Իսրայէլի Պաղէստինի ժողովուրդի դէմ աւելի քան 11 ամիսներէ ի վեր շարունակուող ցեղասպան յարձակումները հետզհետէ կը ծաւալին Միջին Արեւելքի այլ երկիրներուն։ Նաթանիահուի կառավարութիւնը ներքին դժգոհութիւններն ալ ճնշելու համար թափ կու տայ զինուորական գործողութիւններուն։ Արդէն մինչեւ այսօր աւելի քան 40 հազար քաղաքացիներու մահուան պատճառ դարձած յարձակումները Իրանէ ետք սկսած են թիրախաւորել Լիբանանի տարածքները։ Ռմբակոծուած շրջաններու բնակչութիւնը խուճապահար կերպով կը գաղթէ աւելի ապահով վայրեր։
Երբ նիւթը կը վերաբերի Լիբանանի աշխարհասփիւռ հայութիւնն ալ ուշի ուշով կը հետեւի զարգացումներուն։ Լիբանանահայ մամուլի կարեւոր թերթերէն «Ազդակ»ի խմբագիր Շահան Գանտահարեալ «Արմենփրես»ի թղթակցին կը յայտնէ թէ բախումները բաւական հեռու են քաղաքի հայաբնակ թաղերէն, բայց երկրին տիրող մթնոլորտը թէ՛ տնտեսապէս եւ թէ ընկերային առումով հետեւանքներ կ՚ունենայ տեղւոյն հայութեան վրայ։
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը 24 Սեպտեմբեր երեքշաբթի օր հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով ցարդ արձանագրուած են առաւել քան 560 զոհեր եւ մօտաւորապէս 2000 վիրաւորներ։ Զոհերուն շուրջ 100-ը կիներ եւ մանուկներ են։
«Հիզպուլլահ»ի եւ Իսրայէլի կողմէ փոխադարձ ռմբակոծումները շարունակուեցան Երեքշաբթի օր։ «Հիզպուլլահ»ի թիրախներէն էին՝ Հայֆայի մէջ իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան համալիր մը, հիւսիսային զօրամասի պահեստի կեդրոնատեղին, Գալիլիոյ զօրախումբի պահեստազօրի ռազմակայանը եւ «Ամիտատ» ռազմակայանը։
Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաա հովիտին մէջ թիրախներու կողքին, իսրայէլեան ռմբաձիգները հարուածեցին նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պիր Ապըտ շրջանը։ Հարուածին թիրախը «Հիզպուլլահ»ի հրամանատարներէն Մուհամմատ Քուպայսին էր։
Կացութեան կտրուկ վատթարացման լոյսին տակ, Լիբանան հաստատուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերը իրենց բոլոր քաղաքային պաշտօնեաներուն կոչ ուղղեցին՝ իրենց ընտանիքներուն հետ Լիթանի գետէն հիւսիս ապահով վայրեր ուղղուելու։
Միւս կողմէ Եօթներու խմբակը Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի 79-րդ նիստի ծիրէն ներս իր գումարած ժողովի ընթացքին իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեցին, որ «արարքներն ու փոխադարձ արարքները միայն բռնարարքի այս վտանգաւոր ոլորապտոյտը պիտի բարդացնեն եւ ամբողջ Միջին Արեւելքը ներքաշեն աւելի լայն ծիրի շրջանային տագնապի մէջ` անկէ բխող անկանխատեսելի հետեւանքներով»։
Անոնք իրենց հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեցին նաեւ կասեցնելու ներկայ քանդիչ շրջանակը։
Տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններ արդէն իսկ հեռացած են հարաւային Լիբանանէն։
Այս ու հանդերձ Սուրիան բացած է սահմանները Լիբանանէն հեռացողներուն համար, որոնք Իսրայէլի բուռն օդային հարուածներու հետեւանքով կը հեռանան իրենց բնակավայրերէն։ Այս մասին յայտնած է լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի շարժման թելեկրամեան ալիքը։
Մերձաւոր Արեւելեան վերջին զարգացումներուն մասին մեր սիրելի բարեկամ «Արեւելք» լրատուականի խմբագիր Սագօ Արեան իր դիմատետրի էջին վրայ գրի առած է հետեւեալ տողերը։
«Հիզպուլլահը 25 Սեպտեմբեր երեքշաբթի օր բացաւ զարգացումներու «Պորսա»ի հաշիւը հարուածելով Իսրայէլի մայրաքաղաք Թէլ Աւիւը։
Այս բոլորէն ետք Նաթանիահու յետաձգած է Նիւ Եորք այսօր նախատեսուած ճամբորդութիւն»ը։
Նոյն օր Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան ՄԱԿ-ի ամբիոնէն ահազանգ հնչեցուց Իսրայէլի դաժանութիւններուն դիմաց տքնած Պաղէստինի բնակչութեան զօրակցելու համար։