ հետզհետէ սեպտեմբերեան աւանդոյթ մըն է ամէն տարի 15 Սեպտեմբերին, այլ խօսքով Հրանդ Տինքի ծննդին, իր անունով նշուող մրցանակատուչութիւնը։
Այս տարի 16-րդ անգամ Հրանդ Տինքի անուան մրցանակներ կը շնորհուին մէկը Թուրքիայէն եւ մէկն ալ երկրագունդի տարբեր մէկ անկիւնէն մարդու իրաւունքներու պաշտպան , խօսքի ազատութեան համար իր սեփական կեանքը վտանգող անհատի մը կամ կազմակերպութեան։
Վերջին քանի մը տարիներուն միջոցառումը կայացած էր առցանց դրութեամբ։ Այս տարի Հրանդ Տինք Հիմնարկը վերադարձած է իր նախապէս օգտագործած դահլիճը՝ Ճեմալ Ռէշիտ Ռէյ համերգասրահը։
Այս տարի ալ մրցանակատուչութեան հանդէսի պահուն ներկաներ պիտի ըմբոշխնեն նաեւ երաժշտական ծրագիր մը։
Միջոցառումը նոյն օր ժամը 20.00-էն սկսեալ կենդանի հաղորդումով պիտի սփռուի Հրանդ Տինք Հիմնարկի կայքէջէն, «Դիմատետրի», «X», «ԵուԹուպի» եւ «Ինսթեկրամ»ի հաշիւներէն։